ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ
ՀԻՒԱՆԴԻՆ ԶՂՋՈՒՄԻՆ ԱՐԺԷՔԸ
Հարցում. Ոմանք կը նսեմացնեն հիւանդին զղջումին արժէքը, նկատի ունենալով, որ այն կատարուած է այնպիսի պարագայի մը, որ զինք ստիպած է զղջալու: Այս առումով հետեւեալ արտայայտութիւնը կ՚ունենան. «Հիւանդին զղջումը՝ հիւանդագին զղջում է»: Ի՞նչ է Եկեղեցւոյ կարծիքը այս արտայայտութեան մասին:
Պատասխան. 1- Ան որ զղջումը կը դատէ, մի՛ միայն սիրտերը քննող Աստուածն է:
Աստուած -եւ ոչ թէ մենք-, Ինք միայն գիտէ եթէ հիւանդին զղջումը իրական ու սրտանց է, կամ առ երեւոյթ եւ ժամանակաւոր զղջում է, եւ արդեօք հիւանդը իր զղջումին մէջ պիտի մնա՞յ իր առողջանալէն ետք, թէ՞ պիտի փոխուի:
Իսկ մենք երբ ընդհանուր կերպով կը դատենք՝ բոլոր հիւանդներուն ըսելով, թէ անոնց զղջումը հիւանդագին է, ատիկա անարդար դատաստան է, եւ չենք գիտեր, թէ ի՛նչ զգացումներ կան անոնց սիրտերուն մէջ, ինչպէս նաեւ այդպէսով կը խառնենք ճշմարիտ եւ կեղծ զղջացողին միջեւ:
2- Կրնայ ըլլալ, որ Աստուած թոյլ կու տայ հիւանդութեան, որպէս առիթ՝ որ Աստուծոյ կը մօտեցնէ:
Մարդ երբ ծանր հիւանդութեամբ կը հիւանդանայ, կամ կարիք կ՚ունենայ վտանգաւոր գործողութիւն մը կատարելու, կրնայ ըլլալ որ իր վրայ աւելի ազդէ քան տասնեակ քարոզները, ինչպէս նաեւ քան զանազան հոգեւոր գիրքեր կարդալը, որովհետեւ [այդ գործողութիւնը] կը յիշեցնէ իրեն մահուան գոյութեան մասին եւ անոր պատրաստ ըլլալուն, որով զղջումին կը դիմէ, խնդրելով [Աստուծմէ] ողորմութիւն, քաւութիւն եւ բժշկութիւն: Այս բոլորը անկեղծ սիրտով եւ իրական զգացումներով:
3- Եթէ ըսուած է, թէ նեղութեան մէջ կատարուած զղջումն է այդ, արդարեւ Աստուած Ի՛նք կ՚ըսէ.
«Ու նեղութեան օրը Ինծի կանչէ, Ես քեզ պիտի ազատեմ ու Դուն զիս պիտի փառաւորես» (Սղ 50.15):
Հետեւեաբար, Աստուած նեղութեան ժամանակուան աղօթքը կ՚ընդունի, եւ Ի՛նքն իսկ ատոր կը հրաւիրէ: Չ՚ըսեր, թէ հիւանդագին աղօթք է, կամ մերժելի, կամ ստիպողական: Ո՛չ…, այլ՝ թէ Աստուած կ՚ատօնէ նեղութիւնները -որոնցմէ են հիւանդութիւնները-, որպէսզի անոնց միջոցով մեզ Իրեն մօտեցնէ:
Եւ ինչքա՜ն շատ է թիւը անոնց, որոնք իրենց նեղութիւններուն մէջ Աստուծոյ աղօթեցին:
Աստուած պատասխանեց այդ աղօթքներուն ու չըսաւ, թէ նեղութեան պատճառով են, կամ սիրոյ պատճառով: Ատոր օրինակները չեն հաշուուիր եւ բաւարար է յիշել սաղմսերգուին ըսածը.
«.Իմ նեղութեանս մէջ Տիրոջ աղաղակեցի ու Անիկա ինծի պատասխան տուաւ» (Սղ 120.1):
Ինչպէս նաեւ ըսելը՝ «իմ նեղութեանս մէջ Տիրոջը կանչեցի ու իմ Աստուծոյս աղաղակեցի. Անիկա Իր տաճարէն իմ ձայնս լսեց ու իմ աղաղակս Անոր առջեւ՝ Անոր ականջը հասաւ» (Սղ 18.6), տե՛ս նաեւ (Սղ 77.2, 86.7):
4- Չմոռնանաք Յովնան մարգարէին աղօթքը կէտի փորին մէջ:
Մարդու մը աղօթքը չէ, որ հիւանդ է եւ հաւանական է, որ առողջանայ, այլ՝ մարդու մը, որ մահուան դատապարտուած է: Այդ բոլորով հանդերձ՝ ըսաւ. «Իմ նեղութենէս Տէր, Քեզի աղաղակեցի եւ Դուն ինծի պատասխան տուիր: Գերեզմանին փորէն կանչեցի ու իմ ձայնս լսեցիր» (Յվն 2.2): Տէրը չըսաւ, թէ հիւանդոտ աղօթք է, կամ հիւանդագին զղջում է, երբ Յովնան ըսաւ, թէ «երբ հոգիս իմ մէջս մարեցաւ, Տէ՛ր Քեզ յիշեցի ու իմ աղօթքս Քեզի՝ Քու սուրբ տաճարդ հասաւ» (Յվն 2.7). այլ՝ Տէրը պատասխանեց անոր ու օգնեց եւ հանեց զինք կէտի փորէն, հակառակ անոր, որ Տէրը գիտէր, թէ այս փրկութենէն ետք, Յովնան պիտի վշտանար ու նեղուէր, երբ Տէրը նինուէացիներուն զղջումը ընդունեց (Յվն 3.10, 4.1):
