Թոփգաբուի Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Մոնիք Երկանեան հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն՝ տասնմէկ տարիներու երախտաշատ սպասարկութենէ մը վերջ
Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Մոնիք Երկանեան հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Ան այս առաւօտ մեր մամուլը տեղեակ պահեց այս իրադարձութեան շուրջ։ Մոնիք Երկանեան երկար ժամանակէ ի վեր կ՚արտայայտուէր նման մտադրութեան շուրջ։ Հետեւաբար, սա հարիւր տոկոսով անակնկալ մը չէ համայնքային շրջանակներուն համար, սակայն անսպասելի՝ ժամկէտին տեսանկիւնէն։ Որքան որ ալ անակնկալ մը չըլլայ, այս իրադարձութիւնը մեր համայնքային կեանքին տեսակէտէ արտասովոր է, նաեւ առանց չափազանցութեան՝ ցնցիչ։ Մոնիք Երկանեան լքած է թէ՛ ատենապետի պաշտօնը եւ թէ թաղային խորհուրդի անդամակցութիւնը։
Մեր համայնքի այժմու իրականութեան եւ դիմագրաուած մարտահրաւէրներուն տեսանկիւնէն Մոնիք Երկանեանի հրաժարականը ունի կարեւոր նշանակութիւն։ Տասնմէկ տարուան անմնացորդ ու լիարժէք ծառայութեան, համայնքային սպասաւորութեան մը մասին է խօսքը։ Տասնմէկ տարի առաջ երբ Մոնիք Երկանեան լծուած էր գործի, Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանը արդէն անդունդի եզրին էր։ Օրուան պատրիարքին գլխաւորութեամբ գումարուած համայնքային խորհրդակցութիւններու արդիւնքին որոշուած էր այս վարժարանին գործունէութիւնը կասեցնել՝ նիւթական դժուարութեան եւ արդիւնքներու անբաւարարութեան հետեւանքով։ Տասնամեակներ շարունակ բարձի թողի վիճակի մատնուած սահմանափակ մարդուժով կառավարուած դպրոց մըն էր այս մէկը, հակառակ իր փայլուն պատմութեան։ Մոնիք Երկանեան ահա՛ այդ ճակատագրական պահուն հրապարակ իջնելով ստեղծած էր նոր շարժում մը։ Երկար տասնամեակներ իր ընտանիքին հետ որպէս բարերար թէեւ այդ դպրոցին ալ միշտ աջակցած էր, սակայն այդ ճակատագրական պահուն արտասովոր քայլ մը առնելով նետուած էր անվարան մեծ ոդիսականի մը։ Համայնքային կեանքէն ներս շատ ընդհանրացած երեւոյթ մը չէր ու մինչեւ հիմա ալ չէ յառաջատար բարերարի մը հաստատութեան մը մէջ վարչական պատասխանատուութիւն ստանձնելը։ Այս ուղղութեամբ բացառութիւններն ալ ընդհանրապէս կ՚ըլլան մեր հինգ հաստատութիւններու կամ հայահոծ թաղերու պարագային։
Մոնիք Երկանեան այդ հանգրուանին առանց որեւէ յարակից հանգամանք հաշուի առնելու ճամբայ ելաւ փրկելու համար Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանը։ Նոյնիսկ օրուան պատրիարքը չէր աջակցեր իր ազգանուէր, կրթանուէր այս նախաձեռնութեան, սակայն ան չվհատեցաւ եւ իր սկզբունքայնութեան ճանապարհէն չշեղելով՝ նաեւ յաջողեցաւ իր շուրջ համախմբել համախոհներ։ Այդ համախոհները կու գան զանազան սերունդներէ եւ խաւերէ, ինչ որ զօրակոչի մը մթնոլորտը կը ստեղծէր համայնքէն ներս։ Մոնիք Երկանեանի սկզբունքայնութեան առաջին դրսեւորումը եղաւ այն, որ պաշտօնը ստանձնելու հանգրուանին ան Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ընտրութիւնը բացաւ համայնքի ընդհանուրին եւ այդպէսով բարձրացուց իր եւ իր գործընկերներուն ներկայացուցչական հանգամանքը, նաեւ հեղինակութիւնը։
