ՎԱՐԱԿԸ, ԺԱՄԱՑՈՅՑԻՍ ՍԼԱՔՆԵՐԸ ԵՒ... ԱՆՁԿՈՒԹԻՒՆԸ
Երեւանի Քիեւեան փողոցը այսպէս դատարկ չէ եղած։ Յաճախ վիճակը կիրակի օրերը կը յիշեցնէ, սակայն ամէն պարագայի բոլորիս համար երեւելի է, որ օրերը նոյնը չեն։
Ալ երկուշաբթի օրուան հեւքը չկայ, երբ մահէն յարութիւն առնող մարմնով աշխատանքի կը վազենք, մեզմէ բաժին մը տան սենեակներուն, պահարաններուն, այդ պահարանի դարակներուն մէջ թողլով ու վազելով հանդիպումի մը, որ ինչ-ինչ պատճառներու բերումով պիտի յետաձգուի, իր հետ սպաննելով օրուան ամբողջ սպասումը։
Երկուշաբթի օր, մեզմէ շատեր անձկութեան մը թիրախը կը դառնան։ Մեծ շարժակի մը պէս, որ կանգ առած է, ստիպուած է այդ կանգառումը, որպէսզի յետոյ նորէն լարէ իր դնդերը, իւղէ իր մկանները ու նորէն շարժի, նորէն քալէ, նորէն սպասէ ու այդ սպասումին մէջ նորէն ապրի։
Բոլոր երկուշաբթիները նոյնն են ու անոնք հասարակաց կարմիր գիծով մը մեզ կը տանին կեանքի նոր փուլի մը, նոր էջի մը, նոր սպասումի մը, որ կրնայ յանկարծ ջնջուիլ ու չեղարկուիլ։
Մեր թռիչքները կ՚ուշանան... իսկ այս օրերուն բոլորս տեղ մը կեցած-սառած, տակաւին մեզմէ շատեր պատուհանի ետին կանգնած կը սպասենք յոյսի մը առագաստին, զերթ նաւ մը, որ մեզ այս սպասումէն, այս անիմաստ կարծուած ժամանակէն դուրս հանէ, տանի հեռու տեղ մը, որ հիմա չկայ, տանի տեղ մը նետէ, ուր մեր թեւերը պիտի պարզենք ու ապրինք դաշն ու բարի։
Չէի ուզեր, երբեք այս սառած վիճակին մէջ գրել, գրականութիւն հասցնելու փորձեր ընել, բայց անհնար է առանց պահ մը կանգ առնելու ճիշդ գնահատել դրութիւնը եւ մանաւանդ Քիեւեան փողոցին վրայ ճեմելու ելլել։
Կը յիշեմ Անթիլիասի մայրավանքի մեծ եւ պատմակերտ բակը, ամէն առիթի, երբ Անթիլիաս կը հասնէի, կը սպասէի, որ մեր սիրելի միաբան հայրերը աւարտելէ ետք իրենց կէսօրուան ճաշը, դուրս գան ճեմելու։
Այնտեղ կը նետէինք մեր առաջին քայլերը, ու մեզի համար ինչքա՜ն ձրի-արկած էր կեանքը ու ինչքան դատարկ էր ժամանակը։
Անսահմանին մէջ ապրելու անհոգութիւնը մէկ կողմէ, միւս կողմէ ալ աշխարհը անպայման փոխելու «սխրանք»ը, ձեւով մը մերժողականութիւնը մեզ կը դարձնէին աւելի խենթ։
Չէինք հասկնար, թէ մեր դաստակին եղած ժամացոյցի սլաքներուն երթը անդառնալի է, կը հաւատայինք, կամ առնուազն կ՚ուզէինք հաւատալ, որ ժամանակը սիրաբանութեան մտած է մեզի հետ ու մենք լեզու կը հանենք աշխարհին։
Մեզմէ շատեր աւելի ուշ փոխուեցան, մեզմէ շատ-շատեր հասկցան, որ ինչու մեր միաբանները ճաշի դադարին պիտի նախընտրեն երկար-բարակ քալել եւ լեցնել փորձել Անթիլիասի բակին ամբողջ տարածութիւնը։ Տակաւին քիչեր, պիտի ընկալէին, որ լոյսերու մէջ հանգչող Արտաւազդ Սրբազանը, ինչո՛ւ այդքան սակաւակեր էր, ինչո՛ւ կը նախընտրէր լռութեան մէջ անցընել իր մենութեան ժամերը եւ ինչու Շահան Պէրպէրեանի ոգեղէն արժէքներուն կը փարէր։
Այս բոլորը մեզմէ քիչեր միայն հասկցան, մեզմէ քիչ-քիչ քալեցին ու դեռ ալ կը քալեն, մեզմէ քիչեր ալ կը շարունակեն կեանքի իրենց պայքարը, առանց տեղի տալու, կամ տատանելու իրենց գաղափարական մեծ աշխարհին մէջ, իսկ միւս շատերը, անոնք որ շատերու դասուն մէջ էին նստած, հանգիստ ու ապահով լքեցին նաւը ճամբորդութեան ու հեռացան իրենց ինքնութենէն։
Ուրիշ դարձան, օտար դարձան, այլ դարձան...
