ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
Խորհո՛ւրդ մըն է յաւիտենականութիւնը։ Ո՜վ կրցած է յաւիտենականութեան մէկ չնչին կոտորակը հաշուել։ Ամենէն կատարելագործուած համակարգիչները, ամենէն հանճարեղ եւ տիտղոսաւոր գիտնականները, իրենց ամբողջ հնարքը գործածելով յաւիտենականութեան ովկիանոսին մէկ կաթիլ ջուրն իսկ չեն կրցած համրել։
Ի՞նչ է այս խորհուրդին բանալին։
Եւ ահա մեզի կը ներկայացուի այս Խորհուրդին լուծման բանալին, կը հրամցուի ո՛չ թէ իմաստուններուն եւ հանճարեղներուն, այլ համայն մարդկութեան, հասարակ, պարզ եւ համեստ մարդոց, քանի որ «Աստուած ընտրեց այն՝ ինչ որ այս աշխարհը յիմար կը սեպէ, անով իմաստունները ամօթով ձգելու համար, ընտրեց այն՝ ինչ որ այս աշխարհը տկար կը համարէ, անով հզօրները ամչցնելու համար, եւ ընտրեց այն՝ ինչ որ այս աշխարհը անարժէք, արհամարհելի եւ ոչնչութիւն կը նկատէ, անով ոչնչացնելու համար այս աշխարհի մեծութիւնները։ Եւ ասիկա՝ որպէսզի ոեւէ մարդ չպարծենայ Աստուծոյ առջեւ…» (Ա ԿՈՐՆԹ. Ա 27-29)։
Եւ այս Խորհուրդին բանալին՝ հաւա՛տքն է։ Հաւա՛տքն է որ պիտի փրկէ եւ Ճշմարտութեան պիտի առաջնորդէ մարդկութիւնը։
«Որովհետեւ, Աստուած ա՛յնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ Իր միածին Որդին աշխարհ ղրկեց՝ ո՛չ թէ որպէսզի աշխարհը դատապարտէ, այլ որպէսզի աշխարհը փրկէ» (ՅՈՎՀ. Գ 16-17)։
«Որովհետեւ Աստուած ա՛յնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ Իր միածին Որդին տուաւ, որպէսզի Անոր հաւատացողը չկորսուի, այլ յաւիտենական կեանք ունենայ» (ՅՈՎՀ. Գ 16)։
Հաւատքո՛վ է որ մարդ յաղթական կ՚ապրի, հաւա՛տքով է որ ան հիւանդութիւններէ կը բժշկուի, եւ եթէ «մանանեխի հատիկի չափ հաւատք ունենայ մարդ» նոյնիսկ կրնայ լերան չափ ծանրութիւնները իր վրայէն մէկդի գլորել։
Արդարեւ, հաւա՛տքն է որ մարդուս ապրելու ուժ կու տայ, իր աչքերը կը հեռացնէ այս աշխարհէն եւ յաւիտենական տան ցանկալ կու տայ։
Հաւա՛տքն է որ յոյսի լոյսին՝ երջանկութեան ակնկալել կու տայ մարդուն, իր շըր-թունքներուն վկայութեան խօսք կը դնէ, իր ծունկերը կը զօրացնէ։ Մարդս աղօթքի կը մղէ եւ այդ աղօթքին պատասխանին ակնկալել կու տայ։
Ուստի, հաւատքի պտուղը խաղաղութիւն է։
Մեզմէ կ՚ակնկալուի որ հաւատքի քայլը առնենք եւ առանց տարակուսելու, առանց երկմտելու հաւատանք։
Առանց տարակուսելու, առանց երկմտելու հաւատալու որպէս պատասխան՝ «Խաղաղութեան Իշխան»ին՝ Յիսուս Քրիստոսի վարձատրութիւնը մարդուն, խաղաղութի՛ւն է։ Փոթորիկներու մէջ խաղաղութի՜ւն, դժբախտութեան, նեղութեան, անգործութեան եւ անշարժութեան, հիւանդութեան, ձախողութեան ատեն՝ խաղաղութի՛ւն…։