Տասնմէկ տարիներու պաշտօնավարութեան ընթացքին Մոնիք Երկանեան դարձաւ Թոփգաբուի ընտանիքին խորհրդանշանը։ Այսօր բոլորը անկեղծօրէն կը վկայեն, թէ ան եղաւ Թոփգաբուի ընտանիքին գորովագութ մայրը։ Համայնքէն ներս ունեցած ամէն տեսակ դիրքով հանդերձ, Մոնիք Երկանեան միշտ գերադասեց Թոփգաբուն եւ ամէն հարթակի վրայ պատգամեց Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի գոյատեւման կարեւորութիւնը, յարատեւման անհրաժեշտութիւնը։ Ան համոզուած էր, թէ թրքահայ իրականութեան մօտ այս դպրոցը ունի առանձնայատուկ դիրք մը, մասնաւոր առաքելութիւն մը, որովհետեւ այնտեղ կ՚ուսանէին, նաեւ կը խնամուէին մեր համայնքի ամենահամեստ խաւերու ընտանիքներուն զաւակները։ Ընկերային տեսակէտէ խոցելի այդ խաւերուն զաւակները Մոնիք Երկանեանի եւ ընկերներուն շնորհիւ առաջնորդուեցան դէպի հայ դպրոց ու դաստիարակուեցան հայկական վարժարանի մը շունչով, վայելեցին անոր մթնոլորտը։ Վստահաբար, տարիներ վերջ այդ աշակերտներուն կեանքի փորձառութիւնը պիտի արդարացնէ այս շրջանին կատարուած անգնահատելի, վիթխարի զոհողութիւնները։
Մոնիք Երկանեան տասնմէկ տարուան այս մեծ գործը կատարեց մեծ եռանդով մը։ Համայնքային շրջանակներուն մէջ դժբախտաբար եղան մօտեցումներ, թէ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանը կը վայելէր Մոնիք Երկանեանի ժամանակաւոր հովանաւորութիւնը։ Ան բացարձակապէս կ՚ընդդիմանար այս մօտեցումներուն։ Թէեւ անսպառ եռանդով մը կը գործէր, սակայն բացարձակապէս դէմ էր, որ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի պարագային համայնքը կորսնցնէր հաւաքական պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը, կամ հեռանար համապատասխան վերաբերմունքէ։ Ան միշտ կ՚ընթանար այն յոյսով, թէ մեր համայնքային հաստատութիւններուն եկամուտները կ՚աւելնան ներկայ նոր շրջանին եւ հասոյթներու բարձրացման զուգահեռ պիտի ամրապնդուի նաեւ մեր հաստատութիւններուն միջեւ զօրակցութիւնը, իսկ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանը այդ արդիւնքէն անմասն չմնալով պիտի կարենայ երաշխաւորել իր ապագան։ Դժբախտաբար, այսպիսի մթնոլորտ մը տակաւին չէ ստեղծուած։ Իր ատենապետութեան տասնմէկ տարիներուն ընթացքին Մոնիք Երկանեան այս ահազանգը հնչեցուց Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին ի նպաստ կազմակերպուած տարեկան բոլոր սիրոյ սեղաններուն ընթացքին։ Վարչական բնոյթով բոլոր համայնքային ժողովներու ժամանակ ան պատգամեց այս անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարենայ երաշխաւորել այս դպրոցին ապագան ու կարենայ նոր հիմքերու վրայ զետեղել անոր վերապահուած գործին շարունակականութիւնը։
