ՀԱՅ ՉԾՆԱԾ ՀԱՅԸ՝ ԱՐՑԱԽԻ ՄԱՍԻՆ

Հայաստանի ճատրակի հաւաքականի յառաջատար կրոսմայսթըր Լեւոն Արոնեան օրերս կորսնցուց իր կողակիցը՝ Արիանա Քաոիլին։ Փիլիպպեաններու ծագումով աւստրալացի Արիանան պարզապէս սիրահարած էր Հայաստանի հող ու ջուրին, ամէն մէկ անկիւնին։ Առիթով մը ան ըսծ էր, թէ կ՚ամուսնանայ ոչ թէ Լեւոնի, այլ Հայաստանի հետ։

Արիանան մեծ ակնածանքով կը խօսէր նաեւ Արցախի մասին։ Արցախի հանդէպ Արիանայի սէրն այնքան մեծ էր, որ թուղթին յանձնած էր իր առաջին այցէն ստացած զգացումներն ու տպաւորութինները։

*

Պահ մը, երբ ինքնաշարժը կ՚իջնէ լեռնալանջի ասֆալթով, կամ կիրճի գլուխով անցնող ոլորանով՝ անսպասելի, անակնկալ կերպով մը, առանց զգուշացումի՝ Ղարաբաղը կը ներխուժէ քու տարածք: Այդ ակնթարթը միայն պատահականօրէն կրնայ համընկնիլ «Ազատ Արցախը ողջունում է ձեզ» ցուցանակի յայտնուելով: Ան որեւէ կապակցութիւն չունի գծուած ու չգծուած, ճանչցուած ու չճանչցուած սահմաններու հետ:

Արցախը կը սկսի այնտեղ, ուր ձեռքիդ ափը զգուշօրէն կուրծքիդ դնելուդ պէս, յանկարծ կը զգաս արցախեան ոգիի ծփանքը:

Զարմանալի հանգստութիւն ունի իր մէջ սա երկիրը: Այն կը սկսի անոր ժայռոտ գագաթներուն ու լեռներու անտառածածկ մարմիններու մէջ, կը տարածուի խոնաւ դաշտերու կանաչ բերրիութեան մէջ, կը թանձրանայ անոր քաղցր թթաստաններու մէջ ու կ՚ամբարուի ճիւղերն արմատներու պէս՝ երկինքները խրած պտղաբեր պարտէզներու մէջ: Այդ հանգստութեան մէջ երբեւէ չերեւալով ամբողջութեամբ, աննկատ, անորսալի շարժումներով, օձի պէս հանգիստ ու վտանգաւոր, իւր լոգանքը կ՚ընդունի պատերազմի մառախուղը: Դուն գիտես՝ կը բաւէ անզգոյշ շարժում մը եւ այդ փափուկ օձը ակնթարթօրէն պիտի վերածուի պողպատէ շառաչուն հանդերձանքով վիշապի մը, ու մառախուղը պիտի դառնայ քարեղէն…

Սա պատերազմը, անոր ծնունդ տուող, անոր շուրջ ծաւալուող քաղաքական ու տնտեսական իրողութիւնները կը վերլուծեն գրեթէ բոլորը: Ասոնք, անշուշտ գործնական ու կարեւոր վերլուծութիւններ են: Սակայն ինծի համար այս ամէնուն մէջ ամենակարեւորը ոգին է: Ստիպուած եմ նորէն կրկնել՝ ես ռոմանթիք «ախցիկ» մը չեմ, ես խիստ փրակմաթիք մարդ մըն եմ՝ ճատրակ խաղացող, տնտեսագէտ-վերլուծաբան։ Կ՚ըսեմ, թէ սա պատերազմի մէջ ամենազարմանալին, յաղթանակի ամենալուրջ գրաւականը՝ մեր անխոցելի, չսպառող առաւելութիւնը՝ ոգին է:

Իւրաքանչիւր արցախցի գիտէ, որ պատերազմը արթուն է, նոյնիսկ եթէ ոչ մէկ կրակոց կայ, եւ ինքն ալ արթուն է ու պատրաստ: Իսկ արհաւիրքի ամենաթէժ պահուն ան կ՚ապրի անբացատրելի, տարօրինակ ոգեւորութիւն մը, զոր սահմանակից է, թող խորթ չհնչէ՝ երջանկութեան. ողջ ըլլալու երջանկութեան, յաղթելու երջանկութեան, իրենց ծնողները, եղբայրները, զաւակները՝ անպարտելի, հզօր տեսնելու երջանկութեան: Ես լաւ կը  հասկնամ սա զգացողութիւնը, որու աղբիւրն, ի դէպ, ճշգրտօրէն ու հիանալի ձեւակերպած է իմ կուռքերէն՝ Մարթին Լուտըր Քինկը. «Եթէ կեանքիդ մէջ  չես գտած բան մը, որու համար կարելի է մեռնիլ, ապա ի՜նչ արժէք ունի քու կեանքը»:

Երկար, յոգնեցուցիչ, բացառիկ լեցուն աշխատանքային օրը աւարտած էր այլեւս ու մենք կ՚երթայինք մարտունեցի Առուստամեան Նաիրիենց տուն՝ խորոված ուտելու: Նաիրին՝ խնդումներես, ծիծաղկոտ Նաիրին, որուն մտերիմները «Նաիրիկ» կ՚ըսեն, որ տակաւին պատանի, անչափահաս հասակին մասնակցած էր ղարաբաղեան առաջին պատերազմին:

Մարտունիի հերոսական «Երրորդ պաշտպանականի» հին ու նոր տղաները, որոնք այսօր ալ կը շարունակեն ապրիլ իրենց առասպելական հրամանատար Աւոյի՝ Մոնթէ Մելքոնեանի կենդանի գոյութեան հետ: Մենք՝ Արցախի ոգիով արբած…

Սեղան կը նստինք Նաիրիկենց տունը: Այն նոյն տանը, որու նկուղին մէջ առաջին պատերազմի օրերուն հրետակոծութենէն պաշտպանուելու նպատակաւ ապաստան էին գտած Նաիրիկի հայրն ու մայրը, իրենց դրացիներուն հետ: Հրթիռի արկը մտած էր տան պարիսպի դարպասով, ապա նկուղի դուռով ու սպաննած՝ այնտեղ պատսպարուած ինն հոգին ալ. տանտէրերը՝ Նաիրիկի ծնողքն ու անոնց դրացիները։ Տան միակ արու զաւակը՝ տակաւին անչափահաս Նաիրին այդ ժամանակ մարտի դաշտի մէջ էր, քանի մը քիլօմեթր անդին:

Մենք կը վայելենք ուրախ ու աշխոյժ զրոյցը, մենք կը վայելենք ղարաբաղեան հիանալի խորովածը ու կը հնչէ իմ հեռաձայնը.

-Հը, ինչպէ՞ս է Արցախը,- հեռուներէն կու գայ Լեւոնի ձայնը…

Ես.

-Կ՚ուզեմ մեր առաջին զաւակը կնքենք Մոնթէ անունով, ի՞նչ կ՚ըսես:

Սիրով՝ ձեր Արիանա

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Ապրիլ 2, 2020