ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԻՒՆԱԴԱՐՁԸ
Առաւօտ կանուխ, երբ տակաւին բոլորը իրենց տեղերուն մէջ կը քնանային հանգստանալով նախորդ օրուան յոգնութենէն, խումբ մը կիներ սակայն, գլխաւորութեամբ Մարիամ Մագդաղենացիին, Յովհաննային ու Յակոբոսի մօր՝ Մարիամին, նախքան արեւուն ծագիլը, թախծոտ դէմքերով ու արտասուալից աչքերով կը շտապէին դէպի գերեզմաններ, ուր երեք օր առաջ ժայռափոր նոր գերեզմանի մը մէջ թաղած էին իրենց ա՛յնքան Սիրելի Վարդապետը: Կը շտապէին, որպէսզի ըստ իրենց ազգային աւանդութեանց պարտն ու պատշաճը կատարէին: Ճանապարհին, անոնք մտորումներու մէջ էին, թէ արդեօք ո՞վ պիտի բանար իրենց գերեզմանին դուռը, որը հսկայ ժայռ մըն էր: Անդին, իրենց միտքը կը չարչրկէր զիրենք, որովհետեւ տակաւին չէին կրնար հասկնալ կատարուածը, չէին կրնար ըմբռնել անցնող մէկ շաբթուան ընթացքին կատարուած դէպքերուն այսքան շուտ զարգացումը:
Անոնց միտքէն չէր երթար մանաւանդ այն հանգամանքը, թէ գրեթէ մէկ շաբաթ առաջ այդ առաւօտէն, իրենք մասնակիցն ու ականատեսը եղած էին իրենց Վարդապետին Երուսաղէմ յաղթական մուտքին: Տեսած էին, թէ ժողովուրդը ի՜նչ մեծ ուրախութեամբ, յարգանքով ու պատիւով դիմաւորած ու ընդունած էր զԻնք: Տեսած էին թէ ժողովուրդէն շատեր իրենց վերարկուները հանելով փռած էին Անոր դիմաց, ուրիշներ ծառերէն ոստեր կտրելով տարածած էին Անոր անցնելիք ճամբէն: Լսած էին իրենց ականջներով, թէ ժողովուրդը ինչպէս կ՚աղաղկէր՝
«Օրհնութի՜ւն Դաւիթի Որդիին,
Օրհնեալ է Ան՝ որ կու գայ Տիրոջ անունով:
Օրհնութիւն Բարձրեալին» (Մտ 21.9). ու զգացած էին նաեւ այն ահաւոր դղրդոցը, որու պատճառով ամբողջ քաղաքը շարժած էր ու լսած իրենց ականջներով ամբոխին վկայութիւնը, թէ «Ասիկա Յիսուս Մարգարէն է, Գալիլիայի Նազարէթ քաղաքէն» (Մտ 21.11):
Այդ դէպքին իրենք մասնակից եղած էին եւ այդ պատճառով այսօր, երբ գերեզման կ՚երթային, իրենց միտքերը չէր խաղաղեր, որովհետեւ չէին կրնար հասկնալ ու ըմ-բըռնել կատարուածին իմաստը:
Միւս կողմէ, ճիշդ է, որ անոնք իրենց Վարդապետէն լսած էին Իր մահուան մասին մարգարէութիւնը եւ թէ երեք օր ետք Ան յարութիւն պիտի առնէր, սակայն դարձեալ յաղթական Երուսաղէմ մուտք գործելէն ետք Անոր մատնութիւնը, ձերբակալութիւնը, դատաւարութիւնը, չարչարանքները, խաչելութիւնն ու թաղումը պղտորած էին իրենց միտքերը, որով յարութիւն առնելու մասին իրենց Վարդապետին խոստումն ու մարգարէութիւնը մշուշոտ կերպով մնացած էր իրենց միտքերուն մէկ անկիւնը, միւս կողմէ կատարուած դէպքերուն իրականութիւնը՝ որոնց իրենք մասնակից ու ականատես եղած էին, մթագնած էին այդ յոյսին գոյութիւնը, որու պատճառով հետեւելով իրեն ազգային աւանդութիւններուն, գերեզման կ՚երթային օծելու համար իրենց Վարդապետին մարմինը:
