ԴԷՊԻ ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄ

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Թուրքիա կ՚ընթանայ դէպի բնականոնացում։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան Նախարարաց խորհուրդի երէկուան ժողովէն վերջ հերթական անգամ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով, որոնք սփռուեցան ուղիղ եթերով։ Ան տեղեկացուց, որ մինչեւ մօտալուտ Ռամազանի տօնի շրջանը Թուրքիոյ բոլոր մեծ քաղաքներուն մէջ ի զօրու պիտի ըլլայ փողոց դուրս գալու արգելքը։ Համաճարակի մթնոլորտով պայմանաւորուած սահմանափակումներն ալ եւս որոշ ժամանակ երկարաձգուեցան։ Էրտողանի խօսքով, փապուղիի ծայրամասին արդէն լոյսը երեւցած է եւ կատարուած զոհողութիւնները՝ արդարացած։ Նախագահ Էրտողան յայտնեց նաեւ, որ կառավարութիւնը ծաւալուն ծրագրի մը պատրաստութիւններուն ձեռնարկած է՝ երկրի կեանքը աստիճանաբար բնականոն հունին վերադարձնելու առաջադրութեամբ։ Այսպէսով, յառաջիկայ շաբաթավերջին, 1 Մայիսի ոչ-աշխատանքային օրն ալ ներառեալ, 3 օրուայ փողոց դուրս գալու սահմանափակում մը ի զօրու պիտի դառնայ Թուրքիոյ բոլոր մեծ քաղաքներուն եւ այդ շարքին նաեւ Իսթանպուլի մէջ։

Միւս կողմէ, Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճան ալ երէկ ներկայացուց վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, Թուրքիոյ մէջ գագաթնակէտին հասած է առողջացածներու թիւը։ Երէկուան դրութեամբ 4 հազար 651 հիւանդ առողջացած է եւ այս թիւը մրցանիշ մըն է երկրին համար։ Խտացեալ խնամքի կամ արհեստական շնչառութեան սարքի ենթակայ հիւանդներու թիւն ալ նկատելի թափով կը նուազի։ Ֆահրետտին Քոճա յայտնեց, որ այս յաջողութիւնը պէտք չէ վտանգուի։

Երէկ Թուրքիոյ մէջ կատարուած է 20 հազար 143 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուած՝ 2 հազար 131 նոր դէպք։ Համաճարակի հետեւանքով երէկ 95 հոգի մահացած է Թուրքիոյ մէջ եւ կորուստներու ընդհանուր թիւը հասած՝ 2 հազար 900-ի։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 28, 2020