ՏՂԱՄԱՐԴՈՑ ՀԱՄԱՐ ԴԻՒՐԻՆ ՉԷ
Գիտե՛ս, ընկերուհիս, տղամարդոց համար դիւրին չէ,
Դուն կրնաս զիս քարկոծել։
Դուն կը գծես բարձրահասակ արքայազն…
Որ ըլլայ երիտասարդ, հարուստ ու ամենէն ուրախ։
«Տղամարդը՝ ան պարտաւոր է…», իսկ յետոյ ըստ ցուցակի,
Մեզի փոխարէն այլեւս գրած են ընկերային ցանցերու մէջ.
Վարդէ փունջեր՝ սիրային երկտողով,
iPhone, նորն ի դէպ ելած է օրերս…
Անոնցմէ՝ 25-ին, կը սպասեն յաջողութիւններ գլխապտոյտ,
Ինքնաշարժներ, բնակարաններ ու տուն որեւէ տեղ։
Եւ բնաւ ալ կարեւոր չէ, թէ ինչ խոչընդոտներ կան,
Արդեօք, իրե՛ն իսկ քրտինքով վաստակա՞ծ է։
Գիտե՛ս, ընկերուհիս, տղամարդոց համար դիւրին չէ։
Անոնց կարելի չէ արտասուել, խօսիլ տխրութենէ,
Անոնց քով շատ են «կարելի չէ»ներ, ինչ որ կարելի է մեզի՝ աղջիկներուս։
Ոչ… ես հիացած եմ, անոնց չեմ խղճար։
Անոնք կը դիմանան նոյնիսկ ջլախտաւորներու,
Որոնք նայելով հեռաձայնին կը պրպտեն գրպանները։
Տղամարդիկ կը ներեն այնքան սովորութիւններ։
Իսկ շատերուն՝ նողկալի ձայնը։
Ես գիտեմ տղամարդիկ՝ իսկապէս հաւատարիմ,
Սակայն անոնց բախտը չէ բերած. չես գիտեր ինչո՞ւ։
Կը սիրահարին յիմարներուն, նենգերուն ու գարշելիներուն,
Իսկ, որովհետեւ մեծամասնութիւն են այդպիսիք։
Այդ պատճառաւ ալ ամուսնանալու փափաք չունին։
Եթէ նոյնիսկ գործը հասնի երեսունին։
Անոնք մարմիններ շինած են վայելելու,
Իսկ սահմանէն այն կողմ, բան մը գտնել պարզապէս անկարելի է…
Գիտե՛ս, ընկերուհիս, տղամարդոց համար դիւրին չէ,
Իսկ խելացիներուն՝ հարիւրապատիկ աւելի դժուար
Անոնց քիչ են՝ դէմքեր, գեղեցկութիւններ կամ հասակներ։
Անոնք ինչպէս եւ դուն՝ կատարեալ կ՚ուզեն։
Առակ մը կայ շատ ծեր տղամարդու մասին,
Իննսուն տարեկան, սակայն ոչ ամուսնացած…
«Գտա՞ք կատարեալը», հարցուցին մահէն առաջ,
«Կատարեալ գտայ, սակայն փնտռեցի այնքան երկար…»,
«…Եւ ի՞նչ։ Ան պարզապէս մերժա՞ծ է ձեզ»,
«Աւա՜ղ, մերժեց, զբաղած էր…
«…Կը փնտռէր տղամարդ… բարձրահասակ,
«Որ ըլլար երիտասարդ ու հարուստ… Այսինքն երազ մը…»։
ԵՔԱԹԵՐԻՆԱ ՏՈՎԼԱԹՈՎԱ
Ռուսերէնէ թարգմանեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