ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՆԱԽԱԳԱՀ

Արցախի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ նախագահական ընտրութեան երկրորդ փուլը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ընտրողներու 44.9 տոկոսը մասնակցեցաւ քուէարկութեան, որու արդիւնքով Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ ընտրուեցաւ Արայիկ Յարութիւնեան։ Քորոնաժահրի համավարակով պայմանաւորուած արտակարգ դրութեան մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցաւ քուէարկութեան երէկուան փուլը։ Անխուսափելի թեկնածուներն էին Արայիկ Յարութիւնեան եւ Մասիս Մայիլեան, որոնք առաջին փուլին առաւելագոյն ձայները ապահոված երկու թեկնածուները եղած էին։ Արտակարգ իրավիճակի պայմաններուն զուգահեռ Մասիս Մայիլեանն ալ կոչ ուղղած էր չմասնակցիլ քուէարկութեան այս փուլին։ Ուստի, առաջին փուլին բաղդատմամբ ընտրողներու աւելի նուազ համեմատութիւն մը մասնակցեցաւ երէկուան քուէարկութեան։ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան Ստեփանակերտի մէջ քուէն գործածելէ վերջ յայտարարութիւններ ըրաւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն։ «Գործեցինք ու կը գործենք իրավիճակի պահանջներուն համապատասխան», ըսաւ ան մամլոյ սպասաւորներուն։ Արցախի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի քարտուղար Գայիանէ Առուշանեանն ալ յայտնեց, որ ընտրողներու 50 տոկոսէն աւելի պակաս զանգուածի մը քուէարկած ըլլալը արդիւնքին վրայ ազդեցութիւն չի կրնար ունենալ եւ նախագահ կ՚ընտրուի այն թեկնածուն, որ հաւաքած է առաւելագոյն ձայները։

Ուշ երեկոյեան Ստեփանակերտի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Արայիկ Յարութիւնեան Արցախի նախագահ ընտրուած է եւ սկզբնական տուեալներով իրեն ի օգուտ քուէարկած է ընտրութեան մասնակիցներուն 88 տոկոսը։ Նոյնպէս երեկոյեան ժամերուն Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանն ալ հեռախօսազրոյց մը ունենալով շնորհաւորեց Արայիկ Յարութիւնեանը Արցախի նախագահ ընտրուելու կապակցութեամբ։ Արմէն Սարգսեան համոզուած է, թէ Արայիկ Յարութիւնեան նախագահի պաշտօնը կը ստանձնէ շատ բարդ ու պատասխանատու ժամանակահատուածի մը մէջ՝ պայմանաւորուած աշխարհի իրադարձութիւններով ու մասնաւորապէս տարածքաշրջանի բարդ քաղաքական գործընթացներով։ Ըստ Արմէն Սարգսեանի, Արցախ անգամ մը եւս ապացուցանեց, թէ կայացած երկիր մըն է՝ իր պետական մարմիններով եւ ամենակարեւորը՝ իր քաղաքացիներով։ Արմէն Սարգսեան կանգ առաւ միասնական ու համախմբուած ըլլալու անհրաժեշտութեան վրայ։ Ան վստահութիւն յայտնեց, թէ Արայիկ Յարութիւնեան պիտի կարողանայ ամրապնդել համերաշխութեան եւ հանդուրժողութեան մթնոլորտը Արցախի մէջ, կազմակերպել եւ ապահովել Արցախի անվտանգութիւնը, տնտեսական ու քաղաքական զարգացումը, համախմբել ժողովուրդը միասնական նպատակներու շուրջ։

Իր կարգին, Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ալէն Սիմոնեան յայտնեց, որ Արցախի ընտրութիւնները կը համարուին կայացած ու թիւերը կը ցոլացնեն իսկական պատկերը։ Ալէն Սիմոնեան կը գլխաւորէր Հայաստանի Ազգային ժողովի դիտորդական առաքելութիւնը, որ հետեւեցաւ Արցախի նախագահական ընտրութիւններուն։ Այս կապակցութեամբ ան շնորհաւորեց Արցախի քաղաքացիները։ Ըստ Ալէն Սիմոնեանի, կան զանազան դիտորդներու կողմէ նշուած շարք մը նկատառումներ՝ կապուած խախտումներու կամ քուէաթերթիկներու լուսանկարման, սակայն գրեթէ բոլոր մասնակիցները ընդունած են ընտրութիւններու տուեալները։ 

Հայաստանեան մամուլի հաղորդումներով, ընտրութիւններէն յետոյ Արայիկ Յարութիւնեան գիշերը լուսցուցած է Արցախի մէջ։ Իսկ Մասիս Մայիլեան արդէն Երեւանի մէջ կը գտնուի, ուր քանի մը օր մնալը կը նախատեսուի։ Կարգ մը թերթեր կը պնդեն, որ ան անհրաժեշտութիւն ունի իր ապագայ գործունէութեան շուրջ որոշ ճշգրտումներ ընելու։ Արայիկ Յարութիւնեան արդէն յայտարարած է, որ Արցախի մէջ բոլորը իր բարեկամներն են եւ ինք պատրաստ է համագործակցիլ բոլորին հետ՝ ներառեալ Մասիս Մայիլեանն ու նախորդ փուլին անոր սատարած Սամուէլ Պապայեանը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 15, 2020