Մոնիք Երկանեանի պաշտօնավարութեան տասնմէկ տարիները միեւնոյն ժամանակ եկան ապացուցանել, թէ անհատի գործօնը որքա՛ն նախախնամական ազդեցութիւն մը կրնայ գործել մեր հաւաքական կեանքէն ներս՝ հաստատութեան մը գոյատեւման, նպատակի մը յամառօրէն հետապնդման տեսանկիւնէն։ Արդարեւ, այս տասնմէկ տարիներուն ընթացքին Մոնիք Երկանեան չաշխատեցաւ Թոփգաբուին համար, այլ ապրեցաւ Թոփգաբուին հետ, ապրեցաւ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին հետ։ Ան միայն վարչական կարողութիւն չդրսեւորեց թաղային խորհուրդի գլխին, այլ որպէս անհատ շարժման անցուց իր բարեկամական շրջանակը, ինչ որ իր ապահոված նպաստին տեսակէտէ առանցքային էր։ Մոնիք Երկանեան ատենապետ մը, ղեկավար մը կամ աշխատող մը ըլլալէ աւելի ինքզինքը Թոփգաբուի ընտանիքի տրամադրութեան տակ դրաւ որպէս ներուժ։ Ան ամէն տեսակ զոհողութիւն յանձն առնելու առընթեր, նաեւ համայնքէն ներս պայմանաւորեց մթնոլորտ, որպէսզի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի նման մասնաւոր առաքելութեամբ մեր կրթարանները կարենան բաց մնալ եւ մեր կրթական համակարգէն ներս ստեղծուած արհեստական ու անհասկնալի նուիրապետութիւններու հետեւանքով չդասուին երկրորդական։ Պէտք է խոստովանիլ, որ իր ստեղծած շարժման ազդեցութիւնը սահմանափակ չմնաց լոկ մեր համայնքով։ Արտասահման հաստատուած նախկին պոլսահայեր եւս զօրակցեցան այն շարժման, որուն ջահակիրը հանդիսացաւ Մոնիք Երկանեան։ Շարժման անցան նաեւ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի զանազան սերունդներէ շրջանաւարտները, որոնք զգացական անբացատրելի տխրութիւն մը կ՚ապրէին իրենց վարժարանի գոյատեւման սպառնացող վտանգներուն բերումով։ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի շրջանաւարտները խրախուսուեցան Մոնիք Երկանեանի վճռական ու ճակատագրական միջամտութիւններուն շնորհիւ։ Անոնք ալ իրեն հետ հաւատացին, որ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանը կրնայ ու պէտք է ունենայ նոր ապագայ մը, անոր գործունէութիւնը պէտք է դրուի նոր հարթութեան մը վրայ եւ անոր մատուցած ծառայութիւնները, ջամբած ուսումը ունենան նոր որակ մը։
Ալեկոծեալ այս ծովուն մէջ նաւարկութեան ընթացքին Մոնիք Երկանեան առաջին հերթին վայելեց իր ամուսնոյն՝ յայտնի ազգային բարերար Արէտ Երկանեանի աջակցութիւնը։ Տասնամեակներէ ի վեր մեր կրթօճախներուն եւ բոլոր հաստատութիւններուն ի նպաստ բերած հետեւողական աջակցութեան զուգահեռ՝ Արէտ Երկանեան եղաւ առաջինը, որ մեծապէս ողջունեց իր կողակցին զգացած պատրաստակամութիւնը՝ ազգին ծառայութիւն մատուցելու եւ անոր նոր սերունդը դաստիարակելու ուղղութեամբ զգացած պատրաստակամութիւնը։ Մոնիք Երկանեանի ստանձնած ատենապետի պաշտօնը կարծես նոր պատասխանատուութիւն մը ընկալուեցաւ Երկանեան ամոլին կողմէ։ Արէտ Երկանեան, լուռ ու մունջ ամենայն համեստութեամբ բազմապատկեց