Ինչքան մօտենային գերեզմանին, այդքան աւելի կը սաստկանար անոնց մտահը-գութիւնը, թէ ո՛վ պիտի բանար իրենց գերեզմանին դուռը: Վարդապետին աշակերտները բոլորն ալ հրեայ մեծամեծներէն (որոնք պատճառ հանդիսացած էին իրենց Վարդապետին մահուան) վախնալով՝ պահուըտած էին: Պետրոսը, մանաւանդ, երեք անգամ ուրանալէ եւ իր Սիրելի Ուսուցիչին խօսքերը յիշելէ ետք, թէ՝ «Պետրո՛ս, քեզի կ՚ըսեմ՝ որ այսօր աքաղաղը չկանչած, երեք անգամ պիտի ուրանաս զիս՝ ըսելով, որ զիս չես ճանչնար» (Ղկ 22.34), ահաւոր տուայտանքներու մէջ էր: Ինք կը գիտակցէր իր կատարած ուրացութեան ծանրութիւնը, անդին ինքզինք լա՛ւ կը ճանչնար, ու գիտէր, որ ինք անվերապահօրէն վստահութիւն ու հաւատարմութիւն ունէր իր Ուսուցիչին նկատմամբ, եւ հիմա չէր հասկնար, թէ ինչպէ՞ս ուրացած էր իր Վարդապետը, ինչպէ՞ս մերժած էր ընդունիլ զԻնք, ինչպէ՞ս մերժած էր ճանչնալ Անոր, որ զինք ձուկերու որսորդ ըլլալէն կանչած էր մարդոց հոգիները որսալու՝ Աստուծոյ Արքայութեան համար: Այս տուայտանքներուն մէջ մէկ կողմէ, միւս կողմէ իր աշակերտակիցներուն դիմաց ամօթի զգացումէն առանձնացած, մէկ կողմ քաշուած, կու լար, կը զղջար իր կատարածին համար, բայց տակաւին մխիթարութիւն չէր գտներ:
Միւս աշակերտները տեսնելով Պետրոսի այս վիճակը, իրենք եւս ահաւոր հոգեվիճակի մէջ յայտնուած էին: Կը յիշէին իրենց Վարդապետին խօսքերը, կը վերապրէին Անոր կատարած հրաշագործութիւնները, կը յիշէին Անոր կատարած բժշկութիւնները, կը յիշէին մանաւանդ թէ ինչպէս մի քանի հացով ու ձուկով բազմութիւնը կերակրեց, կը յիշէին, թէ երբ լիճին միւս կողմը կ՚անցնէին նաւակով ու յանկարծ փոթորիկ ծագեցաւ, ինչպէս իրենց Ուսուցիչը խաղաղեցուց փոթորիկը, ու հիմա իւրաքանչիւրը անխօս կերպով, իրենց հոգիներուն խորերը կը յուսային, որ հրաշք մը պատահէր ու խաղաղեցնէր իրենց հոգիներուն մէջ ծագած փոթորիկը:
Որպէս մարդիկ զիրենք ամենէն շատ կը չարչրկէր խաբուած ըլլալու հանգամանքը. կը յիշէին իրենց Ուսուցիչին խօսքերը, ուսուցումները, վարդապետութիւնները Արքայութեան մասին, յաւիտենականութեան մասին, Աստուծոյ ներկայութեան մասնակից ըլլալու մասին, սակայն այսօր, չկար Ան, օրեր առաջ որպէս սովորական մահապարտ մը, յանցագործ մը դատապարտը-ւած էր, չարչարուած, Իր ուսերուն վրայ կրելով Իր խաչը բարձրացած էր Գողգոթա՝ ուր եւ խաչուած էր, եւ՝ հոգին աւանդած: Կը յիշէին նաեւ, թէ մի քանի հոգիներ իջեցուցած էին զԻնք խաչէն ու տարած եւ թաղած՝ ժայռափոր նոր գերեզմանի մը մէջ: Այս բոլորը կը յիշէին, սակայն կը մոռնային այն ուրախալի խոստումը, որ տուած էր անոնց, թէ երեք օր ետք յարութիւն պիտի առնեմ: Մոռցած էին նաեւ, թէ ինչպէս չորսօրեայ թաղուած Իր սիրելի բարեկամ Ղազարոսը յարուցած էր գերեզմանէն: Այս բոլոր մոռցած էին, ինչպէս նաեւ մոռցած էին, թէ ինչպէս Գեթսեմանիի մէջ թելադրած էր անոնց ըսելով՝ «արթուն մնացէք եւ աղօթեցէ՛ք, որպէսզի փորձութեան մէջ չիյնաք: Հոգին յօժար կրնայ ըլլալ, բայց մարմինը տկար է» (Մր 14.38). արդարեւ անոնց հոգիները յօժար էին, որովհետեւ երեք տարիներ անընդհատ եղած էին այդ արտասովոր Ուսուցիչին հետ, զգացած էին Անոր հզօրութիւնը, ճաշակած էին Անոր քաղցրութինը, ապրած էին Անոր բարերարութիւնը, բայց իրենց մարմինները, այսինքն՝ սոսկ ֆիզիքական մարդը, ականատեսն ըլլալով կատարուածներուն տկարացած էր եւ հոգիի չարչարանքներու մէջ ինկած՝ չիմանալով թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ իրենց վիճակը, երբ այլեւս չկար Ան, որ Իր ներկայութեամբ լեցուցած ու զօրացուցած էր իրենց կեանքը:
