ՔԱՇՄԻՐԻ ՄԷՋ ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ

Քաշմիրի մէջ վերջին օրերուն էականօրէն լարուած է ընդհանուր կացութիւնը։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Հնդկաստանի եւ Փաքիստանի զինեալ ուժերու շփման գծի երկայնքով շաբաթավերջին տեղի ունեցան բախումներ, որոնց հետեւանքով, ըստ էութեան, տուժած են խաղաղ բնակիչներ։

Հնդկաստանի իշխանութիւններուն կողմէ փոխանցուած տեղեկութիւններով՝ լարուածութիւնը յառաջացած է Փաքիստանի բանակին կողմէ Քուփվարա բնակավայրի ռմբակոծման հետեւանքով։ Այդ բնակավայրը կը գտնուի Քաշմիրի հնդկական հատուածին մէջ եւ ռմբակոծումներուն հետեւանքով երեք հոգի մահացած է։

Իր կարգին, Փաքիստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ պնդեց, որ հնդկական դիրքերէն կատարուած ռմբակոծումներու հետեւանքով վիրաւորուած է ութ հոգի։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 14, 2020