ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱՆԵԼԻ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՊԱՐԷՆԻ ԾԱՅՐԱՅԵՂ ՀԱՐՑԵՐ ՊԻՏԻ ՉԾԱԳԻՆ

Քորոնաժահրի համավարակի դէմ պայքարի ծիրէն ներս, Հայաստանի մէջ յայտարարուած արտակարգ դրութիւնը երկարաձգուեցաւ եւս 30 օրով։ Երէկ, Հայաստանի կառավարութիւնը գումարեց արտահերթ նիստ մը, որու ընթացքին որոշուեցաւ՝ մինչեւ 14  մայիս 2020 թուականը երկարաձգել ձեռք առնուած նախազգուշական միջոցները։ Այժմ ստեղծուած իրավիճակին մէջ,  երէկուընէ սկսեալ արտօնութիւն տրուեցաւ տնտեսական գործունէութեան որոշ տեսակներուն համար։

Ըստ վիճակագրական տուեալներու, Հայաստանի մէջ քորոնաժահրով վարակուածներու թիւը հասած է 1067-ի։ Ցարդ առողջացածներու ընդհանուր թիւը 265 է։ Համաճարակի զոհ գացած է 16 հոգի։ Ներկայիս դարմանման տակ կը գտնուի 786 հոգի։ Վիճակագրական այս տուեալները կ՚ապացուցանեն, որ Հայաստանի մէջ կացութիւնը ընդհանուր առմամբ վերահսկելի է։

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս առաւօտ ընկերային ցանցերու վրայ արձագանգ հանդիսացաւ շատ կարեւոր վիճակագրական տուեալներու։ Արդարեւ, ըստ իրեն, առաջին անգամ Հայաստանի մէջ վարակման պարագաները գրեթէ կրկնակի աւելի քիչ են՝ առողջացման դէպքերու բաղդատմամբ։ Բաց աստի, նաեւ առաջին անգամ ըլլալով՝ վերջին օրուայ արդիւնքներուն հիման վրայ ո՛չ թէ վարակեալներու թիւը աճած է Հայաստանի մէջ, այլ՝ նուազած։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Ազգային ժողովն ալ երէկ գումարեց արտահերթ նիստ մը, որու ընթացքին փոխ-վարչապետ Տիգրան Աւինեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Այս առթիւ ան ընդգծեց, որ տեսանելի ապագային պարէնի ծայրայեղ հարցեր պիտի չյառաջանան Հայաստանի մէջ։ Իր խօսքով՝ միանշանակ կան որոշ գնային տատանումներ։ Բայց եւ այնպէս, 2018 թուականի բաղդատմամբ էական գնային նուազումներ եղած են առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու պարագային։ Տիգրան Աւինեան դիտել տուաւ, որ տարադրամի տատանումները եւ շուկայի գումարային հարցերը, այդուհանդերձ, պատճառ պիտի դառնան գիներու որոշ տատանումներու։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 14, 2020