ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՈՒ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Հաւատացելոց Պատարագ ըսուած մասը ե՞րբ եւ ի՞նչ ձեւով կը սկսի:

Պատասխան. Հաւատմաքէն ետք սարկաւագը ժողովուրդին կը քարոզէ ու կը խրատէ, որպէսզի հաւատքով Աստուծմէ խնդրեն իրենց մեղքերուն թողութիւն եւ ամէն տեսակի շնորհք ու ողորմութիւն, այս խօսքերով.

Եւ եւս հաւատով աղաչեսցուք եւ խնդրեսցուք ի Տեառնէ Աստուծոյ եւ ի Փրկչէն մերմէ Յիսուսէ Քրիստոսէ ի ժամուս պաշտաման եւ աղօթից, զի արժանի ընդունելութեան արասցէ, լուիցէ ձայնի աղաչանաց մերոց, ընկալցի զխնդրուածս սրտից մերոց, թողցէ զյանցանս մեր, ողորմեսցի ի վերայ մեր: Աղօթք մեր եւ խնդրուածք յամենայն ժամ մտցեն առաջի մեծի Տէրութեան Նորա: Եւ Նա տացէ մեզ միաբան միով հաւատով եւ արդարութեամբ վաստակիլ ի գործս բարիս: Զի զողորմութեան զշնորհս Իւր արասցէ ի վերայ մեր. Տէրն ամենակալ կեցուսցէ եւ ողորմեսցի:

Դարձեալ հաւատքով աղաչենք ու աղօթենք մեր Տիրոջ, Աստուծոյ եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսին պատարագի այս ժամուան ընթաքին, որ արժանի համարէ մեր աղօթքը ընդունել, եւ մեր աղաչանքներու ձայնին մտիկ ընէ, մեր սրտանց ըրած պաղատանքները լսէ, մեր մեղքերուն թողութիւն տայ, գթայ ու ողորմէ մեզի: Մեր աղօթքն ու խնդրուածքները ամէն ժամանակ Անոր մեծ Տէրութեան առջեւ ելլեն եւ Ան մեզի տայ միաբանական հոգիով, մի միայն հաւատքով եւ արդար վարք անցնելով աշխատիլ բարի գործերու. այնպէս որ Իր ողորմութեան շնորհքները անպակաս ընէ մեր վրայէն ամենակալն Աստուած, ու Ինք փրկէ մեզ ու ողորմէ մեզի:

Հ. Այս ընթացքին քահանան ի՞նչ աղօթք կ՚ընէ:

Պ. «Տէր մեր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոս» աղօթքը, որով Աստուծոյ շնորհքն ու ողորմութիւնը կը խնդրէ, յիշելով մեր Տիրոջ Քրիստոսի չարչարանքները եւ Սուրբ Հոգիին գալստեան առատ պարգեւները, որ օրուան այս միջոցին, այսինքն՝ կէսօրուան մօտ կամ կէսօրէն երկու-երեք ժամ առաջ պարգեւուեցան կ՚ըսէ:

Տէր մեր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոս, որ մեծդ ես ողորմութեամբ եւ առատ պարգեւօք բարերարութեան Քո: Որ Դու Քոյին կամաւ ի ժամուս յայսմիկ համբերեցեր չարչարանաց եւ մահու յաղագս մեղաց մերոց եւ պարգեւեցեր առատապէս զպարգեւս Հոգւոյդ Սրբոյ երանելի առաքելոցն. հաղորդս արա՛ եւ զմեզ, Տէր, աղաչեմք զՔեզ, աստուածային պարգեւացդ. թողութեան մեղաց եւ ընդունելութեան Հոգւոյդ Սրբոյ:

Տէր մեր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոս, Քու ողորմութիւն մեծ է եւ բարերարութեանդ պարգեւները առատ են: Դուն, որ Քու կամքովդ այս ժամուս՝ մեր մեղքերուն համար համբերեցիր չարչարանքներուն եւ մահուան, ու առատապէս Սուրբ Հոգիիդ պարգեւները պարգեւեցիր երանելի առաքեալներուն, կ՚աղաչենք Քեզի Տէր, մասնակից դարձուր նաեւ մեզ աստուածային պարգեւներուդ, այսինքն՝ մեղքերու թողութեան եւ Սուրբ Հոգիդ ընդունելու:

Ապա, աղօթքին վերջին հատուածը ձայնով կ՚ըսէ.

