ՀԲԸՄ ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՄԷՋ ՍՆՆԴԱՄԹԵՐՔ ԿԸ ՏՐԱՄԱԴՐԷ ԿԱՐԻՔԱՒՈՐ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) սկիզբ տուած է «AGBU LA Cares» նախաձեռնութեան՝ նպատակ ունենալով օժանդակել բոլոր անոնց, որոնք անհրաժեշտութիւնը ունին հիմնական սնունդի, Covid-19 համաճարակով պայմանաւորուած առկայ մթնոլորտին մէջ։ Արդարեւ, մարդիկ կը դժուարանան այս շրջանին դիմագրաւել իրենց կարիքները՝ համաճարակին զուգահեռ բխած նիւթական դժուարութիւններու պատճառով։

ՀԲԸՄ-ի պատասխանատուները եւ Լոս Անճելըսի շրջանի ամերիկահայ համայնքի անդամներ քով քովի եկան վերջերս՝ բաշխելու ջուր եւ ուտեստի առաջին խմբաքանակը բոլոր անոնց, որոնք կարիքը ունին դժուարին այս օրերուն։ Հնազանդելով ընկերային հեռաւորութեան եւ առողջապահական խիստ ցուցմունքներուն, իրերը ծրարուած էին օգնելու համար ընտանիքներու՝ ընձեռելով հաւասարակշռուած եւ առողջարար սնման յարմարութեամբ ուտեստներ։ Նշենք, որ իւրաքանչիւր ծրար կ՚ապահովէ մէկ-երկու շաբթուան սննդամթերք։

ՀԲԸՄ-ի խումբ մը կամաւորներ աջակցեցան ծրարներու պատրաստութեան, բաժնելուն եւ դրամահաւաքին։ Լեւոն Քէշիշեան (Քանոկա Փարքի ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանէն LA Cares ծրագրի գործավար) կը համակարգէր գնումներու կարեւոր աշխատանքը, գործակցելով վարժարանի խոհարարին հետ՝ ընտրելու բազմատեսակ բարձրորակ ապրանքներ։ Կամաւորները կը ծրարէին պանիր, ոսպ, աղ, թէյ, ձիթաիւղ, բրինձ, դդմաճ եւ այլ ուտեստներ՝ յուսալով օժանդակել անոնց, որոնք սնունդի սահմանափակ միջոցներ ունին։ Աւելի քան 100 ծրարներ ապահովուեցան նուազ քան 48 ժամուան ընթացքին։

Նախաձեռնուած էին իրերը յանձնելու հեռավար միջոցներ ՀԲԸՄ-ի Քանոկա Փարքի դպրոցէն, ինչպէս նաեւ Փասատինայի դպրոցէն ու կեդրոնէն, ուր կամաւորներ

համապատասխան դիմակներով եւ ձեռնոցներով, տուփերն ու ջուրը ուղղակիօրէն կը զետեղէին մօտեցող ինքնաշարժներուն բեռնարկղին մէջ։ Մուտքն ու ելքը այնպէս մը դասաւորուած էին, որ իրերու ստացումը ըլլայ ապահով եւ արդիւնաւէտ թէ՛ ստացողներուն եւ թէ կամաւորներուն համար, պահելով ընկերային հեռաւորութեան ուղեցոյցները։

Երուանդ Տեմիրճեան (ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ հոգին «AGBU LA Cares» նախաձեռնութեան) այս առիթով ըսաւ. «Արտակարգ այս ժամանակներուն, մենք աւելի քան երբեք աւելի կը մտածենք մեր մեծ ընտանիքին մասին։ Որպէս հայեր եւ լոսանճելըսցիներ՝ մենք իրարու աւելի մօտիկ կը զգանք՝ որպէս համայնք։ Կը յուսանք, թէ այս ծրարը «AGBU LA Cares»ի կողմէ ժպիտ բերէ բոլորի դէմքերուն. անոնց, որոնք կարիքը ունին ամենէն շատ, թէկուզ քանի մը երկվայրկեան միայն»։

ՀԲԸՄ կը նախատեսէ շարունակել իր ջանքերը օգնելու համար անոնց, որոնք կարիքը ունին ամենէն շատ։ Առաքումները պիտի շարունակուին մայիս ամսուան ընթացքին։ Անոնք, որոնք կը փափաքին նուիրատուութիւն ընել կամ Լոս Անճելըսի շրջանէն ներս կը ճանչնան նպաստընկալի թեկնածուներ, կրնան հետեւիլ այս կապին.
agbu.org/LAcares
եւ կրնան ապահովել ծրար մը, կրնան փոխանցել տեղեկութիւններ։

ՀԲԸՄ-ը աշխարհի ամենամեծ ոչ-շահութաբեր կազմակերպութիւնն է նուիրուած հայկական մշակութային ժառանգութեան՝ կրթական, մշակութային եւ մարդասիրական ծրագիրներու միջոցով։ Ամէն տարի ՀԲԸՄ-ը կը հասնի աւելի քան 500 հազար հայորդիներու՝ Հայաստանի, Արցախի եւ հայկական սփիւռքի տարածքին։ 1906-էն իվեր, ՀԲԸՄ-ը հաւատարիմ մնաց մէկ գերագոյն նպատակի. հիմք ստեղծել համայն հայութեան բարգաւաճման համար։ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան ափի տարածքին, ուր կ՚ապրին աւելի քան մէկ միլիոն ամերիկահայեր, ՀԲԸՄ-ի Արեւմտեան ափի գրասենեակը կը գտնուի Փասատինայի մէջ եւ կը ծառայէ հայ համայնքին իր մասնաճիւղերուն, յատուկ խմբակներու, համայնքային կեդրոններու, դպրոցներու, մշակութային, արուեստի, ընկերային եւ երիտասարդական ծրագիրներու միջոցով, ինչպէս՝ մարզական եւ սկաուտական շարժումները, թատերախումբը եւ խորհրդատուական ծրագիրը։

Մանրամասնութիւններու համար դիմել www.agbu.org եւ https://agbuwesterndistrict.org/։

Երեքշաբթի, Մայիս 5, 2020