ՆԻՒԹԱԿԱՆ ԵՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՇԷՆՔԵՐ
Ինչպէս նիւթական շէնք մը կառուցանելու համար ծրագիր մը պէտք է, նոյնպէս ալ հոգեւոր շէնք մը հիմնելու համար անհրաժեշտ է հիմնական վէմ մը։ Արդարեւ, Աստուած ալ իր ամբողջ ստեղծագործութիւնը եւ արարչագործութիւնը հաստատեց ծրագրի մը վրայ՝ որ կը շարունակէ գործադրուիլ այսօր եւս, եւ պիտի գործադրուի մինչեւ վերջ։
Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ մարդիկ, մեծ մասամբ կը կառուցանեն նիւթական շէնքեր, քան հոգեւոր կառոյցներ։ Եւ ընդհանրապէս կը տեսնուի, որ մարդիկ աւելի՛ շատ ժամանակ կը վատնեն հաճոյքի համար, քան հոգեւոր զբաղումներու, աստուածպաշտութեան համար։ Այս ուղղութեամբ, մարդիկ, ընդհանրապէս աւելի մօտ են նիւթական բայց ժամանակաւոր արժէքներու եւ հեռու՝ հոգեւոր բայց յաւիտենական ճշմարտութիւններու։ Ոմանք կեանքը կը դիտեն մարմնական աչքով, ուրիշներ՝ հոգեւոր աչքով…։
Անոնք որ կեանքը կը դիտեն մարմնաւոր աչքով, կը մտածեն, թէ տեսած են ամէն ինչ, եւ սակայն կը տեսնեն միայն կեանքի մակերեսը, իսկ անոնք որ հոգեւոր աչքով կը դիտեն, կը թափանցեն կեանքի ներքին ծալքերուն եւ կը հասնին մինչեւ խորը կեանքին՝ որ է իսկական կեանքը, ճշմարիտ ապրումը եւ վայելումը կեանքին։
Արդարեւ, նիւթականը միշտ կը փոխանցուի, բայց հոգեւորը կը մնայ միշտ որպէս յաւիտենական եւ անփոխանցելի սեփականութիւն։ Ուստի նիւթաբար արժէք ներկայացնող ամէն ինչ, կը խնամուի մարդոց կողմէ նիւթական մեծ զոհողութիւններով, իսկ հոգեւոր արժէքներու հոգածութիւնը Աստուած կը ստանձնէ երկնային անհամար շնորհքներով։ Նիւթական որեւէ արժէք կրնայ կործանիլ կամ կորուստի մատնուիլ, բայց հոգեւոր արժէքը միշտ կանգուն կը մնայ, քանի որ յաւիտեան է՝ անայլայլելի եւ մշտնջենաւո՛ր։
Այս իմաստով, նիւթական շէնք մը կը բարձրանայ աղիւսներու շնորհիւ, իսկ հոգեւոր շէնքը աստուածային ուսուցումով՝ կեանքի վերածուելով, հետզհետէ աճելով եւ զարգանալով։
Բոլորս գիտենք եւ ապրած ենք՝ աշխարհային փոթորիկները զօրաւոր են, կը կործանեն ամէն ինչ։
Բայց հոգեւոր շէնքը՝ Քրիստոսի վէմին վրայ ուղղափառ հաւատքով հիմնուած եւ հաստատուած կառոյցը յաւէտ կանգուն կը մնայ ամէն փոթորիկի դէմ, քանի որ ան առաքինազարդ կեանքով շաղախուած եւ ամրացուած սիւներով պատսպարուած է։
Ահաւասիկ, այս իսկ պատճառով «ծրագիր»ը կարեւոր է եւ անհրաժեշտ ամէն գործի մէջ՝ թէ՛ նիւթական-աշխարհային եւ թէ՛ բարոյական-հոգեւոր։ Եւ ինչպէս տեսանք, արարչագործութիւնն իսկ «ծրագիր» մը ունի եւ ըստ այդ ծրագրին կը գործէ եւ կը շարունակէ իր ընթացքը։