Որպէսզի արժանաւորք եղիցուք գոհութեամբ փառաւորել զՔեզ ընդ Հօր եւ Սուրբ Հոգւոյդ, այժմ...:

Որպէսզի արժանի ըլլանք գոհանալով փառաւորել Քեզ՝ Քրիստոս, Հօր եւ Սուրբ Հոգիին հետ միասին, այժմ...:

Եւ ժողովուրդին խաղաղութիւն տալէն ետք այլ աղօթքով մը Քրիստոսի խաղաղութիւնը կը խնդրէ բոլորին համար.

Խաղաղութեամբ Քով Քրիստոս Փրկիչ մեր, որ ի վեր է քան զամենայն միտս եւ զբանս. ամրացո՛ զմեզ եւ աներկիւղ պահեա՛ յամենայն չարէ. հաւասարեա՛ զմեզ ընդ ճշմարիտ երկրպագուս Քո, որք հոգւով եւ ճշմարտութեամբ Քեզ երկիրպագանեն. վասն զի Ամենասուրբ Երրորդութեանդ վայել է փառք, իշխանութիւն եւ պատիւ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:

Քրիստոս Փրկիչ մեր, Քու այն խաղաղութեամբդ, որ ամէն խելքէ ու խօսքէ վեր է, հաստատէ՛ մեզ ու անվախ պահպանէ ամէն տեսակի չարչարանքներէ. հաւասարեցո՛ւր մեզ այն Քեզի ճշմարիտ երկրպագութիւն ընողներուն, որոնք հոգիով եւ ճշմարտութեամբ կը պաշտեն Քեզ. որովհետեւ Քու Ամենասուրբ Երրորդութեանդ կը վայելէ փառք, իշխանութիւն եւ պատիւ, այժմ եւ...:

Ապա, կ՚ըսէ. «Օրհնեալ Տէր մեր Յիսուս Քրիստոս», ու սարկաւագին խնդրանքով կը դառնայ ու կ՚օրհնէ ժողովուրդը, ըսելով. «Տէր Աստուած օրհնեսցէ զամենեսեանդ»: Ժողովուրդն ալ երեսը խաչակնքելով օրհնութիւնը կ՚ընդունի ու կ՚ըսէ. «Ամէն»:

ՎԵՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ

Հ. Ի՞նչ է վերաբերութիւնը:

Պ. Անցեալին ամբողջ ժողովուրդը, այսինքն եկեղեցականներն ու աշխարհականները, տղամարդիկ ու կիներ, այս ընթացքին թափօրով հաց ու գինի կը բերէին, ընծայարան ըսուած սեղանին վրայ կը դնէին. քահանան այս ընթացքին այդ ընծաները կ՚ընդունէր, ապա անոնց մէկ կտորը Սուրբ Սեղանին համար կ՚առնէր, կը սրբագործէր ի մարմին եւ յարիւն Քրիստոսի, որմէ կը հաղորդուէին արժանաւորները. իսկ չհաղորդուողներուն կը բաժնուէին այն ընծաներու մնացած կտրոները՝ Պատարագի աւարտին, որպէսզի անոնք եւս կերպով մը մասնակից համարուին Սուրբ Սեղանին:

Յետագային, Եկեղեցին ամէն տեղ այս արարողութիւնը թեթեւցուց, ու մեր ազգին մէջ սովորութիւն դարձաւ՝ միայն սրբագործելի նշխարն ու գինին թափօրապէս ժողովուրդին մէջէն անցնելով, եւ կամ Սեղանին ետեւէն պտըտցնելով՝ պատիւով վերաբերել ու տանիլ եւ քահանային տալ, որ խնկարկութեամբ կ՚ընդունի ու սեղանին վրայ կը դնէ: Այս արարողութիւնը երբեմն աւելի հանդիսաւորութեամբ կը կատարուի ու երբեմն ալ համառօտ:

