ՎԵՐԱՀՍԿԵԼԻ ՄԱԿԱՐԴԱԿ

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտարարեց, որ Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի նոր դէպքերու ծաւալումը կանխատեսելի մակարդակի մը վրայ կ՚ընթանայ։ Ըստ նախարարին կողմէ փոխանցուած վիճակագրական վերջին տուեալներուն, երէկուան դրութեամբ Թուրքիոյ մէջ 42 հազար 4 քննութիւն կատարուած է եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուած՝ 2 հազար 615 նոր վարակեալ։ Երէկ 93 հոգի զոհ գացած է համաճարակի, իսկ առողջացած հիւանդներու թիւն է՝ 4 հազար 846։

Երէկուան դրութեամբ Թուրքիոյ մէջ կատարուած քննութիւններու թիւը գերազանցած է 1 միլիոնի սահմանը։ 1 միլիոն 33 հազար 617 քննութեան հիման վրայ կայ հաստատուած 120 հազար 204 դէպք։ Թուրքիոյ մէջ ցայսօր ընդհանուր թիւով 3 հազար 174 հոգի զոհուած է համաճարակի հետեւանքով։ Ներկայիս խտացեալ խնամքի ենթակայ է 1514 հոգի։ Արհեստական շնչառութեան սարքի կապուած է 803 հոգի։ Առողջացած վարակեալներու թիւն է 48 հազար 886։

Այս տուեալներու լոյսին տակ Ֆահրետտին Քոճա դիտել տուաւ, որ արհեստական շնչառութեան կամ խտացեալ խնամքի անհրաժեշտութեամբ հիւանդներու թիւը կը նուազի, իսկ առողջացածներու թիւը կը բարձրանայ։ «Այս կէտին հասնիլը դիւրին չէ եղած։ Յամառօրէն հնազանդինք նախազգուշական միջոցներուն», ըսաւ նախարարը եւ աւելցուց, որ այս վիճակը մնայուն դարձնելու համար շատ կարեւոր է շփումներէ խուսափիլը եւ հեռաւորութիւն պահելը։ «Սահմանափակումներուն չհնազանդելու պարագային կրնայ նոր ալիք մը բարձրանալ, սակայն նախազգուշական միջոցներով այդ բանը չ՚ըլլար», շեշտեց Ֆահրետտին Քոճա։

Ուրբաթ, Մայիս 1, 2020