ԵՐԵՒԱՆ ՍԵՐՏՕՐԷՆ ՊԻՏԻ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑԻ ԱՐՑԱԽԻ ՆՈՐ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Արցախի մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններու արձագանգները կը շարունակուին։ Այսպէս, Լեռնային Ղարաբաղի նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան կը շարունակէ ստանալ շնորհաւորականներ։ Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորեց Արցախի նորընտիր ղեկավարը։ Արայիկ Յարութիւնեանին շնորհաւորականներ ուղարկեցին նաեւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը։ Լեռնային Ղարաբաղի այժմու նախագահ Բակօ Սահակեանն ալ շնորհաւորեց Արայիկ Յարութիւնեանը, որ պիտի յաջորդէ իրեն։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Արցախի նախագահական ընտրութիւններու աւարտին կապակցութեամբ։ «Մենք կը շնորհաւորենք Արցախի ժողովուրդը, իշխանութիւններն ու քաղաքական ուժերը, որոնց համատեղ ջանքերուն շնորհիւ ապրիլի 14-ին յաջողութեամբ աւարտեցաւ Արցախի համապետական ընտրութիւններու գործընթացը։ Ժողովրդավարական եւ մրցակցային գործընթացով մը Արցախի ժողովուրդը ընտրեց իր նոր նախագահը եւ խորհրդարանի անդամները։ Արցախի նոր իշխանութիւններու ձեւաւորումը կարեւոր նշանակութիւն ունի այնտեղ մարդու իրաւունքներու իրացման, ժողովուրդի անվտանգութեան ապահովման եւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացի արդիւնաւէտ զարգացման համար», նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Բաց աստի, յայտարարութեան մէջ ընդգծուած է, որ Երեւան սերտօրէն պիտի համագործակցի հաշտութեան գործընթացէն ներս Արցախի ժողովուրդը ներկայացնող իշխանութիւններուն հետ եւ հետեւողականօրէն պիտի պաշտպանէ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրականացումը՝ առանց որեւէ սահմանափակման։ «Վստահ ենք, թէ Արցախի նորընտիր իշխանութիւնները յատուկ պատասխանատուութեամբ պիտի ստանձնեն բանակցային գործընթացէ ներս իրենց առանցքային դերակատարութիւնը», եզրափակուած է յայտարարութիւնը։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 16, 2020