ՓԱՇԱԶԱՏԷ ԴԻՄԵՑ ԹՐԱՄՓԻՆ
Կովկասի մահմետականներու առաջնորդ եւ Ատրպէյճանի շէյխիւլիսլամ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէ նամակ մը ուղարկեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, ան այս առթիւ կոչ ուղղեց, որպէսզի Իրանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցները չեղարկուին։ «Մեր սրբազան գիրքերը՝ Աւետարանն ու Քուրանը մեզ կը կոչեն բարեգութ ըլլալու եւ կարեկից։ Համաշխարհային այս տագնապի պայմաններուն ներքեւ իրանցիները զրկուած են խիստ անհրաժեշտ դեղամիջոցներէ, երկիրը կանգնած է մարդասիրական աղէտի շեմին», նշուած է Փաշազատէի նամակին մէջ։
2018 թուականի մայիսին, Թրամփի տնօրինութեամբ, Ուաշինկթըն միակողմանիօրէն ետ քաշուած էր Թեհրանի հետ կնքուած միջուկային համաձայնագրէն՝ վերականգնելով Իրանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցները։ Սպիտակ տունը կը պնդէ, թէ հակառակ միջազգային հանրութեան տուած խոստումներուն՝ Թեհրան կը շարունակէ իր հիւլէական ծրագրերը, կը գանձատրէ ահաբեկիչներն ու կ՚ապակայունացնէ իրավիճակը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։ Իրան կը հերքէ այս բոլոր մեղադրանքները։