«MODERNA»ԻՆ ԹՈՅԼՏՈՒՈՒԹԻՒՆ
Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ թափով յառաջ կը տարուին պատուաստանիւթ մը գտնելու աշխատանքները՝ ամբողջ աշխարհի մէջ։ Ամերիկահայ յայտնի գործիչ, գիտնական ու ձեռներէց Նուպար Աֆէեանի «Moderna» ընկերութիւնն ալ այս ջանքերուն ներգրաւուած է աշխուժօրէն։ Կենսափորձագիտական այս ընկերութիւնը ներկայիս կ՚անցնի պատուաստանիւթի հետազօտման երկրորդ փուլին։ Արդարեւ, «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Սնունդի եւ դեղօրայքի վերա-հըսկողութեան մարմինը «Moderna»ին տուած է համապատասխան անհրաժեշտ թոյլտուութիւնը։
«Moderna»ի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ երկրորդ փուլի աշխատանքները կը սկսին շատ շուտով։ Ներկայիս ընկերութիւնը կը նախատեսէ նաեւ հետազօտման երրորդ փուլին անցնիլ ամրան սկիզբին։
Ամերիկեան եւ գերմանական դեղօրայքի զանազան ընկերութիւններ կը տեղեկացնեն, որ արդէն հիւանդանոցներուն կը տրամադրեն պատուաստանիւթեր՝ փորձարկումներ իրականացնելու նպատակով։ Բարեյաջող ընթացքի պարագային յաջորդ տարի հնարաւոր պիտի ըլլայ կազմակերպել պատուաստանիւթի արտադրութիւնը։ Գիտնականներ հաւանական կը նկատեն, որ մինչեւ տարեվերջ պատուաստանիւթը ԱՄՆ-ի մէջ կրնայ պատրաստ ըլլալ՝ լայն տարածման համար։
Միեւնոյն ժամանակ, այս աշխատանքին մէջ ներգրաւուած ընկերութիւնները յոյս ունին, թէ ամերիկեան պատկան մարմինները հնարաւորինս արագ կը տրամադրեն փորձարկումներու համար անհրաժեշտ թոյլտուութիւնը։ Ցարդ զանազան տարիքային խումբերէ շուրջ 380 հոգի համաձայնած է մասնակցիլ այդ փորձարկումներուն։