Սա անուրանալի իրականութիւն մըն է, թէ ամէն նիւթական արժէք, նաեւ մարմնական կեանքը օր մը պիտի փլի, վերջ պիտի գտնէ։ Հետեւաբար կ՚արժէ «ծրագիր» մը պատրաստել հոգեւոր միւս կեանքին համար, որ աննիւթական է եւ հոգեւոր, եւ այս պատճառով՝ իւրաքանչիւր անձի շնորհուած է անոր վայելքը եւ որու միջոցաւ մարդ ապրող, կենդանի եւ բանաւոր էակ մըն է։ Եւ հոգեւոր կեանքն է որ մարդուս ապրելու վայելքը կու տայ։
Բայց հոգեւոր կեանք ապրելու համար պէտք է թօթափել մեղքը, սրբուիլ, մաքրուիլ…։ Եւ այն որ կ՚անդրադառնայ նիւթական եւ հոգեւոր կեանքի տարբերութեան, այն որ կը տեսնէ ժամանակաւորին եւ յաւիտենականին զանազանութիւնը, պէ՛տք է անդրադառնայ նաեւ իր մեղքերուն եւ ըստ այնմ ապաշխարէ եւ սրբուած մտնէ հոգեւոր կեանք։ Կարելի է հարց տալ թէ՝ ո՞րն է դիւրինը։ Նիւթական-աշխարհային կեանքին գոյապահպանման եւ գոյատեւման համար անհրժեշտ է նիւթական արժէքներ ունենալ, իսկ բարոյական-հոգեւոր երկնային կեանքին համար մեղքերը թօթափել՝ սրբուիլ, մաքրուիլ։
Աշխարհային կեանքով մարդ կրնայ հպարտանալ, իսկ հոգեւոր կեանքով՝ սրբանա՛լ։
Ուստի, իմաստուն է եւ հեռատես այն մարդը՝ որ որեւէ գործի մը ձեռնարկելէ առաջ ծրագիր մը կը պատրաստէ, հաշիւ կ՚ընէ եւ ըստ այնմ կը սկսի իր ձեռնարկին։ Եւ այդ ծրագրով նկատի կ՚առնէ իր կարողութիւնը, կարելիութիւնները եւ տարողութիւնը։ Այս ուղղութեամբ կը յառաջանայ դէպի իր նպատակակէտը։ Իսկ այն գործը որ մարդ դիպուածի կը թողու, ծրագիր մը առանց պատրաստելու կը սկսի՝ կը ձախողի, չի յառաջանար եւ անշուշտ չի հասնիր իր մտադրուած նպատակին…։
Եւ անշուշտ հոգեւոր կեանքն ալ կը պահանջէ «ծրագիր» մը ունենալ, չէ՞ որ Աստ-ւած իսկ իր արարչագործութիւնը ծրագրի մը վրայ է հիմնած։
Ուստի մարդ, յաճախ իր ձեռնարկներուն եւ գործունէութիւններուն մէջ նկատի չ՚առներ իր յատկութիւնները, կարողութիւն եւ կարելիութիւնները, իմացական, բարոյական եւ նիւթական ուժերը կամ տկարութիւն եւ թերութիւնները. ինքզինք ինքնաբաւ եւ կատարեալ կը կարծէ… եւ ի վերջոյ յուսախաբ կը վերադառնայ իր մեկնակէտը ձեռնունայն՝ առանց արդիւնք մը ձեռք ձգելու։
Եւ այն մարդը՝ որ ինքզինք ինքնաբաւ կը նկատէ, իր կարողութենէն եւ տարողութենէն աւելի ծանրութիւն վերցնել կը փորձէ, բայց չի կրնար, եւ ծանրութեան տակը կը մնայ։
Պարագան նո՛յնն է նաեւ հոգեւոր կեանքի մուտքի փորձերուն մէջ. այն որ պատրաստ չէ, եւ սակայն ինքզինք պատրա՛ստ կը նկատէ, չի յաջողիր մտնել եւ վայելել հոգեւոր կեանքը, եւ իր ձախողութիւնը զինք յուսախաբ կ՚ընէ, կը վհատի, յուսալիք կ՚ըլլայ եւ կը դժուարանայ իր մուտքը դէպի հոգեւոր կեանք։ Բայց անկարելի չէ, պէտք է դարձեալ փորձէ եւ անպայմա՛ն պիտի յաջողի…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 20, 2020, Իսթանպուլ