ՆՈՐ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐ

Մայիսի 11-էն՝ յառաջիկայ երկուշաբթիէն սկսեալ Թուրքիոյ մէջ նոր կեանք մը սկիզբ պիտի առնէ։ Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարելու նպատակով հաստատուած սահմանափակումներու աստիճանական մեղմացումը պիտի սկսի՝ յստակ կանոններու հիման վրայ։ Արդէն հետզհետէ յայտնի կը դառնան այս նոր շրջանին համար նախատեսուած կարգադրութիւնները։ Սափրիչներն ու վարսավիրները ժամադրութիւնով յաճախորդ պիտի ընդունին։ Առեւտուրի կեդրոններ այցելել կարելի պիտի ըլլայ միայն դիմակով, այցելուներու ջերմութիւնը պիտի չափուի եւ վերելակները պիտի չգործեն։ Խանութներէ ներս զգեստները փորձարկելու համար յատկացուած տարածքները պիտի ենթարկուին հականեխման։ Դրամարկղերու մօտ վճարումներու ժամանակ յաճախորդներու միջեւ 2 մեթր հեռաւորութիւն պիտի պահուի։ Լիսէներու եւ համալսարաններու մտից քննութեան ժամանակ աշակերտներուն պիտի բաժնուին դիմակներ եւ հականեխիչներ։ Քննութիւններու ժամանակ աշակերտները պիտի նստին՝ ընկերային հեռաւորութեան անհրաժեշտութիւններուն համապատասխան ձեւով։ Զօրակոչերն ու զօրացրումները պիտի սկսին մայիսի 31-ին։ Այս պատճառով 65 հազար զինուոր մօտակայ Ռամազանի տօնը պիտի նշէ զօրանոցներէ ներս։ Առաջին անգամ այս կիրակի չորս ժամով փողոց դուրս գալու հնարաւորութիւն պիտի ունենան 65 տարեկանէ վեր քաղաքացիները։ Անոնք պիտի կարենան իրենց բնակարաններէն հեռանալ մինչեւ քալելով հասնելիք կէտեր։ Պիտի չկարողանան հանրային փոխադրամիջոցներէ օգտուիլ։ Դիմակ պիտի կրեն, ընկերային հեռաւորութիւնը պիտի պահեն եւ անհրաժեշտութեան պարագային ընտանիքէն ընկերակից մը պիտի ունենան։

Այս մեղմացումներուն ընդառաջ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հանդէս եկաւ քաղաքացիներուն ուղղեալ կոչով մը։ «Խստագոյնս պէտք է հնազանդինք կանոններուն։ Պէտք չէ դիմենք այնպիսի ռիսքերու, որոնք համաճարակը վերստին կրնան հրահրել։ Եթէ կանոններուն չհնազանդինք, ապա փոխարժէքը բոլորով պիտի վճարենք», զգուշացուց նախագահ Էրտողան։

Միւս կողմէ, Առողջապահութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ երէկ Թուրքիոյ մէջ կատարուած է 33 հազար 283 նոր քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուած է 1832 նոր վարակեալ։ Երէկուան դրութեամբ 59 հիւանդ մահացած է։ Առողջացած վարակեալներու թիւը երէկ կազմած է 5 հազար 119։ 

Չորեքշաբթի, Մայիս 6, 2020