ԱՂՈՏ ՅՈՒՇԵՐ ՊԱՏԵՐԱԶՄԷՆ

Ո՛չ պատերազմ տեսած եմ, ոչ ալ ապրած։

Իմ յուշերու մատեանին մէջ ան շատ աղոտ է։ Երբեմն կցկտուր, շարժուն պատկերներ ու դրուագներ կը կենդանանան իմ աչքի առջեւ. հեռուէն՝ մշուշի մէջէն ձայներ կը հասնին իմ ականջներուն։ Մշուշի քօղով ծածկուած այս յիշատակները ակամայ կը ջերմացնեն իմ սիրտն ու հոգին։ Ով կը մտածէր, որ օր մը սարսափազդու, աղէտալի օրերուն մասին պիտի խօսինք ջերմութեամբ ու կարօտով…

Ահաւասիկ, թեւակոխած եմ իմ կեանքի «որերորդ» յաղթանակի ամիսը։ Այո, մայիսը հայոց յաղթանակի ամիսն է։ Ի դէպ, ես ալ յաղթանակի ամսու ծնունդ եմ։ Ծնած եմ այս խորհրդանշական ամսուայ ճիշդ կէսին։

Մայրս կը պատմէ, թէ իմ առաջին քայլերը առած եմ ինքնուրոյն։ Սեպտեմբերի 7-ին մահացաւ Զաւէն պապիիս մայրը՝ Մարուսան։ Իմ մեծ մեծ մայրիկի յուղարկաւորութեան յաջորդ օրը՝ մերոնք այցելեցին լուսահոգի Մարուսա պապոյի ինքնահողը, գերեզմանը։ Վերադարձին խոր վշտի մէջ հարազատներով կը նստէին հիւրասենեակը, երբ յանկարծ ծագեցաւ լոյս մը։

Մեր հիւրասենեակն ու ննջասենեակը իրարմէ կը բաժնէր բարակ պատ մը, որու մէջտեղը կար անդուռն դուռ մը։ Ես ալ ննջասենեակի տախտակամածին նստած՝ հանգիստ կը խաղայի։ Յանկարծ ինքնուրոյն ոտքի ելայ ու վազեցի դէպի հիւրասենեակ։ Այսպէսով Խորհրդային Հայաստանէն ես իմ առաջին քայլերը կատարեցի դէպի Հայաստանի Հանրապետութիւն։ Այդ օրուընէ սկսեալ ես կը քայլեմ ինքնուրոյն, ինքնուրոյն որոշումներ կը կայացնեմ, մէկ խօսքով շատ ինքնուրոյն եմ։

Արցախեան պատերազմը չսկսած աշխարհ եկայ ես։ Չորս տարեկան էի, երբ այն աւարտեցաւ։ Բնական է, այդ տարիներէն պէտք է, որ բան չյիշեմ, սակայն ինչ-որ աղոտ յիշատակներ երբեմն կ՚այցելեն ինծի։ Իմ յուշերու թանգարանին մէջ առանձնայատուկ տեղ յատկացուցած եմ սա քրքրած, անգին ու թանկագին յիշատակներու աղոտ քօղին։

Կը յիշեմ սեւ պատերով, անշուք ու հնամաշ քանի մը կտոր կարասիներով մեր ապարանակերտ տունը։ Այդ սեւ պատերը լի էին անսահման ջերմութեամբ ու սիրով։ Թերեւս այս է պատճառը, որ ես մեր համեստ տունը կը պատկերացնէի իբրեւ ապարանք։

