ՎԱՐԱԿԵԱԼՆԵՐՈՒ ԲՈՒԺՈՒՄԸ ԱԶԴՈՒ ՁԵՒՈՎ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ
Քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքով երէկ Թուրքիոյ մէջ մահացաւ եւս 97 հոգի։ Այսպէսով զոհերու ընդհանուր թիւը հասաւ 1198-ի։ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետիին Քոճա երէկ տեղեկացուց, որ ներկայիս վարակեալներու թիւը հասած է 56 հազար 956-ի։ Երէկ, կատարուած է 35 հազար 720 քննութիւն։ Նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուած է 4 հազար 789 նոր վարակեալ։
Նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ տեղեկացուց, որ խտացեալ խնամքի տակ առնուած եւ արհեստական շնչառութեան ենթարկուած հիւանդներու պարագային նուազման միտում մը խնդրոյ առարկայ է։ Սա ծայր աստիճան կարեւոր է։ Կանուխ ախտորոշումները եւ դեղամիջոցներու շուտափոյթ կիրառումը նուազեցուցած է հիւանդներու հիւանդանոցի մէջ դարմանման տակ առնուելու համեմատութիւնը։
Միւս կողմէ, Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալընն ալ երէկ համավարակի մթնոլորտին վերաբերեալ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ։ Ըստ իրեն, սահմանափակումները պիտի ձեւաւորուին ըստ կարիքներու։ Իպրահիմ Քալըն շեշտեց, որ փոքր զանցառութիւն մը կրնայ հրահրել համավարակի նոր ալիք մը։