ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Ե.

Դարձեալ տնօրինութեան համար կ՚ըսէ.

ԹԷ ՈՐԴԻՆ ԴԱՏԱՒՈՐ Է

Եւ թէ ինչո՞ւ համար Հայրը չի՛ դատեր, այլ՝ Որդին:

Կ՚ըսենք, տասը պատճառով.

Նախ՝ որովհետեւ դատաստանը իմաստութեամբ կ՚ըլլայ, եւ Քրիստոս Հօր Աստուծոյ զօրութիւնն ու իմաստութիւնն է՝ ըստ Առաքեալին (հմմտ. Ա. Կր 1.24):

Երկրորդ՝ որովհետեւ Որդին Աւետարանը Նորին մէջ տուաւ, իսկ օրէնքները՝ Հինին, ըստ որում. «Աստուծոյ Բանն է» (Յհ 1.1), այդ պատճառով Որդին կը դատէ:

Երրորդ՝ ասով Իր Աստուածութիւնը կը ցուցնէ, որովհետեւ բոլոր մարգարէները ըսին, թէ Աստուած է Դատաւորը, ըստ այնմ. «Աստուած՝ Դատաւոր արդար» (Սղ 7.12), եւ թէ՝ Դուն իւրաքանչիւրին կը հատուցես անոնց գործերը:

Չորրորդ՝ մարգարէներուն գրուածները պէտք է կատարել, որովհետեւ դիւրին է երկինքին ու երկիրին անցնիլը, քան՝ օրէնքներուն ու մարգարէներունը, իսկ Դաւիթ Որդիին դատաւորութեան մասին կ՚ըսէ. «Ո՛վ Աստուած, Քու իրաւունքներդ թագաւորին տուր ու արդարութիւնդ՝ թագաւորին որդիին: Անիկա արդարութիւնով պիտի դատէ Քու ժողովուրդդ» (Սղ 72.1-2), իսկ Դանիէլը Հինաւուրցը տեսաւ, եւ որովհետեւ Որդիին տուաւ ազգերը դատելու [իրաւունքը] (հմմտ. Դն 7.13-14):

Հինգերորդ՝ որովհետեւ Հայրը անտեսանելի ու անմարմին է, նոյնպէս ալ Հոգին, պարտ էր Որդիին մարմնաւորները դատել մարմինով երեւնալուն համար, որովհետեւ փորձած էր ու կրնար փորձանաւորներուն օգնական ըլլալ:

Վեցերորդ՝ որովհետեւ Որդին մարդ եղաւ եւ ամէն բաներով անցաւ՝ բացի մեղքերէն, պարտ էր Որդիին դատաւոր ըլլալ եւ հատուցել մարդոց ըստ գործերուն, հաւատացեալներուն ու անհաւատներուն:

Եօթներորդ՝ որովհետեւ որ զԻնք խաչեցին, այդ ատեն տեսան ու գիտակցեցան, թէ աստուածասպաններ եղան, ըստ այնմ. «Նայեցան Անոր՝ որուն խոցեցին» (Յհ 19.37):

Ութերորդ՝ որովհետեւ վկաները Քրիստոսի համար արիւն հեղեցին ու տանջանքներ կրեցին, պարտ էր Քրիստոսը դատել ու պսակել զանոնք:

Իններորդ՝ որպէսզի քրիստոնեաները ուրախ ըլլան, երբ տեսնեն զԻնք մարդոց գործերուն վրայ դատաւոր ու վրէժխնդիր եղած, ապա պարտաւոր է, որ Ան մեզ զրկողներուն դատաստան կատարէ, որովհետեւ «Ի՛մս է վրէժխնդրութիւնը» (հմմտ. Եր 50.15: Հռ 12.19: Եբր 10.30), կ՚ըսէ Տէրը:

Տասներորդ՝ որովհետեւ Քրիստոսն է մեր գլուխը, իսկ մենք՝ անդամները, պարտ է, որպէսզի Ա՛ն ըլլայ մեզի Դատաւոր, եւ մենք զիրար չդատենք, այլ՝ սիրենք, ինչպէս մեր անձերը:

Այսքանը այս մասին:

Խօսք. «Որպէսզի բոլորն ալ պատուեն Որդին» (Յհ 5.23):