Օր մը մթնշաղին կ՚անձրեւէր։ Ես ալ երեք-չորս տարեկան երեխայ անօթի փորիկով կը քնանայի մեր տան պատշգամին։ Մայրիկս տունը չէր, տեղ մը գնաց, որպէսզի մեզի հաց բերէ։ Այնքան սպասեցի, որ ի վերջոյ քնացայ։ Մեր յարկի տակ կը տիրէր խորհրդաւոր լռութիւն մը։ Մեծ հայրս ու մեծ մայրս սրտատրոփ կը սպասէին դրացիներու հետ թալանի գացած մօրս վերադարձին։ Ահաւասիկ, մայրս վերադարձաւ կողով մը ուտելիք ի ձեռին։ Մինչեւ հիմա կը յիշեմ այդ հաւկթաձեւ, երկու բռնակով, սեւ ու ճերմակ գիծերէ բաղկացեալ կողովը։ Ճիշդ մեր կեանքի գիծերուն պէս, այդ շրջանին կը փորձէինք յաղթահարել գոյներու թագաւորը։ Մօրս վերադարձով մեր տունը շէնցաւ, ես ալ արթնցայ ճանկռտոցէն փիսիկին, որու հետ կը քնանայի գիրկընդխառն։

Մութ ու ցուրտ տարիներու վերաբերեալ ունիմ բազում կցկտուր յիշատակներ, որոնք այժմ կը դժուարանամ ի մի բերել։ Երբեմն անոնք կը կենդանանան իմ մտքի մէջ ու վայրկեաններ անց նորէն կ՚երթան ջուրի յատակը։

20-րդ դարու վերջին տասնամեակին մենք ունէինք պարտէզ, թոնրատուն, կովեր ու հաւեր։ Մայրիկս կը պատմէ, թէ պատերազմի դժնդակ օրերուն մենք հաւերու հետ միասին կը բնակէինք հաւնոցի մէջ։ Երբեմն օրեր ալ կովերու հետ գոմի մէջ կը պառկէինք։ Ժամանակի ընթացքին աստուածապաշտ արցախցիի համար պատերազմը վերածուած էր սովորական երեւոյթի։ Մարդիկ ռմբակոծութեան տակ կը շարունակէին ապրիլ ու արարել, հոգալ իրենց հանապազօրեայ հացի խնդիրը։

Ցածրադիր գօտիի մէջ տեղակայուած մայրաքաղաք Ստեփանակերտը անդադար կը գտնուէր հրթիռակոծութեան տակ։ Մեր տունէն յստակ կ՚երեւին դէպի Շուշի տանող բարձրադիր ոլորապտոյտ ճանապարհները, ուրկէ ալ հակառակորդը թիրախաւորած էր մեր գողտրիկ մայրաքաղաքը։

Մայրս կը պատմէ, թէ երբ կը սկսէին ռմբակոծել, մենք մեր տան երկրորդ յարկէն անմիջապէս կայծակնային արագութեամբ կը յայտնուէինք կա՛մ գոմի եւ կամ հաւնոցի մէջ։ Ամէն անգամ քառասուն հրթիռ կ՚արձակուէր Ստեփանակերտի վրայ։ Գոմի մէջ պապիկս իմ վրայ պառկելով իր մարմինով կը պաշտպանէր զիս, իսկ մայրս նոյն ձեւով կը պաշտպանէր իմ կրտսեր եղբայրը։ Մեր վրայ պառկած անոնք մտքի մէջ կը համրէին քառասուն հրթիռները։ «Երբ կ՚արձակէին քառասուներորդ հրթիռը, Աստուծոյ փառք տալով խոր շունչ մը կը քաշէինք, որ մնացած են ողջ ու առողջ ու մինչեւ յաջորդ հրթիռակոծումը կը վերադառնայինք մեր առօրեային։ Այլեւս գիտէինք, որ զրահամեքենան լիցքաւորելու համար անհրաժեշտ է քանի մը ժամ, մենք ալ կը փորձէինք այդ ժամանակահատուածը գործածել արդիւնաւէտութեամբ», կը պատմէ մայրս ու կը յաւելէ. «ճիշդ է մութ ու ցուրտ, դժուար ու դաժան, սովի տարիներ էին, սակայն մեր մէջ կ՚ապրէր յոյսը։ Սեւ օրերու մէջ լոյս կը տեսնէինք։ Յոյսով ապրիլը շատ գեղեցիկ է»։

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան 

Չորեքշաբթի, Մայիս 6, 2020