ՉԵԽԻՈՅ ԵՐԵՒԵԼԻ ՀԱՅԸ
Հայկական անուշեղէնը յայտնուած է չեխական ազգային վաճառանիշներու կարգին։
Այս դժնդակ օրերուն, երբ ողջ աշխարհը զբաղած է քորոնաժահրի շարունակուող մահաբեր արշաւի չէզոքացմամբ, չեխական մամուլը կը փորձէ բացի ամենօրեայ հրատապ նիւթերէն, չեխերու մէջ լաւատեսութիւն եւ հպարտութիւն սերմանել։
Չեխական հեղինակաւոր «ՄՖ Տնես» օրաթերթի հինգշաբթի օրերը հրատարակուող «Մակազին» հանդէսին մէջ ներկայացուած են չեխական չորս հռչակաւոր ապրանքատեսակները։
«Գաղտնիքներու պահապանները» խորագրի ներքոյ ներկայացուած են Չեխիայի ամենայայտնի ապրանքանիշ համարուող չորս ապրանքատեսակները՝ «Պեխերովքա» լիքէօրը, «Փիլսներ Ուրքուել» գարեջուրը, «Ֆերնեթ Սթոք» լիքէօրը եւ «Մառլենքա» անուշեղէնը։ Յօդուածաշարի հեղինակը՝ Տանիէլ Փացեք ներկայացուցած է, թէ չեխական ամենայայտնի ապրանքներու արտադրութեան հետ կապուած գաղտնիքները ինչպէս կը պահպանուին։
«Մեղրային սիրավէպ» յօդուածին մէջ գրուած է «Մառլենքա» անուշեղէնի արտադրութեան պատմութիւնը։ Ներկայացնելով «Մառլենքա» ընկերութեան հիմնադիր եւ գլխաւոր տնօրէն Գէորգ Աւետիսեանի անցած ճանապարհը, թէ ան ինչպէս 1994 թուականին Հայաստանէն եկած եւ հաստատուած է Չեխիոյ Օսթրաւա, ապա Ֆրիթեք Միսթեք քաղաքը։ Աւետիսեան նախ գարեջրատուն աշխատցուցած է, ապա յաջողած է մեղրով կարկանդակի այնպիսի արտադրատուն մը հիմնել, որ այսօր ունի 300 աշխատակից։ Մէկ կարկանդակի պատրաստումով սկսած արտադրութիւնը այսօր դարձած է համաշխարհային ապրանքանիշ եւ տարածուած է 52 երկիրներու մէջ՝ իբրեւ չեխական արտադրանք։ Գէորգ Աւետիսեան այս գործին սկսած է իր քրոջ հետ։
Այժմ 1 միլիառ քրոն արժողութեամբ գործարանին մէջ կ՚արտադրուին 2.5 միլիոն մեղրով կարկանդակ եւ 8 միլիոն այլ անուշեղէններ։ Իւրայատուկ բաղադրատոմսով, առանց արհեստական յաւելումներու պատրաստուող «Մառլենքա» անուշեղէնը կրնայ 90 օր պահպանուիլ 24 ջերմաստիճանի պայմաններու տակ եւ թարմ մնալ։ Սոյն անուշեղէնի բաղադրատոմսի գաղտնիքը գիտէ միայն Գէորգ Աւետիսեանի քոյրը եւ գործարանի վստահելի աշխատողներէն մին։ «Մառլենքա»ի ընտանեկան բաղադրատոմսը կը պահպանուի ընկերութեան չհրկիզուող արկղին մէջ, որու բանալին միայն հիմնադիր Գէորգ Աւետիսեանի մօտ է։ Թղթակցի հետ զրոյցի ընթացքին Գէորգ Աւետիսեան նշած է. «Ինծի համար Չեխիայի Հանրապետութիւնը սուրբ հողի պէս տեղ մըն է, դարձած է իմ տունը եւ ես շատ երջանիկ եմ, որ իմ անուշեղէններով կրնամ աշխարհին ներկայացնել Չեխիան»։
Ուրախալի է, որ չեխերու համար նոյնպէս «Մառլենքա»ն դարձած է հպարտութեան խորհրդանիշ եւ ընդամէնը երկու տասնամեակի ընթացքին ան կը համարուի ոչ միայն չեխական, այլեւ համաշխարհային ապրանքանիշ, որ արտադրուած է Չեխիայի մէջ։