Մեկնութիւն. Ասով յայտնապէս Ինքզինքին Աստուած ըսաւ, որովհետեւ բոլոր արարածները այդպէս պատուելի չեն՝ ինչպէս Աստուած, եւ թէ Քրիստոս Հօր հետ հաւասար Աստուած է, այդ պատճառով Հօր պատիւը ունի:

Ասիկա համաձայնութենէն:

Կ՚ըսէ նաեւ ժխտումէն. ով որ Որդին չի՛ պատուեր, Հայրն ալ չի՛ պատուեր, իսկ եթէ գործերու օրինակ կը խնդրես, բազմաթիւ են. նախ՝ ինչպէս լոյսը եւ օդը լուսաւրուած որպէս մէկ կը ներգործեն: Երկրորդ՝ ինչպէս աչքերուն լոյսն ու արտաքինը մէ՛կ տեսութիւն կը գործէ: Երրորդ՝ ինչպէս հրացած երկաթը այրելը կը գործէ: Չորրորդ՝ ինչպէս հոգին ու մարմինը մէ՛կ գործ կ՚ընեն:

Եւ այլ բազմաթիւ բաներ, որպէս գործիքն ու արուեստաւորը մէ՛կ գործ կ՚ընեն, թէեւ օրինակները ճշմարտութենէն օտար են:

Այսքանը այս մասին:

ՏԻՐՈՋ ՎԿԱՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Եթէ Իմ անձիս մասին վկայողը Ե՛ս ըլլայի, այդ վկայութիւնը կրնայիք չընդունիլ [կամ կրնար ճշմարիտ չըլլալ]» (Յհ 5.31):

Մեկնութիւն. Երկու պարագայով տարակուսելի է, որովհետեւ եթէ ճշմարիտ չէ, ինչպէս Ինք ըսաւ, ի՞նչ կ՚ըլլայ, որ նախքան այս ըսաւ, թէ Իր անձը Հօր հաւասար է եւ Ինքզինք յարուցիչ ու դատաւոր, եւ այլն ըսաւ: Իսկ թէ ճշմարիտ է, ինչպէ՞ս հիմա կ՚ըսէ, թէ՝ ճշմարիտ չէ, որ քաւ լիցի սուտ խօսիլ:

Պատասխան. Ինչպէս Աբրահամին ըսաւ, թէ՝ «հիմա գիտցայ, թէ երկիւղ ունիս Աստուծոյ նկատմամբ» (տե՛ս Ծն 22.12): Այս օրինակը տարակուսելի է,  որովհետեւ եթէ նախապէս գիտէր, ինչպէ՞ս կ՚ըսէր՝ «հիմա գիտցայ, թէ երկիւղ ունիս Աստուծոյ նկատմամբ», այսինքն՝ գիտցայ, եւ եթէ չէր գիտեր մինչեւ իր որդիին զենումը, ապա ինչպէ՞ս Աստուած է, որովհետեւ Աստուած կանխագէտ է: Այլ այս է, թէ Ան նախապէս գիտէր, սակայն ի դէմս աշխարհին կ՚ըսէր ասիկա,  որովհետեւ հիմա բոլորն ալ ճանչցան անոր աստուածպաշտութիւնը,  նոյնն ալ ասիկա ի դէմս հրեաներուն կարծեցին թէ ըսաւ:

Երեք տեսութիւն կայ. նախ՝ ի դիմաց հրեաներուն, անոնց ենթադրութիւնը կը յայտնէ, որոնք կ՚ըսէին, թէ Դուն Քու անձիդ մասին կը վկայես, ու Քու տուած վկայութիւնդ ճշմարիտ չէ: Երկրորդ՝ ի դէմս աշխարհի, թէ երկու կամ երեք վկաներով թող հաստատուի ամէն բան: Երրորդ՝ թէպէտ Ես միայն կը վկայեմ, կ՚ըսէ, ճշմարիտ է, այլ՝ ինչպէս դուք թերահաւատ միտքով կը խորհիք, որովհետեւ ո՛չ ուսուցուածը եւ ոչ ալ հրաշքները նկատի կ՚ունենաք, այլ՝ միայն կ՚ըսէք թէ վկայութիւնը ճշմարիտ չէ:

Խօսք. «Սակայն իմ մասիս ուրիշն է, որ կը վկայէ» (Յհ 5.32):