Աշակերտները վախնալով հրեաներէն անգամ կիներուն հետ գերեզման չէին գացած, որովհետեւ գիտէին, թէ այնտեղ կային պահակներ՝ որոնք կը հսկէին գերեզմանը: Իսկ կիները իրենց մտահոգութիւնով՝ դուռը բանալու մասին երբ գերեզման հասան, զարմանքով տեսան, թէ գերեզմանին «մուտքը փակող քարը» (Ղկ 24.2) գլորուած էր: Անոնք, ապշած էին, որովհետեւ չէին կրնար հասկնալ կատարուածը, թէ ո՞վ գլորած էր քարը, արդեօք եթէ ներս մտնէին պիտի գտնէի՞ն իրենց Վարդապետին մարմինը: Ուժ հաւաքելով սակայն՝ երկիւղածութեամբ ներս կը մտնեն, սակայն ի զարմանս իրենց, իրենց Վարդապետին մարմինը այնտեղ չեն գտներ: Ապշահար ու զարհուրած կը սկսին մտածել, թէ ի՞նչ պատահած է, եւ ահա յանկարծ լուսաւոր զգեստներով հրեշտակ մը կ՚երեւի անոնց. կիները այս տեսնելով կը սարսափին, ահ ու դողի մէջ կ՚իյնան ու իրենց երեսները դէպի գետին կը խոնարհեցնեն ու կը լսեն ա՜յն հզօր ոջոյնը, որ մարդկութեան պատմութեան անկիւնադարձը եղաւ. արդարեւ, լուսազգեստ հրեշտակը անոնց կ՚ըսէ. «Մի՛ վախնաք, գիտեմ, որ խաչուած Նազովրեցի Յիսուսը կը փնտռէք, բայց հոս չէ՛, յարութիւն առաւ: Տեսէ՛ք, զԻնք հոս դրած էին: Այժմ գացէք, ըսէք Իր աշակերտներուն եւ Պետրոսին, որ ահա Ինք ձեզմէ առաջ կ՚երթայ Գալիլիա. հո՛ն պիտի տեսնէք զԻնք, ինչպէս որ ըսած էր ձեզի» (Մր 16.6-7): Կիները աւելի սարսափելով այս խօսքերէն, դուրս կու գան գերեզմանէն ու կը վերադառնան աշակերտներուն մօտ, որպէսզի պատմեն անոնց պատահածը:
Վերադարձի ճանապարհին դարձեալ մտորումներու մէջ էին. արդեօք իրենց տեսածը իրակնութի՞ւն էր, իրենց լսածը ճշմարի՞տ էր. զարմացած էին ու չէին կրնար հասկնալ. միւս կողմէ իրենց Վարդապետին մարմինը չկար, հակառակ որ պահակները կանգնած էին դուրսը ու կը հսկէին գերեզմանը, բայց իրենց Վարդապետին մարմինը չկար. աւելի՛ն, զիրենք անհանգստացնողը այդ լուսազգեստ երիտասարդին ըսած խօսքերն էին, որ գիտէր, թէ իրենք ինչո՞ւ համար այդտեղ եկած էին եւ զո՞վ կը փնտռէին. «Յարութիւն առաւ», այս երկու բառերուն հնչիւնը հանգիստ չէր տար իրենց ականջներուն ու անընդհատ կը կրկնուէր ու իրենց մտածել ու յիշել կու տար, որ իրենց Ուսուցիչը այդպիսի բան մը ըսած էր, թէ Ինք պիտի մահանար, սակայն երեք օր ետք յարութիւն պիտի առնէր: Աւելի՛ն, զարմացած էին ու չէին կրնար հասկնալ, թէ ինչո՞ւ աշակերտները յիշելով, առանձին կերպով Պետրոսի անունը տուած էր... Պետրոսի անունը տուած էր, որովհետեւ Յարուցեալ Տէրը գիտէր, թէ Պետրոս ի՜նչ տուայտանքներու մէջ էր եւ ինչքա՜ն կը չարչարուէր, մխիթարութիւն կը փնտռրէր, բայց՝ չէր գտներ: Իր անունը առանձինն յիշելով, Պետրոսին յոյսի նշոյլ մը կ՚ուղարկէր Տէրը գալիք մխիթարութեան:
