ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԵՒ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ Ս. ԶԱՏԿԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ՈՒՆԵՑԱՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ ՄԸ
Իսրայէլի նախագահ Ռէուվէն Ռիվլին եւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեան երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը՝ Սուրբ Զատկի տօնին առթիւ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Իսրայէլի պետութեան ղեկավարը կապ հաստատած է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանին հետ։ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան դիւնապետ Տ. Կորիւն Վարդապետ Պաղտասարեան տեղեկացուցած է, որ Ռէուվէն Ռիվլին Սուրբ Զատկի առթիւ շնորհաւորութիւններ յղած է Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։
Հեռախօսազրոյցի ընթացքին Իսրայէլի նախագահն ու Նորին Ամենապատուութիւնը քննարկեցին նաեւ Երուսաղէմի Սուրբ Յարութեան տաճարը բանալու եւ Աւագ շաբթուան արարողութիւնները իրականացնելու վերաբերեալ հարցեր։ Հարկ է նշել, որ Երուսաղէմի Սուրբ տեղերը տնօրինող իրաւատէր երեք համայնքներուն կողմէ այս ուղղութեամբ վերջերս նամակ մը ուղարկուած էր նախագահ Ռէուվէն Ռիվլինին։
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին արդէն նշած է Սուրբ Յարութեան տօնը՝ ապրիլի 5-ին։ Սուրբ գերեզմանը քրիստոնեայ աշխարհի գլխաւոր սրբավայրերէն է, ուր խաչելութենէ յետոյ ամփոփուած է Յիսուս Քրիստոս։ Լոյս գերեզմանի, Գողգոթայի խաչելութեան եւ շարք մը այլ սրբավայրերու վրայ 4-րդ դարուն Կոստանդինոս Մեծ Բիւզանդիոնի կայսրը կառուցած է Սուրբ Յարութեան տաճարը։ Համաքրիստոնէական սրբավայր եւ ուխտատեղի է Սուրբ գերեզմանը, որու իրաւատէրերը կը հանդիսանան՝ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը, Յունաց Պատրիարքութիւնը եւ Կաթոլիկ եկեղեցին։