ԷՐԻՔ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ ՀՐԱԺԱՐԱԾ ՆԱԽԱՐԱՐԻ ՊԱՇՏՕՆԷՆ

Հայաստանի Շրջակայ միջավայրի նախարար Էրիք Գրիգորեան հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ ստորագրեց համապատասխան հրամանագիրը, որով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի դիմումին ընդառաջ Էրիք Գրիգորեան ազատուեցաւ նախարարի պաշտօնէն։ Ան 1 յունիս 2019 թուականէն ի վեր կը վարէր շրջակայ միջավայրի նախարարի պաշտօնը։ Մինչ այդ, 12 մայիս 2018 թուականէն սկսեալ ան բնապահպանութեան նախարար էր։

Հայաստանեան լրասփիւռներու հաղորդումներով, լուրի տարածումէն անմիջապէս վերջ պաշտօնական աղբիւրները որեւէ պատճառաբանութիւն չհաղորդեցին։ Իսկ այս առաւօտ Նիկոլ Փաշինեանի բանբերը՝ Մանէ Գէորգեան տեղեկացուց, որ Էրիք Գրիգորեան հրաժարականի դիմում ներկայացուցած է եւ վարչապետի միջնորդութեամբ՝ Հանրապետութեան նախագահը հաստատած է այդ հրաժարականը։ Ըստ Մանէ Գէորգեանի, որքան ինք տեղեակ եղած է՝ Էրիք Գրիգորեան հրաժարականի պատճառներուն շուրջ ոչինչ յայտնած է Նիկոլ Փաշինեանին կամ կառավարութեան։ Էրիք Գրիգորեանի հրաժարականը Հայաստանի մամուլէն ներս կը մեկնաբանուի զանազան վարկածներու լոյսին տակ։ Արդարեւ, Հայաստանի բնապահպանները ողջունելի կը համարեն այս իրադարձութիւնը։ Մասնաւորապէս Ամուլսարի հանքի գործարքի դէմ պայքարողներուն համար ժխտական կերպար մը կը պայմանաւորէր Էրիք Գրիգորեան։ Երեւանեան կարգ մը թերթեր ալ կը գրեն, որ Էրիք Գրիգորեան առաջարկ ստացած է՝ միջազգային կազմակերպութեան մը մէջ բաւական բարձր աշխատավարձով, որպէս մասնագէտ աշխատելու ուղղութեամբ եւ իր հրաժարականն ալ պայմանաւորուած է այս հանգամանքով։

Չորեքշաբթի, Մայիս 6, 2020