Կիները երբ կը հասնին աշակերտներուն մօտ ու կը պատմեն անոնց իրենց հետ կատարուածները, վերջիններուս համար այդ բոլորը ցնդաբանութիւն ու առասպել կը թուի ու չեն հաւատար անոնց ըսածներուն, բացի Պետրոսէն ու Վարդապետին Սիրելի աշակերտէն՝ Յովհաննէսէն, որոնք լսելով կիներուն ըսածները, վազելով դուրս կու գան ու կ՚ուղղուին դէպի գերեզմաններ, տեսնելու ու հասկնալու համար կատարուածը:
Յովհաննէս աւելի երիտասարդ ըլլալով Պետրոսէն առաջ կը հասնի գերեզման, սակայն ներս չի՛ մտներ, ու կը սպասէ Պետրոսի հասնելուն: Պետրոս ճանապարհի ընթացքին իր անցնող օրերու ունեցած տուայտանքներէն ետք, առաջին անգամն էր, որ իրեն անհասկնալի բան մը, ուրախութիւն մը մտցուցած էր իր սիրտին ու հոգիին մէջ, կ՚ընթանար առանց ուշադրութիւն դարձնելու ճանապարհին, կ՚ընթանար վերյիշելով իր Ուսուցիչին բոլոր խօսքերը, յատկապէս Իր մատնութեան, չարչարնքներուն, խաչելութեան, թաղման ու յարութեան մասին ըսածները, որոնց մասին կարդացած էր Սուրբ Գիրքերէն ու մարգարէութիւններէն: Երբ կը հասնի գերեզման, պահ մը կը կանգնի գերեզմանի դրան դիմաց, մտածելով, թէ արդեօք ի՞նչ պիտի տեսնէ ներսը, արդեօք կիներուն պատմածները իրականութիւն չէի՞ն, արդեօք իրենց այդպէս երեւցա՞ծ էր, արդեօք ինչ որ մէկը գողցա՞ծ էր Անոր մարմինը, բայց չէր որ գերեզմանը հսկողութեան տակ էր: Սակայն, տեսնելով Յովհաննէսի խաղաղ ու անմեղ դէմքը՝ որ յոյսով ու հաւատքով լեցուն էր, ի վերջոյ կը քաջալերուի ու ներս կը մտնէ, եւ ի՜նչ տեսնէ. կը տեսնէ, որ «կտաւները հոն էին, իսկ վարշամակը, որ Անոր գլուխն էր, միւս կտաւներուն հետ չէր, այլ՝ ծալլուած եւ առանձին մէկ կողմ դրուած էր» (Յհ 20.6-7): Յովհաննէսն ալ կը մտնէ գերեզման ու իր սիրտին խորերէն կ՚ուրախանայ ու կը մխիթարուի, որովհետեւ Իր Ուսուցիչը, որ Իրեն յանձնած էր Իր մօր խնամքը նախքան հոգին աւանդելը, տակաւին իրենց հետ էր եւ շուտով վերստին պիտի հանդիպէր Անոր հետ:
Պետրոսն ու Յովհաննէսը վերադառնալով միւս աշակերտներուն մօտ կը պատմեն անոնց իրենց տեսածներուն մասին, որով աշակերտները որոնք թէեւ կիներուն ըսածներուն չէին հաւատացած, բայց իւրաքանչիւրը առանձինն սկսած էին մտածել ու վերյիշել Տիրոջ խօսքերը Իր յարութեան մասին եւ առաւել քաջալերուած էին, երբ տեսած էին Պետրոսի աճապարանօք դուրս գալը Յովհաննէսի հետ ու գերեզման երթալը:
Այս մտածումներուն մէջ թաղուած էին, երբ ներս մտան երկու աշակերտներ ու պատմեցին, թէ Եմմաուսի ճամբուն վրայ Տէրը երեւցած էր իրենց. սկիզբը չէին ճանչցած զԻնք, բայց ետոյ երբ սեղանին շուրջ նստած հացը օրհնած, կտրած ու տուած էր անոնց, անոնց հոգիի աչքերը բացուած էին ու ճանչցած էին իրենց Տէրը:
Եմմաուսի ճամբորդները մինչ իրենց հետ պատահածին մասին կը պատմէին միւս աշակերտներուն, ահա Տէրը կու գայ ու կը կանգնի աշակերտներուն մէջտեղը ու կ՚ըսէ.