Հ. Դպիրները այս ընթացքին ի՞նչ կ՚երգեն:

Պ. Սարկաւագը նախ կը քարոզէ դպիրներուն, որպէսզի քաղցր ձայնով ու ջերմեռանդութեամբ հոգեւոր երգեր, այսինքն՝ սաղմոս, մեղեդի եւ ուրիշ սրտաշարժ տաղեր երգեն. «Սաղմոս ասացէք Տեառն Աստուծոյ մերում, դպիրք, ձայնիւ քաղցրութեամբ, զերգս հոգեւորս». դպիրներն ալ Սրբասացութիւն կոչուած երգերէն մէկը կ՚երգեն, ըստ աւուր պատշաճի:

Հ. Երգեցողութիւնը, այսինքն եկեղեցական պաշտամանց մէջ երգով բան ըսելը ուրկէ՞ եկած է, ի՞նչ խորհուրդ ունի եւ ինչպէ՞ս պէտք է ըլլայ:

Պ. Երգեցողութիւնը միշտ ալ եղած է Եկեղեցւոյ մէջ, թէ հին օրինաց ժամանակ եւ թէ քրիստոնէութեան, իբրեւ բնական եւ սրտաշարժ զարդ եւ արարողութիւն աստուածային պաշտամանց. պէտք է անպատճառ ազգային եղանականերով ու կանոնաւոր կերպով ըլլայ, վայելուչ հանդարտութեամբ ու քաղցր ձայնով, ինչպէս որ Սուրբ Հայրերը եւս միշտ կը թելադրեն:

Հ. Հանդիսաւոր վերաբերութիւնը ինչպէ՞ս կը կատարեն:

Պ. Հանդիսաւոր պատարագներու ընթացքին կատարուած վերաբերութեան արարողութիւնը այսպէս է. երբ քահանան կ՚ըսէ. «Տէր Աստուած օրհնեսցէ զամենեսեանդ», սարկաւագը կ՚երգէ. «Սաղմոս ասացէք»ը, եւ դպրիները Սրբասացութիւնը՝ ոտքի վրայ կանգնած: Այնուհետեւ սրկաւագը կ՚ըսէ.

Մի՛ ոք յերախայից, մի՛ ոք ի թերահաւատից, եւ մի՛ ոք յապաշխարողաց եւ յանմաքրից մերձեսցի յաստուածային խորհուրդս:

Թող երախանաերէն (այսինքն՝ դեռ չկնքուած քրիստոնեաներէն), թերահաւատներէն եւ ապաշխարողներէն ու անմաքուր՝ անսուրբ մեղաւորներն ո՛չ մէկը մօտենայ այս աստուածային Խորհուրդին:

Դպիրները կը պատասխանեն.

Մարմին տէրունական եւ արիւն փրկչական, կայ առաջի, երկնային զօրութիւնքն յաներեւոյթս երգեն եւ ասեն անհանգիստ բարբառով. Սո՜ւրբ, Սո՜ւրբ, Սո՜ւրբ, Տէր զօրութեանց:

Կը հաւատանք, որ մեր Փրկիչին Տէրունական Մարմինը եւ փրկական Արիւնը Սեղանին վրայ է, ուստի երկնային զօրութիւնները (հրեշտակները) աներեւոյթ կերպով կ՚երգեն ու անդադար ձայնով կ՚ըսեն. Սուրբ, Սուրբ, Սուրբ Տէր զօրութեանց:

Ապա խնկարկելով Ընծայարանին դիմաց կ՚երթան ու սարկաւագը սաղմոսին այս տունը կ՚ըսէ.

Յարեւո եհար զխորան Իւր, եւ Ինքն որպէս փեսայ՝ զի ելանէ յառագաստէ իւրմէ:

Իր Խորանը (վրանը) արեւուն մէջ դրաւ, եւ Ինք՝ Իր առագաստէն ելող փեսայի մը կը նմանի:

Դպիրները.

