Երեքշաբթի 24, Դեկտեմբեր 2024
ԱՆՊԱՇՏՕՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Լեռնային Ղարաբաղի նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը։ Սա անպաշտօն հանդիպում մըն էր, որու ընթացքին Արմէն Սարգսեան անգամ մը եւս շնորհաւորեց Արայիկ Յարութիւնեանը Արցախի նախագահ ընտրուելուն կապակցութեամբ։ Յղելով յաջողութեան մաղթանքներ՝ Արմէն Սարգսեան վստահութիւն յայտնեց, թէ Արայիկ Յարութիւնեան պիտի շարունակէ իր ամբողջ ուժն ու եռանդը ծառայեցնել Արցախի անվտանգութեան ու զարգացման ապահովման։
Տեսակցութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի զարգացման ուղղեալ ծրագրերու։
Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2020