Չեմ մեղադրեր, երեւի այդպէս ալ պիտի ըլլար, իսկ անոնք, որոնք իմ նման իրենց դաստակին վրայ եղած ժամացոյցին զարկերուն ուղղութիւնը չէին հասկնար, հիմա կարծես կը մաքառին այդ ժամացոյցի սլաքներուն ուղղութիւնը պահելու համար։
Քալելու համար, առողջ ըլլալու համար, աշխարհը եւ կեանքը սիրելու համար, Երեւանի գեղեցիկ սրճարաններուն մէջ իմպիրով լաւ թէյ մը վայելելու համար, Վահան Թէքէեանի «Երկու դրախտներ»ը կարդալու համար, կամ նորէն ու նորէն Մեծն Տիար Քասիմի «Օրուան մտածումները» թերթելու համար… կեանքը ապրելու, լիարժէք ապրելու այս «մոլուցք»ին մէջ մեզմէ շատ շատեր, կը մոռնային աղօթքը, աղօթելու ուժը եւ լոյսին ու Աստուծոյ փառք տալու ունակութիւնը։
Տակաւին շատեր պիտի սպասէին, որ իրենց այգիներու ծիրանենիները ծաղկին, որպէսզի շնչեն գարնան առաջին բոյրը եւ պատրաստեն ամառնային արձակուրդներու ճամպրուկները։
Այս բոլորը կը կատարուէին մեծ խճողումներու մէջէն, երբ մարդկային անդադրում հոսքը եւ կեանքի բոլոր երկուշաբթիները պիտի հալածեն մեր վիրաւոր ու նեղուած հոգիները, որոնք միայն ու միայն ազատութիւն կը տենչան։
Հիմա այդ ազատութեան պահն է, կարծես, վարակը ամէն տեղ մտած է ու կը հալածէ մեր եսը, մեր ինքնութիւնը, ժամանակի սլաքներու լեզուն չհասկցած մեր փոքրիկ եսերը, մեր անունը, անգամ մեր ստորագրութիւնը, որ պիտի դրուի սպիտակ թերթի մը վրայ, որ կրնայ նոյնպէս վարակին «զոհ»ը դառնալ...
Այս բոլորը կարծես ցոյց տուին, թէ ինչքան փոքր ենք բոլորս, ինչքան նօսր ենք, ինչքան նուաղած ենք եւ ինչքան անօգնական ենք աշխարհին առջեւ։
Աշխարհս, որուն համար կ՚արժէ այսօր աղօթել, եւ աշխարհս, որ տասնութ տարեկան տղու նման դեռ երէկ մոռցած էր իր դաստակին վրայ եղած ժամացոյցի սլաքներուն նայիլ, պահ մը լռելը մոռցած, սիրելը մոռցած էր, աղօթելը մոռցած էր ու մանաւանդ մոռցած էր ապրիլը...
Այսօր այդ աշխարհին օրն է, դարձի պէս վիճակ մը կարծեմ ու երեւցող կանգառներուն միջեւ մեծ տարածութիւններ կան...
Ճիշդ է, որ տխուր է իմ Պէյրութը, տխուր է իմ սիրելին՝ Պոլիսը, սեւ է հագած մեր Հռոմը ու լռած է կեանքով լեցուն Նիւ Եորքը...։
Աշխարհը յուսամ, նորէն պիտի ծնի, ապրելու համար այս անգամ ու մանաւանդ սիրելու։
Առողջ եղէք։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան