ՄՆԱՑԱԿԱՆԵԱՆ ԵՒ ՔԼԱԱՐ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱՆ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ՎԵՐՋԻՆ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի տագնապի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրուցակիցները քննարկեցին քորոնաժահրի համաճարակի ծաւալումով պայմանաւորուած մարտահրաւէրները եւ անոնց դէմ ձեռնարկուած քայլերը։ Մնացականեան եւ Քլաար անդրադարձան տարածքաշրջանային վերջին իրադարձութիւններուն։ Արցախի մէջ տեղի ունեցած նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններու համատեսքին մէջ Զօհրապ Մնացականեան ընդգծեց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ժողովրդական չափանիշներու համապատասխան ընտրութիւններու կարեւորութիւնը՝ մարդու իրաւանց իրացման, Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան ապահովման ու խաղաղ կարգաւորման գործընթացի արդիւնաւէտ տեւականացման տեսակէտէ։

Հեռախօսազրոյցի ընթացքին կողմերը շօշափեցին նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ, ապրիլի 21-ին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ տեղի ունեցած տեսաքոնֆերանսը, որու աւարտին համատեղ հնգակողմ յայտարարութիւն մը հրապարակուած էր։ Այս առընչութեամբ երկուստեք առանձնայատուկ ընդգծուեցաւ համաճարակի դէմ ձեռնարկուած համաշխարհային պայմաններու ներքեւ հրադադարի դրութեան անվերապահ պահպանման եւ ամրապնդման ուղղութեամբ քայլեր առնելու անհրաժեշտութիւնը։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 30, 2020