«Խաղաղութի՜ւն ձեզի: Ես եմ: Մի՛ վախնաք» (Ղկ 24.36): Աշակերտները կը սարսափին ու կը մտածեն, թէ ոգի մըն է, սակայն Տէր Յիսուս կը հանգստացնէ զանոնք՝ ըսելով. «Ի՞նչ իրար անցեր էք եւ ինչո՞ւ կասկածներ կ՚ունենաք ձեր միտքերուն մէջ: Նայեցէ՛ք, ձեռքերուս եւ ոտքերուս. նոյնինքն Ե՛ս եմ: Շօշափեցէ՛ք զիս եւ պիտի տեսնէք, որ միս ու ոսկոր ունիմ, բան մը՝ որ ոգին չ՚ունենար» (Ղկ 24.38-39):
Ապա կը սկսի անոնց հետ խօսիլ, կը յանդիմանէ զանոնք իրենց անահաւատութեան պատճառով, որովհետեւ չէին հաւատացած կիներուն տուած աւետիսին, ինչպէս նաեւ կասկածով մօտեցած էին Պետրոսի, Յովհաննէսի եւ Եմմաուսի երկու աշակերտներուն վկայութիւններուն: Անոնցմէ ուտելու բան կը խնդրէ, որովհետեւ անօթի էր: Այս բոլորը կ՚ընէր Տէրը, որպէսզի անոնց հոգիին աչքերը լաւապէս բանար, որպէսզի կատարելապէս հաւատային ու պատրաստուէին իրենց հիմնական առաքելութեան, քարոզելու ու աւետելու աշխարհին Իր յարութեան ու Երկինքի Արքայութեան մասին: Կը թելադրէ Իր աշակերտներուն ըսելով. «Գացէք ամբողջ աշխարհին եւ բոլոր մարդոց քարոզեցէք Աւետարանը: Ով որ հաւատայ եւ մկրտուի՝ պիտի դատապարտուի: Անոնք որոնք կը հաւատան՝ հետեւեալ նշաններով յայնտի պիտի ըլլան. Իմ անունովս չար ոգիներ պիտի հանեն, նոր լեզուներ պիտի խօսին, ձեռքով օձ պիտի բռնեն առանց խայթուելու եւ եթէ մահացու որեւէ թոյն խմեն՝ պիտի չվնասուին, հիւնադներու վրայ ձեռք պիտի դնեն եւ զանոնք բժշկեն» (Մր 16.16-18):
Այս բոլոր իրադարձութիւններէն բացակայ էր Թովմասը: Երբ կը միանայ միւս աշակերտներուն եւ կը լսէ անոնցմէ Վարդապետին յարութեան մասին, չի՛ հաւատար անոնց ըսածներուն: Մինչ ան կը խօսէր աշակերտներուն հետ, ահա Յիսուս կու գայ ու կը կանգնի անոնց մէջտեղը, կ՚ողջունէ զանոնք ու ապա Թովմասին ուղղելով Իր խօսքը՝ կ՚ըսէ անոր. «Մատդ բեր՝ հո՛ս դիր եւ տե՛ս ձեռքերս. բե՛ր ձեռքդ եւ դպցուր կողիս եւ անհաւատ մի՛ ըլլար, այլ՝ հաւատացեալ:
Թովմասը բացագանչեց.
