ՈՐՊԷՍ ՕՐԻՆԱԿ՝ ՍՊԱՆԱԿԱՆ ԿՐԻՓ

Հանրածաւալ «յեղափոխութեան» ենթարկուած Երկիր մոլորակի իւրաքանչիւր բնակիչը կը պայքարի յաղթանակ տօնելու համար քորոնա կոչուած անտեսանելի թշնամիին դէմ։ Մարդիկ այլեւս կը ջանան միասնական ըլլալ համաճարակը յաղթահարելու եւ զուգահեռաբար անոր վերջ տալու ձգտումին մէջ։

Ժահրի յայտնաբերման առաջին իսկ օրէն առնուած նախազգուշական միջոցները բաւարար չեղան՝ կանխելու համար հիւանդութեան համաճարակի բնոյթ ստանալը։ Խուճապի եւ անորոշութեան գետին ստեղծած այս համաճարակը կանխելու առաջադրութեամբ բազում երկիրներու մէջ արդէն ձեռնարկուած են կանխարգելիչ միջոցառումներ, որոնցմէ մին է ընկերային մեկուսացումը։ Ըստ առողջապահական համակարգի մասնագէտներու կողմէ տրուած յորդորներուն, մեկուսացումը եւ ընկերային հեռաւորութիւնը պահելը անհրաժեշտ է համաճարակի զանազան հետեւանքները հակակշռի տակ առնելու տեսակէտէ։

Մարդկութիւնը պատմութեան մէջ դիմագրաւած է բազամաթիւ համաճարակներ եւ եթէ ուսումնասիրենք համաճարակներու պատմութիւնը, անպայման կ՚անդրադառնանք, թէ անոնք նաեւ փորձառութեան պատմութիւններ են։ 

Գրեթէ դար մը առաջ աշխարհ դիմագաւած է ամենաաղէտալի հարբուխի համաճարակը համարուող «սպանական կրիփ»ը։ Միլիոնաւոր մարդու կեանք խլող համաճարակը մարդկութեան պատմութեան էջերուն արձանագրուած է՝ որպէս ամենամահացու աղէտներէն մին։ 

1918 թուականին, Առաջին աշխարհամարտի վերջին ամիսներուն սկսաւ տարածուիլ հիւանդութիւնը եւ արագօրէն շրջապատեց ամբողջ աշխարհը։ Զուգահեռաբար, հիւանդութիւնը ստացաւ համաճարակի բնոյթ եւ կարճ ժամանակամիջոցի ընթացքին համաճարակէ մահացածներու թիւը գերազանցեց պատերազմի զոհերու թիւը։ Հիւանդութեան զոհը դարձաւ այդ թուականներու բնակչութեան 5 տոկոսը կազմող 50-100 միլիոն մարդ, իսկ բնակչութեան 29.5 տոկոսին համեմատող 500 միլիոն մարդ վարակուած էր այս հիւանդութենէ։ 

Պատմական եւ այդ ժամանակաշրջանի վիճակագրական տուեալները բաւարար չեն համաճարակի ծագումը ճշգրտօրէն պարզելու համար։ Այս պատճառով, կը համարուի, թէ համաճարակի զարգացման ու տարածման նպաստած է պատերազմի ոչ-առողջապահական պայմանները, վատ սնունդը, մարդաշատ ռազմական եւ փախստականներու ճամբարները…

Առաջին աշխարհամարտի ոգին պահպանելու առաջադրութեամբ՝ հիւանդներու եւ մահացութեան դէպքերու տուեալներու հրապարակումը սահմանափակուած էին Գերմանիոյ, Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Իսկ Սպանիոյ մէջ թերթերը ազատօրէն կը փաստէին տուեալներու մասին, այս պատճառով ալ ստեղծուած էր սխալ պատկերացում, թէ Սպանիան համաճարակէ ամենատուժած երկիրն է։ Հետեւաբար հիւանդութիւնը անուանած են՝ «սպանական կրիփ»։

Հետաքրքրական է, թէ թոյլ դիմադրողականութիւն ունեցող երեխաներու եւ տարեցներու բաղդատմամբ, ուժեղ դիմադրողական համակարգ ունեցող երիտասարդ չափահասներու մօտ հիւանդութեան տոկալու ու անոր յաջորդող բացասական հետեւանքները աւելի շատ էին։ Այս պատճառով, ցած դիմադրողականութիւն ունեցողներու մահացութեան մակարդակը առաւել նուազ էր։ 

Տուեալ ժամանակահատուածին, հիւանդութեան բազմապատկիչ ազդեցութիւնը նուազեցնելու համար ներդրուած նախազգուշական միջոցներէն մին էր ընկերային մեկուսացումը։ Ըստ հետազօտութիւններու, մեկուսացումը անհրաժեշտ պայմաններէն մին է հիւանդութեան մը տարածման առաջքը առնելու ճանապարհին։ Անշուշտ եղած են նաեւ իրավիճակը լուրջի չառնողներ։ Ընկերային մեկուսացման ցուցմունքներու նոյնիսկ տարիներով երկարաձգուիլը հիւանդութեան տարածումը ագիլելու միակ միջոցներէն եղած է։

Թէեւ համաճարակի մը ոչնչացման միակ միջոցը ընկերային մեկուսացումը չէ անշուշտ, սակայն անանտեսելի է այն իրողութիւնը, թէ ցուցմունքներու հնազանդիլը մեծ քանակութեամբ նուազեցուցած է համաճարակի մը տարածումը եւ անոր բացասական հետեւանքները։

Ընդհանուր առմամբ, կ՚երեւի, թէ ներկայ թէժ պահուն կարգ մը երկիրներ կը շարունակեն կրկնել այն ինչ, որ ցաւօք տեղի կ՚ունենայ համաճարակէ ամենատուժած երկիրներու մէջ։ Չվտանգենք մեր եւ մեր հարազատներու առողջութիւնը եւ հնազանդինք ձեռք առնուած բոլոր նախազգուշական պայմաններուն։ Հեռու մնանք շփումէ, որովհետեւ վարակեալներ շփումի պատճառով դարձած են հիւանդութեան մը «սակաւապետութեան» զոհերը։

ՊԻԱՆ­ՔԱ ՍԱ­ՐԸԱՍ­ԼԱՆ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 6, 2020