Խաղաղութիւն՝ երբ սուրբ փափաքներ ունի մարդ եւ «Չար»ը՝ Սատանան ամէն ջանք կը թափէ որ անոնք չիրականանան… խաղաղութիւն՝ երբ չեն հասկնար կամ կ՚անտեսեն մարդս, երբ սուտ տեղը կ՚ամբաստանեն… խաղաղութիւն՝ երբ կ՚անարգուին կամ «ոտքի կոխան» կ՚ըլլան մարդիկ, խաղաղութիւն՝ երբ մարդուս չորս դին մշուշ կայ՝ անորոշութեան մէջ է…։
Եւ երբ հորիզոնը մթագնած է՝ ահա՛ մարդուս առջեւ Իր լուսաւոր դէմքով կը կանգնի «Խաղաղութեան Իշխան»ը՝ Տէր Յիսուս։
«Անոր խաղաղութեանը սահման չկայ», կ՚ըսէ Եսայի. (ԵՍ. Թ 7)։
Յովհաննէս կը վկայէ Խաղաղութեան Իշխանին կատարած հանգամանօրէն յայտարարութեան. «Խաղաղութիւն կը թողում ձեզի. իմ խաղաղութիւնս է որ կու տամ ձեզի, որ այս աշխարհի տուած խաղաղութենէն տարբեր է» (ՅՈՎՀ. ԺԴ 27)։
Եւ Յիսուս կը շարունակէ. «Ասոնք խօսեցայ ձեզի, որպէսզի ինձմով խաղաղութիւն ունենաք։ Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին» (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։
Իսկ Պօղոս առաքեալ Եփեսացիներուն գրած իր նամակին մէջ փորձառաբար սապէս կը գրէ. «Ան է մեր հաշտարարը» (ԵՓԵՍ. Բ 14)։
Եւ դարձեալ Պօղոս առաքեալ Փիլիպպեցիներուն գրած նամակին մէջ կը գրէ. «… եւ այն ատեն Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ միտքով կարելի չէ հասկնալ, խաղաղ պիտի պահէ ձեր սիրտերն ու միտքերը, որոնք Քրիստոս Յիսուսի միացած են» (ՓԻԼ. Դ 7), այսինքն՝ Աստուծոյ խաղաղութիւնը որ ամէն մտքէ վեր է, մեր սրտերուն մէջ թագաւորէ։
Եւ ահաւասիկ, Բեթլեհէմի հովիւներուն՝ հրեշտակի վստահեցուցիչ խօսքերը. «Մի՛ վախնաք, ձեզի աւետիս պիտի տամ, որ ամբողջ ժողովուրդին մեծ ուրախութիւն պիտի պատճառէ» (ՂՈՒԿ. Բ 10)։ Եւ այս աւետիսը կը շարունակուի տակաւին եւ պիտի շարունակուի մինչեւ վերջ։
Ոսկի, կնդրուկ եւ զմուռս…
Ոսկին՝ կը խորհրդանշէ Յիսուսի «Թագաւոր» ըլլալը, կնդրուկը՝ Իր «Աստուծոյ Որդի» ըլլալը, եւ զմուռսը՝ Իր չարչարուող «Փրկիչ» ըլլալը։
Մարդկային հոգեւոր կեանքին մէջ ոսկին՝ մարդուս մաքուր եւ փայլուն կեանքն է՝ որ պէտք է նուէր տանք մարմնացեալ Աստուծոյն. կնդրուկը՝ անուշաբոյր Պատարագն է մեր կեանքին՝ որ ներկայիս որպէս փառաբանութիւն պէտք է բարձրանայ մեր խօսքերով եւ գործերով, եւ վերջապէս, զմուռսը մեր սիրոյն յաւիտենական ըլլալն է առ Յիսուս։
Եւ դարձեալ Պօղոս առաքեալ Կորնթացիներուն գրած երկրորդ նամակին մէջ Մակեդոնացիներուն մասին կը վկայէ սապէս. «Ես կը վկայեմ, թէ կամաւոր կերպով տուին՝ իրենց կրցածին չափ եւ նոյնիսկ իրենց կարելիութենէն աւելի» (Բ ԿՈՐՆԹ. Ը 3), եւ կը շարունակէ. «Մեր ակնկալածէն շատ աւելին ըրին. նախ՝ իրենք զիրենք յանձնեցին Տիրոջ, եւ ապա՝ Աստուծոյ կամքով՝ նաեւ մեզի» (Բ ԿՈՐՆԹ. Ը 5)։
Յիսուս գերագոյն նուէ՛րն է որ երկինքէն մեզի տրուեցաւ…։ Բայց հարցը սա է. մենք ի՞նչ նուէր կու տանք Իրեն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 22, 2020, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024