-Տէ՜րս եւ Աստուա՜ծս:
Յիսուս ըսաւ անոր.
-Զիս տեսնելուդ համար հաւատացիր, չէ՞. երանի՜ անոնց՝ որոնք առանց զիս տեսնելու կը հաւատան» (Յհ 20.27-29):
Պետրոս, տեսնելով Իր տէրը ուրախացած էր, միաժամանակ սակայն կ՚ամչնար ու ինքզինք կը տանջէր, որովհետեւ ուրացած էր իր Վարդապետը, մոռցած էր Անոր բոլոր խօսքերը, զգուշացումները, մարգարէութիւնները: Ճիշդ է, աշակերտներուն հետ բազմած էր՝ Տիրոջ ներկայութեան, բայց տակաւին չէ՛ր խաղաղած իր հոգին: Տէրը հասկնալով ու իմանալով Պետրոսի հոգեվիճակը, կը դիմէ անոր՝ ըսելով.
«Սիմո՛ն, Յովնանի՛ որդի, կը սիրե՞ս զիս ասոնցմէ աւելի:
-Այո՛, Տէ՛ր,- պատասխանեց ան,- Դուն գիտես, որ կը սիրեմ Քեզ:
-Արածէ՛ Իմ գառնուկներս, ըսաւ Յիսուս անոր։
Եւ դարձեալ հարցուց.
-Սիմո՛ն, Յովնանի՛ որդի, կը սիրե՞ս զիս։
-Այո՛, Տէ՛ր, պատասխանեց ան, Դուն գիտես, որ կը սիրեմ Քեզ։
-Արածէ՛ Իմ ոչխարներս, ըսաւ Յիսուս անոր։ Եւ երրորդ անգամ հարցուց.
-Սիմո՛ն, Յովնանի՛ որդի կը սիրե՞ս զիս։
Պետրոս տրտմեցաւ, որ երեք անգամ հարցուց իրեն՝ ''կը սիրե՞ս զիս'', եւ ըսաւ Անոր.
-Տէ՛ր, Դուն ամէն ինչ գիտես, եւ գիտես թէ կը սիրեմ Քեզ։
Յիսուս ըսաւ անոր.
-Արածէ՛ Իմ ոչխարներս։
Եւ աւելցուց.
-Լաւ գիտցիր, երբ որ երիտասարդ էիր քու ձեռքովդ կը կապէիր գօտիդ եւ կ՚երթայիր ո՛ւր որ կ՚ուզէիր։ Բայց երբ ծերանաս ձեռքդ վեր պիտի բարձրացնես եւ ուրիշներ պիտի կապեն գօտիդ ու տանին հոն՝ ուր դուն չես ուզեր երթալ։
Յիսուս ասիկա ըսաւ՝ ցոյց տալու համար, թէ ի՞նչպիսի մահով Պետրոս պիտի փառաւորէ զԱստուած։ Յետոյ Յիսուս ըսաւ անոր.
-Հետեւէ՛ Ինծի» (Յհ 21.15-19):
***
Այսօր, երբ աշխարհն ամբողջ տուայտանքներու մէջ է, ահն ու սարսափը կը տիրէ գրեթէ բոլորին վրայ, ի՜նչքան քաղցր ու անուշ կը հնչէ Յարուցեալ Փրկիչին գօտեպնդիչ խօսքերը, թէ՝ «խաղաղութի՜ւն ձեզի: Ես եմ: Մի՛ վախնաք» (Ղկ 24.36): Այսօր ի՜նչքան կարիքն ունին Յարուցեալին պարգեւած խաղաղութեան, Յարուցեալին ներշնչած ուժին:
Քրիստոսի յարութիւնը մարդկային պատմութեան անկիւնադարձը եղաւ, որովհետեւ այդ իւրայատուկ դէպքէն ետք մարդուն կեանքն ամբողջութեամբ փոխ-ւեցաւ: Մարդը, սովորական մահկանացու մը ըլլալու գաղափարէն անցաւ յաւիտեանական, անմահ ըլլալու գաղափարին:
Քրիստոսի յարութեամբ մարդ հասկցաւ ու ըմբռնեց, որ ի՛նք եւս օրին մէկը յարութիւն պիտի առնէ ու յաւիտեան ապրի: Յաւիտեան ապրելու համար սակայն ունի կատարելիք ընտրութիւն մը՝ երանական յաւիտենականութեան ու տանջալից յաւիտենականութեան միջեւ:
Քրիստոսի յարութեամբ մարդ սկսաւ կեանքին նայիլ այլ դիտակնոցով մը: Եթէ մինչեւ Քրիստոսի յարութիւնը մարդուն կեանքը գոյութիւն մը պահպանելու միտուած էր՝ սովորական մեքենայականութեամբը, Քրիստոսի յարութեամբ մարդուն կեանքը այլ արժէք մը ստացաւ, որ է ապրիլ նաեւ ուրիշներուն համար:
