ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԿԸ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՌԱԶՄԱՕԴԱՆԱՒԵՐՈՎ
Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի ռազմաթեքնիկ համագործակցութեան շրջանակներէն ներս ներկայիս կը հասուննայ գործարք մը։ Այսպէս, Պաքու կը նախատեսէ ձեռք բերել ռուսական արտադրութեան ռազմաօդանաւեր։ Թրքական մամուլն ալ վերջին օրերուն արձագանգ հանդիսացաւ այս իրադարձութիւններուն, ըստ որոնց Ատրպէյճանի ռազմաօդային զօրքերու հրամանատարութենէն խումբ մը մասնագէտներ այցելեցին Ռուսաստանի այն գործարանները, ուր կ՚արտադրուին «Սուխոյի» եւ «Միկ» տիպի ռազմաօդանաւերը։ Ատրպէյճանէն ռազմաօդաչուներ վերոյիշեալ ռազմաօդանաւերու արտադրուած գործարանները այցելելու ժամանակ յայտնեցին զանոնք ձեռք բերելու ուղղութեամբ իրենց հետաքրքրութիւնը։ Անոնք տեսակցեցան նաեւ «Ռոսօպորոնէքսփորթ» ընկերութեան իրաւասուներուն հետ։ Այդ ընկերութիւնը Ռուսաստանի ռազմական արտածումները կ՚իրականացնէ։ Ատրպէյճանի իրաւասուները տեղեկութիւններ քաղեցին ռուսական արտադրութեան ռազմաօդանաւերու թեքնիկ մասնայատկութիւններուն, թիրախաւորման հնարաւորութիւններուն եւ խնամքի պիւտճէներուն շուրջ։ Ատրպէյճանի ռազմաօդաչուները փորձնական թռիչք մըն ալ իրականացուցին «Միկ-35» ռազմաօդանաւի մը հետ։
Միւս կողմէ, հարկ է նշել, որ անցեալ տարի Ատրպէյճան Փաքիստանէն ձեռք բերած էր նոր ռազմաօդանաւեր, որոնց կապակցութեամբ իր օդաչուները սկսած էին մարզումներու։ Այդ ռազմաօդանաւերը Փաքիստանի եւ Չինաստանի կողմէ արտադրուած էին համատեղ։
ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ
Միւս կողմէ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, անոնք անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ քայլերուն։ Նախարարները շօշափեցին նաեւ քորոնաժահրի համավարակի դէմ պայքարի ծիրէն ներս ձեռնարկուած միջոցները։