ԿԼԵՆՏԷՅԼԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ՇՐՋԱՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գալիֆորնիա նահանգին մէջ, Լոս Անճելըս քաղաքի հայաշատ շրջաններէն Կլենտէյլի քաղաքապետարանէն ներս պաշտօնապէս գործի ձեռնադրեցին երեք անդամներ։ Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ» օրաթերթի հաղորդումներով, 31 մարտի երեկոյեան, համացանցային կապով կատարուած երդման արարողութենէն վերջ, պաշտօնապէս Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ դարձան Փոլա Տիվայն, Արտաշէս Քասախեան եւ Տենիըլ Պրոտմըն։ Երդման արարողութեան հովանաւորն էր Գալիֆորնիոյ նահանգային ծերակոյտի անդամներէն Էնթընի Փորթանթինօ։

Փոլա Տիվայն եւ Արտաշէս Քասախեան պիտի պաշտօնավարեն չորս տարի։ Իսկ Տենեիլ Պրոտմըն պիտի ունենայ երկու տարուան պաշտօնավարութեան շրջան մը։ Արդարեւ, ան կը փոխարինէ Զարեհ Սինանեանը, որ այժմ Հայաստանի սփիւռքի գործերու գծով գլխաւոր յանձնակատարն է։

Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի միւս անդամներն են՝ քաղաքապետ Արա Նաճարեան եւ Վրէժ Աղաճանեան։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 7, 2020