Ուրիշներուն համար ապրելու այս հասկացողութիւնը այս օրերուն յատկապէս այնքան կարեւոր ու էական է: Այսօր, երբ աշխարհը գերուած է թագաժահրով եւ գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ առողջապահական հաստատութիւնները իրենց քաղաքացիներուն կը թելադրեն տուներէն դուրս չգալ, կարենալ նուազագոյնի իջեցնելու այս վարակին տարածումը, քրիստոնեայ մադրուն համար այդ կոչը պէտք է ինքնազոհողութեան կոչ մը դառնայ: Ինքնազոհողութիւն մը, որ միտուած է իր նմանին բարօրութեան ու առողջութեան: Ինքնազոհողութեան մը, որ միտուած է իր նմանին կեանքը պահպանելու:
Միւս կողմէ սակայն, պէտք է զգոյշ ըլլալ ու խուճապի չմատնուիլ: Վախի չմատ-նըւիլ: Այո՛, այսօր ինչ որ աշխարհին մէջ կը կատարուի սարսափեցնող է, բայց սարսափեցնող է այն պարագային, երբ այդ իրողութիւնը կը դիմագրաւենք առանց Աստուծոյ, առանց Աստուծոյ ներկայութեան ու օրհնութեան: Մինչ երբ Աստուծոյ ներկայութեամբ ու օրհնութեամբ դիմագրաւենք այս կատարուած իրողութիւնը, այն կը դառնայ տանելի ու կը վերածուի մեր հաւատքը թրծելու, մեր հաւատաքը ա՛լ աւելի զօրացնելու հանգամանքի մը:
Մարդ արարածը իր ողջ պատմութեան ընթացքին նման եւ նոյնիսկ աւելի ծանր համաճարակներէ անցած է, երբեմն ընկճուած է, տկարացած է, յուսալքուած է, բայց միշտ գիտցած ու գտած է վերստին կանգնելու միջոցը: Մեզի՝ քրիստոնեաներուս համար այդ վերստին կանգնելու գրաւականը, մեր Զօրագլուխին հետեւեալ խօսքերն են. «Կը հաւատա՞ք հիմա։ Ահա ժամանակը կու գայ եւ արդէն իսկ եկած է, երբ պիտի ցրուիք, իւրաքանչիւրը իր տունը եւ զիս մինակ պիտի ձգէք։ Բայց Ես մինակ չեմ, որովհետեւ Հայրս Ինծի հետ է։ Ասոնք խօսեցայ ձեզի որպէսզի Ինձմով խաղաղութիւն ունենաք։ Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջա-լերուեցէ՛ք, որովհետեւ Ես յաղթեցի աշխարհին» (Յհ 16.31-33):
Մեր Յաղթանակած ու Յարուցեալ Տէրն ու Փրկիչը կը քաջալերէ մեզ, չվհատելու, չտկարանալու, մեր խաղաղութիւնը չկորսնցնելու, որոհետեւ Ի՛նք յաղթեց աշխարհին ու այօսր եւս մեր կողքին կանգնած պատրաստ է դարձեալ ու դարձեալ յաղթելու:
Ի վերջոյ, այսօր, աշխարհին յաղթելու մեր գրաւականը կը կայանայ նաեւ մեր ներքին խաղաղութեան մէջ, որ Տէր Յիսուս Իր յարութենէն ետք նախ Իր աշակերտներուն տուաւ, իսկ այսօր մեզմէ իւրաքանչիւրին կու տայ՝ ըսելով.
«Խաղաղութի՜ւն Ձեզի: Ես եմ, մի՛ վախնաք» (Յհ 24.36):
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
ՁԵԶ ԵՒ ՄԵԶ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
(ապրիլ 2020, Վաղարշապատ)
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024