այս դպրոցին համար կատարած ներդրումները։ Ան, անձայն անշշուկ աստղաբաշխային համեմատութիւններու հասցուց Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին համար կատարած նուիրատուութիւնները եւ այդ բոլորը ընելու ժամանակ կ՚ապրէր այն հոգեւոր բաւարարութիւնը, թէ նոր մտայնութիւնով մը գործի ձեռնարկած թաղային խորհուրդը լիուլի կ՚արժեւորէր այդ բոլորը։ Իսկապէս, արդիւնքը միշտ տեսանելի էր եւ Մոնիք Երկանեանի կողմէ գլխա-ւորուած թաղային խորհուրդը յաչս բոլորին թափանցիկ ու համոզիչ էր՝ համայնքին կողմէ ներդրուած միջոցները առաւելագոյն նպատակասլացութեամբ արժեւորելու իմաստով։
Այս բոլորին առընթեր, Մոնիք Երկանեան ուրիշ շատ կարեւոր սպասարկութիւն մըն ալ բերաւ Թոփգաբուի ընտանիքին։ Ան ոչ միայն որպէս վարչային կամ բարերար գործեց Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին համար, այլ նաեւ որպէս անհատ ստեղծագործե՛ց։ Չենք գիտեր, որ այս վերջին տարիներուն Մոնիք Երկանեան քանի՛ ցուցահանդէս կազմակերպեց Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի ի նպաստ։ Ան իր ազատ ժամերուն որպէս սիրող կատարած նկարչական աշխատանքն ալ, ստեղծագործութեան պտուղներն ալ մատուցեց դարձեալ Թոփգաբուի համար։ Այդ ստեղծագործութիւնները բարձր նշանակութիւն ունէին այն առումով, որ հանդիսացան վառ ապացոյց մը, թէ Մոնիք Երկանեան նաեւ իր ներաշխարհին դրսեւորումները կը բաժնէր Թոփգաբուի ընտանիքին հետ, մեր համայնքին հետ՝ միշտ պատգամելով Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի ապագայի երաշխաւորման անհրաժեշտութիւնը։
Իր հրաժարականին կապակցութեամբ այս առաւօտ հեռախօսազրոյց մը ունեցանք Մոնիք Երկանեանին հետ, որ մեր հարցումներուն պատասխանեց ամենայն լրջութեամբ, ինչպէս որ կ՚ընէր տասնմէկ տարիէ ի վեր։ Մոնիք Երկանեան իր ատենապետութեան տարիներուն միեւնոյն ժամանակ եղած է մեծ ջատագով մը, որպէսզի Թոփգաբուի ընտանիքը կայուն եւ ամուր կապ մը ունենար մեր մամուլին հետ եւ անոր սիւնակներուն մէջ միշտ ցոլանար Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի անցուդարձը։ Իր հրաժարականին դրդապատճառները բացատրելու ժամանակ ան նախ եւ առաջ շեշտեց, որ որեւէ տարակարծութիւն մը խնդրոյ առարկայ չէ, որեւէ հարցի մը հետեւանքով առնուած որոշում մը չկայ, թաղային խորհուրդի բոլոր անդամները, անխտիր, իրեն համար կը շարունակեն մնալ շատ սիրելի ու համակրելի, սակայն այլեւս կը զգայ յոգնած։ «Ես մինչեւ այստեղ բերի, այլեւս պիտի շարունակեն երիտասարդները։ Իմ փորձառութիւնը, խորհուրդները, ի պահանջել հարկին միշտ պիտի ըլլան անոնց տրամադրութեան տակ։ Տասնմէկ տարի շատ համերաշխ եւ արգասաբեր աշխատանք տարինք խմբովին, բայց այլեւս պէտք է ժամանակ տրամադրեմ նաեւ իմ ընտանիքիս», ըսաւ ան եւ աւելցուց, թէ երիտասարդներն ալ ընդունած են յանձն առնել պատասխանա-տըւութիւն։ Մոնիք Երկանեան դիտել տուաւ, թէ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանը այսօր հասած է շատ լաւ կէտի մը եւ իրենք միշտ դրուատալից արտայայտութիւններ կը ստանան անոր հասած դիրքին կապակցութեամբ։