Եւ ցնծայ Նա որպէ հսկայ չընթանալ զճանապարհս Իւր:

Եւ Իր ճանապարհէն գացած ատեն հսկայի մը կը նմանի:

Սարկաւագը կը սկսի եւ դպիրները առաջ կը տանին, կտոր-կտոր երգելով, այս հին ու փառաւոր երգը, որ յունարենէ թարգմանուած է.

Որք զքրովբէիցն խորհրդաբար կերպարանիմք. եւ կենդանարար Երրորդութեանն զերեքսրբեան օրհնութիւնս մատուցանեմք. զամենայն զկենցաղականս ի բաց դնելով զգործս. որպէս զի զԹագաւորն ամենեցուն ընդունիցիմք. եւ զհրեշտակացն հանդիսապէս ընծայեալ բերեմք զկարգ:

Մենք, որ քերոբէներուն խորհուրդը կը կատարենք եւ կենդարար Երրորդութեան երեքսրբեան օրհնութիւնը կը մատուցենք, Սուրբ, Սուրբ, Սուրբ ըսելով, աշխարհային բոլոր գործերու զբաղումները մէկդի կը դնենք, որպէսզի թագաւորներուն Թագաւորը ընդունինք, եւ հրեշտակներուն կարգաւորութիւնը հանդիսապէս կատարենք:

Սարկաւագը ընծաները վերցուցած, եւ միւս սարկաւագը առջեւէն խնկարկելով, երբ ուղիղ դէպի արեւելք կը հասնին, սկիհը բռնած սարկաւագը կ՚ըսէ. «Ճանապարհ արարէք այնմիկ, որ նստի յերկինս երկնից ընդ արեւելս». - ճանապարհ բացէք Անոր, որ երկինքներուն երկինքը՝ դէպի արեւելք կը բնակի:

Դպիրները կ՚երգեն.

«Եւ կենդանարար Երրորդութեանն», եւ այլն:

Յետոյ դէպի հարաւ կու գան ու սարաւագը այս սաղմոսը կ՚ըսէ.

Աստուած ի հարաւոր եկեսցէ եւ Սուրբն ի Փառան լեռնէ:

Աստուած հարաւէն պիտի գայ եւ Սուրբը (փրկիչը)՝ Փառան լեռնէն:

Դպիրները.

Զամենայն զկենցաղականս ի բաց դնելով զգործս:

Իսկ երբ Խորանին աստիճանին մօտ կու գայ, սարկաւագը հանդարտ ձայնով կ՚ըսէ.

Համբարձէ՛ք, իշխանք, զդրունս ձեր ի վեր, համբարձցին դրունք յաւիտենից, եւ մտցէ Թագաւոր փառաց:

Ո՜վ իշխանութիւնք երկնից, վեր վերցուցէք ձեր դռները, վերնան յաւիտենից դռներն, որ փառաց Թագաւորը երկնիք մտնէ:

Քահանան խնկարկելով կը հարցնէ.

Ո՞վ է Սա, Թագաւոր փառաց, Տէր հզօր զօրութեամբ Իւրով, Տէր կարող ի պատերազմի:

Ո՞վ է այս փառաց Թագաւորը, այս հզօր եւ զօրաւոր Տէրը, այս պատերազմի մէջ յաղթական տէրը:

Դպիրները. «Որպէս զի զԹագաւորն ամենեցուն ընդունիցիմք»:

Սարկաւագը. «Համբարձէք իշխանք...», եւ այլն:

Քահանան. «Ո՞վ է սա թագաւոր փառաց եւ Տէր զօրութեանց»:

Դպիրները. «Եւ զհրեշտակացն հանդիսապէս ընծայեալ բերեմք զկարգ»:

Սարկաւագը. «Սա Ի՛նքն է Թագաւոր փառաց»:

Այդ ատեն քահանան սկիհին ծածկոյթը կը համբուրէ ու սարկաւագին ձեռքէն կ՚առնէ, անով ժողովուրդին վրայ կը խաչակնքէ ու կ՚ըսէ. «Օրհնեալ եկեալ անուամբ Տեառն»:

Դպիրները. «Ալէլուիա»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 8

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 2, 2020