ՊԱՄ, ԵՐԵՒԱՆ, ՊԱՄ (2)

Քնացեր էր Զանան։

Պայծառ, աստղազարդ երկնքէն մայրաբար իրեն կը նայէր մահիկը սպիտակ, դէմքը կը շոյէր։ Քար լռութիւն էր դուրսը, Պամը խոր քուն կը քաշէր։

Կէս գիշերը մի քանի ժամ ետեւ մնացած էր արդէն, երբ յանկարծ, վերը՝ տանիքը, իրարանցում մը սկսաւ։

Աղաւնիներն էին. անյայտ բանէ մը անհանգիստ՝ կը թռուըրային, կը թափահարէին թեւերն իրենց, երթալէն աւելի ուժգին, երթալէն աւելի աղմկոտ։ Շան ոռնոցի մը հետ բացաւ աչքերը Զանան։ Ի՞նչ էր։ Արտասովոր բան մը կար։ Շան ոռնոցը շուտով դարձաւ երկու, դարձաւ չորս, սկսաւ արձագանգներ գտնել թաղի, նոյնիսկ քաղաքի աւելի հեռաւոր մասերէն. տեղանքի բոլո՛ր շուները կարծես զարթնած ըլլային։

Զանան վեր թռաւ տեղէն։ Գո՞ղ կար վերը։ Պահարանէն հանեց գաւազանը, քալեց դէպի միջանցք. հասաւ տան դրան, բացաւ զայն դուրս գալու համար։ Մեծ մայրն էր արթուն միայն. նայեցաւ իրեն՝ արտասովոր վախուորած աչքերով։ Դուրս ելաւ բակ, նայուածքը ուղղեց վեր՝ տանիք. բան չտեսաւ։ Հաջոցները կը շարունակուէին։ Մատներուն վրայ զգուշօրէն մէկ առ մէկ բարձրացաւ սանդուխները տանիքին, մինչեւ տեղ մը, ուրկէ սկսեալ կարելի էր յստակ տեսնել ամէն ինչ։ Եւ ի՞նչ։ Մարդ չկար։ Տանիքը մնացեր էր այնպէս, ինչպէս ձգած էր ինք զայն։ Փակ ու կղպուած էր վանդակը։

Աղաւնիները անհանգիստ էին սակայն։ Մօտեցաւ վանդակին, նայեցաւ ներս, ձեռքը քսեց ճաղերուն, սկսաւ բաներ մը շշնջալ, հարցնել թէ ի՞նչ կար, ինչո՞ւ լարուած էին անոնք։ Անօգուտ։ Շուները աւելի ուժգին սկսան հաջել ահա։ Վազեց դէպի պատ-բազրիքը տանիքին, նայեցաւ քաղաքին, միջնաբերդի դիմաստուերին, որ... յանկարծ... շարժիլ սկսաւ։

Ու շարժիլ սկսաւ ամէն ինչ, ամէն բան. քաղաքը ամբողջ։ Կարծես ճչացին աղաւնիները ետեւէն, շան ոռնոցները սաստկացան, մարդկային աղաղակներ եկան անմիջապէս ձայնակցելու անոնց։ Զանան հասկցաւ։ Տակը բան մը բացուիլ, դատարկուիլ սկսաւ. տանիքը փուլ կու գար։ Ձեռքը նետեց, երկարեց պատին. չհասաւ։ Լսեց մօր ճիչը վարէն։

Տանիքը փլաւ, կուլ տուաւ մարմինը Զանային։

Լուսնի լոյսին տակ փոշիի ամպեր բարձրացան Պամէն վեր, դէպի երկինք։ Զանայենց տան վրայ ալ ամպ մը կար։ Դուրս եկան անկէ, ահա, աղաւնիներ մէկիկ մէկիկ. լուսնի ճերմակը առին իրենց վրայ։

Շարժը կանգ առաւ. ձայները լռեցին։

Պամի շուները ողբալ սկսան։

ԵՐԱՄ

•(շարունակելի)

Ուրբաթ, Ապրիլ 3, 2020