Մոնիք Երկանեանի արտայայտութիւններէն կարելի է հետեւցնել նաեւ, թէ իր հրաժարականին մէջ կարեւոր դեր խաղացած է նաեւ համայնքային հաստատութիւններու մատակարար մարմիններու ընտրութեան անորոշ ձեւով յետաձգուած ըլլալու հանգամանքը։ Եթէ նոր ընտրութիւններուն թուականը յայտնի ըլլար, թէկուզ ան որոշէր իր ընկերներուն հետ դիմանալ մինչեւ նոր ընտրութեան թուականը, սակայն ժամկէտի անորոշութեան վիճակը արդէն ստուեր ածած է նաեւ այդ համբերութեան սահմանը։ Հետեւաբար, Մոնիք Երկանեան այլեւս բաւ համարած է իր պաշտօնավարութիւնը եւ այս հանգրուանին ալ իր առած քայլով կը փոխանցէ տալ պատգամ մը։ Ան մեզի յայտնեց, թէ մեր համայնքային հաստատութիւններուն մօտ երէց սերունդի վարչայինները պէտք է լաւ կշռադատեն, թէ ո՛ր հանգըուանին պէտք է իրենց պաշտօնը փոխանցեն երիտասարդներուն, որպէսզի հերթի առողջ փոփոխութիւններով կայուն երթ մը ունենան մեր հաստատութիւնները։ «Նորութեան պակասը լճացում կը բերէ», ըսաւ Մոնիք Երկանեան։
Այս հրաժարականէն վերջ, հիմա կը նախատեսուի, որ Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի դիւանը վերաձեւաւորուի՝ նոր ատենապետի մը ընտրութեամբ։
Երբ մեր հաստատութիւններու պարագային հերթի փոփոխութիւնները երբեմն տեղի կու տան ցնցումներու, Թոփգաբուի նման համեստ ներուժով թաղի մը մէջ ահա ճիշդ հակառակ ուղղութեամբ, դրական ու ողջունելի օրինակ մը կ՚ապրուի, շնորհիւ Մոնիք Երկանեանի իմաստուն ղեկին։ Ան իր ստանձնած գործը պատուով կատարած է եւ հիմա կը փոխանցէ բաց ճակատով, իր ներդրած վաստակին համար արժանացած ըլլալով համատարած արդար գնահատանքի։ Մոնիք Երկանեանի հրաժեշտի հանգրուանը անշուշտ յուզումնախառն նշանակութիւն ունի Թոփգաբուի ընտանիքին տեսակէտէ, սակայն սա նաեւ պէտք է ըլլայ նոր սկիզբ մը, որպէսզի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանը կարենայ գոյատեւել տակաւին երկար տարիներ։
Մեզի կը մնայ միանալ շարքերուն բոլոր անոնց, որոնք երախտագիտութեան խոր զգացումներով կ՚արձանագրեն Մոնիք Երկանեանի ստանձնած դերակատարութեան պատմական իմաստը՝ ինչպէս Թոփգաբուի այնպէս ալ մեր ամբողջ համայնքին տեսակէտէ։ Մոնիք Երկանեանի անունը, անտարակոյս, ոսկէ տառերով պիտի քանդակուի Թոփգաբուի ընտանիքի յիշողութեան մէջ։ Թրքահայութեան արդի տարեգրութեանց մէջ Մոնիք Երկանեանի յանձնառութեան արժէքը պիտի գնահատուի բարձր ու պիտի դասուի օրինակելի՝ յառաջիկայ սերունդներուն համար։ Ան եղած է Միսաքեան բարեհամբաւ գերդաստանի մերօրեայ արժանաւոր յաջորդը, արդարացուցած է նոյնպէս բարեհամբաւ Երկանեան գերդաստանին անունը եւ մեր ժողովուրդի երախտագիտութեան զգա-ցումները իր վարձքը հատուցելու ճանապարհին միշտ ուղեկից պիտի ըլլան իրեն։
Օրակարգի նիւթերը
- 11/25/2024