Մեկնութիւն. Այսինքն՝ Յովհաննէսը: Չորս բանէ կ՚երեւի Քրիստոսի համար եղած վկայութիւնը. նախ՝ Յովհաննէս Մկրտիչին: Երկրորդ՝ Քրիստոսի հրաշքները: Երրորդ՝ Հօր վկայութիւնն ու Հոգիին էջքը: Չորրորդ՝ մարգարէներէն գրուածները:

Հօր վկայութիւնը երեք է. նախ՝ Յորդանանի մէջ. երկրորդ՝ Թաբօրի վրայ. երրորդ՝ խաչելութեան ժամանակ:

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

Խօսք. «Եւ գիտէք, թէ ճշմարիտ է» (տե՛ս Յհ 5.32):

Մեկնութիւն. Այսինքն՝ Անոր վկայութիւնը Իմ մասիս:

Յայտնի է չորս բանէ. նախ՝ որովհետեւ անապատ ելաւ փնտռելու համար զինք ու անկէ մկրտուիլ: Երկրորդ՝ վարքի սրբութեան պատճառովվ ճշմարիտ վկայութիւն կու տայ: Երրորդ՝ որովհետեւ Զաքարիան Հոգիով մարգարէացաւ. «Տիրոջ առջեւէն պիտի երթաս՝ ժողովուրդին փրկութեան գիտութիւնը տալու համար», եւ փրկութեան վկայութիւն անհրաժեշտ է, որպէսզի ճշմարիտ ըլլայ: Չորրորդ՝ որովհետեւ Եսային կ՚ըսէ. «Անապատին մէջ աղաղակողին ձայնը, Տիրոջ ճանապարհը պատրաստեցէք» (Ես 40.3), եւ այլն, իսկ Մաղաքիան. «Իմ հրեշտակս Քու առջեւէդ ղրկեցի» (հմմտ. Մղ 3.1):

Հետեւաբար, անոր վկայութիւնը ճշմարիտ է:

Խօսք. «Դուք մարդ ղրկեցիք Յովհաննէսին» (Յհ 5.33): 

Մեկնութիւն. Այն է, որ քահանաներն ու ղեւտացիները գացին Յովհաննէսին մօտ, ու ան Ճշմարտութեան մասին վկայեց, այսինքն՝ Քրիստոսի,  վկայելով, թէ Յիսուսն էր Քրիստոսը, ու ինքն իր մասին ուրանալով՝ ըսաւ. «Ես Քրիստոսը չեմ» (տե՛ս Յհ 1.20), եւ այլն:

Գիտելի է, թէ չորս տեսակի մարդոց վկայութիւնը ընդունելի է ու ճշմարիտ, ու ասիկա կը տեսնուի Յովհաննէսի մօտ. Նախ՝ թէ յայտնի սուրբ ըլլայ, իսկ Յովհաննէսը ո՛չ կ՚ուտէր եւ ո՛չ ալ կը խմէր: Երկրորդ՝ վկայուած ըլլայ, իսկ Յովհաննէսի մասին մարգարէները կը վկայեն: Երրորդ՝ թէ նախ հարցաքննեն վկան, ինչպէսը անոնք հարցաքննեցին Յովհաննէսը: Չորրորդ՝ թէ ուրիշէ մը վկայուի, ինչպէս Յովհաննէսը Քրիստոսէն:

Ապա յայտնի է, թէ ո՛չ վկայուածը եւ անսուրբը եւ առանց վկային հարցնելու, ու ան որ ինքն իր մասին կը վկայէ, անընդունելի է:

Խօսք. «Բայց Ես պէտք չունիմ մարդու մը կողմէ տրուած վկայութեան» (Յհ 5.34):

Մեկնութիւն. Իր բնութեան մեծութիւնը կը ցուցնէ, ըսելով, թէ՝ Ես Յովհաննէսի վկայութիւնը կ՚առնեմ, ո՛չ թէ Անոր վկայութիւնը զիս կը մեծցնէ, կամ մարդու մը վկայութեան կարօտ եմ, այլ՝ ձեր փրկութեան համար, որպէսզի դուք վկայութիւնը ընդունիք եւ անով փրկուիք դատաստանէն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 47

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 7, 2020