Չորեքշաբթի 25, Դեկտեմբեր 2024
ԴԷՊԻ ԵՒՐՈՊԱ ՆՈՐ ԵՐԹՈՒՂԻ
Չինաստան բացած է երկաթուղային բեռնափոխադրումներու նոր ուղի մը դէպի Եւրոպա։ Այսպէս, Չինաստան-Եւրոպա երկաթուղային բեռնափոխադրումներու նոր ուղին, որ կը կապէ չինական Եու քաղաքը Լիթվայի մայրաքաղաքին՝ Վիլնիուսի հետ, բացուած է մայիսի 4-ին:
Սոյն երթուղիի երկարութիւնը 10.146 քիլօմեթր է, որ կ՚անցնի Ղազախիստանով, Ռուսաստանով եւ Սպիտակ Ռուսիայով: Վիլնիուսէն բեռները կ՚ուղղուին Եւրոպայի 36 երկիր՝ ներառեալ Սպանիան, Դանիան, Զուիցերիան, Ֆրանսան:
Երկաթգծի ուղղութեան գործարկումը դարձաւ նոր գիծ՝ միջազգային փոխադրումներու համար համավարակի պայմաններուն մէջ:
Ներկայիս Եու քաղաքը 12 բեռնափոխադրումային երթուղիներով կապուած է 37 երկիրներու ու շրջաններու հետ ամբողջ Եւրոասիոյ տարածքին:
Չորեքշաբթի, Մայիս 6, 2020