ԵՐԵՒԱՆ ԵՒ ՎԱՐՇԱՒԻԱ ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ԿԱՊԻ ՄԷՋ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Լեհաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եացէք Չափութովիչի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան քորոնաժահրով պայմանաւորուած մարտահրաւէրներուն եւ անոնց դիմագրաւման ուղղեալ քայլերուն եւ ծրագրերուն շուրջ։ Անոնք այս նիւթը արծարծեցին նաեւ Եւրոմիութեան հետ համագործակցութեան շրջանակին մէջ։

Մնացականեան եւ Չափութովիչ երկկողմանի օրակարգի համատեսքին մէջ պատրաստակամութիւն յայտնեցին աշխուժացնելու համար Հայաստան-Լեհաստան համագործակցութիւնը՝ փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ ոլորտներու մէջ, ներառեալ քաղաքական երկխօսութեան ամրապնդման միջոցաւ։ Նախարարները կանգ առին նաեւ համաճարակի հետեւանքով ստեղծուած պայմաններուն ներքեւ միջազգային եւ տարածքաշրջանային կազմակերպութիւններու շրջանակէն ներս արդիւնաւէտ համագործակցութեան շարունակականութեան ապահովման հարցերու վրայ։

Զօհրապ Մնացականեան եւ Եացէք Չափութովիչ մասնաւորապէս անդրադարձան Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան։ Այս ծիրին մէջ անոնք առանձնապէս ընդգծեցին Արեւելեան գործընկերութեան ձեւաչափի կարեւորութիւնը՝ որպէս արժէքահէն համագործակցութեան խթանման հարթակ։ Մնացականեան մատնանշեց նաեւ Հայաստանի եւ ԵՄ-ի միջեւ ստորագրուած Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի դերը՝ թէ՛ ԵՄ-ի եւ թէ անդամ երկիրներու հետ բազմակողմանի կամ երկկողմանի համագործակցութեան զարգացման տեսակէտէ։

Նախարարները կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ միջազգային եւ տարածքաշրջանային հրատապ հարցերու շուրջ։  

Ուրբաթ, Մայիս 8, 2020