ԿԼԵՆՏԷՅԼԻ ՆՈՐ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԸ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գալիֆորնիոյ նահանգի Լոս Անճելըս քաղաքէն ներս, հայաբնակ Կլենտէյլի քաղաքապետ ընտրուեցաւ Վրէժ Աղաճանեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս վերջինը կը փոխարինէ Արա Նաճարեանը, որ հեռացած է քաղաքապետի պաշտօնէն։ 2014-2015 թուականներուն Կլենտէյլի քաղաքապետի պաշտօնը զբաղեցուցած էր նաեւ Զարեհ Սինանեան, որ ներկայիս Հայաստանի սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարն է։ Այժմ, Վրէժ Աղաճանեան այս պաշտօնին կոչուած է Կլենտէյլի Քաղաքապետական խորհուրդի նախընթաց օրուան ժողովով։

Վրէժ Աղաճանեան Քաղաքապետական Խորհուրդի անդամ ընտրուած էր 2017-ին: Ան եղած է Պըրպենք-Կլենտէյլ-Փասատինա օդանաւակայանի տնօրէններու խորհուրդի անդամ եւ վարած է Կլենտէյլի բնակարանային վարչութեան նախագահի պաշտօնը:

Տարիներու ընթացքին Վրէժ Աղաճանեան եղած է Ամերիկայի Հայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան անդամ եւ նախագահ, Լոս Անճելըսի Իրանահայ միութեան հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ եւ Շուշիի գիշերօթիկ դպրոցի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ:

Աղաճանեան Լոս Անճելըսի մէջ գործող հայկական երկու հեռատեսիլի ընկերութիւններու գործադիր տնօրէնն է եւ հեռատեսիլի մեկնաբան:

Ամուսնացած է, Տիանա Աղաճանեանի հետ եւ ունի երկու մեծահասակ զաւակներ:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 15, 2020