«ՌՈՄԱ»ԷՆ ՆՈՐ ԱՌԱՋԱՐԿ

Հայկական ֆութպոլի արդի մեծ աստղերէն, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեանի անունը ներկայիս դարձեալ օրակարգի վրայ է մարզական աշխարհէ ներս։ Երբ ֆութպոլի մէջ փոխանցման շրջանը մօտեցած է, Հենրիխ Մխիթարեանի ապագային վերաբերեալ հաւանականութիւններն ալ մարզական մամուլի ուշադրութեան առարկայ կը դառնան։ Մխիթարեան ներկայիս Իտալիոյ «Ռոմա» ակումբի մարզաշապիկը կը կրէ՝ վարձուած ըլլալով Անգլիոյ «Արսենալ» ակումբէն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Ռոմա» ակումբը կը փափաքի իր կազմին մէջ պահել Մխիթարեանը։ Ըստ իտալական լրատուամիջոցներու հաղորդումներուն, Մխիթարեանը իր կազմին մէջ պահելու համար «Ռոմա» «Արսենալ»ին կ՚առաջարկէ ուրիշ խաղացող մը եւ 10 միլիոն եւրօ գումար։

Երկուշաբթի, Մայիս 4, 2020