Տէրը խաչին վրայի աւազակին զղջումն ալ ընդունեց:
Սովորական զղջում մը չէր, նման այն հիւանդներուն, որոնց եւ մահուան միջեւ ամիսներ, տարիներ կամ նոյնիսկ մի քանի օրեր կայ, կամ այն հիւանդներուն զղջումին նման, որոնք կրնան առողջանալ, այլ՝ աւազակին զղջումը մարդու մը զղջում էր, որու եւ մահուան միջեւ միայն երեք-չորս ժամ կայ… Ատով հանդերձ, երբ իր զղջումին մէջ ըսաւ՝ «Տէ՛ր, յիշէ՛ զիս, երբ Քու թագաւորութեամբդ գաս» (Ղկ 23.42), Տէրը ընդունեց անոր զղջումը եւ պատասխանեց անոր՝ ըսելով. «Այսօր Ինծի հետ պիտի ըլլաս դրախտին մէջ» (Ղկ 23.43). եւ երբեք չըսաւ անոր, թէ հիւանդագին զղջումը [կատարածդ]:
5- Իրապէս մարդիկ Աստուծոյ նման չեն, Անոր՝ բարութեամբ, քնքշութեամբ եւ մեղաւորներուն զղջումը ընդունելուն մէջ:
Այս առումով, լա՛ւ ըսաւ Դաւիթ մարգարէն. «Աւելի լաւ է Տիրոջ ձեռքը իյնալ, քանզի Անոր գթութիւնը շատ է, քան մարդու ձեռք իյնալը» (Բ. Թգ 24.14):
Եթէ զղջացող հիւանդ մը խստասիրտ մարդու մը ձեռքը ինկաւ՝ կ՚ըսէ, թէ այս հիւանդին զղջումը հիւանդագին է: Սակայն Աստուծոյ մօտ, այդ հիւանդին զղջումը՝ ընդունելի է:
6- Այս մասին բաւարար է Տիրոջ ըսածը.
«…Ինծի եկողը պիտի չմերժեմ» (Յհ 6.37):
Ով որ կը դիմէ Անոր ցանկացած ժամանակ, եւ ինչ պարագաներու բերումով ալ ըլլայ, նոյնիսկ մետասաներորդ ժամուն դիմողները, նոյնիսկ անառակ որդին՝ որ իր հօր մօտ վերադարձաւ, երբ աղքատութիւնը, կարօտութիւնն ու կարիքը նեղացուցին զինք, անօթեցաւ եւ խոզերուն տրուած կերը փափաքեցաւ, եւ ոչ ոք տուաւ անոր (Ղկ 15.16)…, ու հայրը չըսաւ անոր, թէ իր զղջումը հիւանդագին է, որովհետեւ անոր դրդապատճառը անօթութիւնն էր, այլ՝ ընդունեց զինք ու անոր համար պարարտ եզը մորթեց ու ուրախացաւ անոր զղջումով…
7- Հետեւաբար, կարելի չէ արհամարհել ոեւէ մէկուն զղջումը, կամ թերագնահատել այն, կոշտ ու կոպիտ դատաստանով: Եւ եթէ Աստուած զղջացողներուն զղջումով կ՚ուրախանայ, ինչպէս նաեւ Անոր հետ երկինքին հրեշտակները կ՚ուրախանան (Ղկ 15.7, 10). արդարեւ, մենք ինչպէ՞ս կը համարձակինք այս աստիճանի հասնիլ. դատապարտելու հիւանդներուն զղջումը, առանց գիտնալու անոնց սիրտերուն վիճակը, եւ ընդհանուր կերպով՝ որով բոլորը կը պարփակէ:
8- Հետեւեաբար ինչո՞ւ կը հաղորդենք հիւանդին Սուրբ Խորհուրդով:
Ո՛չ միայն երբ եկեղեցի կու գայ ու Պատարագին ներկայ կ՚ըլլայ, այլ՝ ատկէ աւելին, քահանան կ՚երթայ անոր քով տունը կամ հիւանդանոցը ու կը մատակարարէ անոր Սուրբ Հաղորդութիւնը: Գիտելի է, որ [Սուրբ Հաղորդութիւնը] միայն զղջացողներուն կը տրուի: Ասոր իմաստը, ուրեմն, անոր զղջումին ընդունուիլն է, ո՛չ թէ դատապարտել զայն, ըսելով՝ թէ հիւանդագին զղջում է:
9- Մենք հիւանդին կը մատակարարենք եկեղեցական այլ խորհուրդ մըն ալ, որն է հիւանդներուն օծում:
Սուրբ ձէթով կ՚օծենք զինք ու անոր համար եօթը աղօթքներ կ՚աղօթենք:
Ու չենք հարցներ անոր իր զղջումի իրաւացիութեան մասին, այլ՝ բաւարար է, որ զղջացած է…:
ԳԻՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԿՐՕՆՔ
Հարցում. Գիտութիւնը կը հակառակի՞ կրօնքին:
Պատասխան. Իսկական գիտութիւնը չի՛ հակառակիր իսկական կրօնքին հետ:
Եթէ հակառակեցան, անպայման որ անոնցմէ մէկուն մէջ սխալ մը կայ, կամ անոնցմէ մէկը հասկնալուն մէջ: Կրօնքը կրնայ ըլլալ հակառակի կեղծ գիտութեան հետ, որ իրականանին մէջ գիտութիւն չէ: Կամ, կրնայ ըլլալ, որ կրօնքը հակառակի պարզապէս որոշ տեսութիւններու կամ ենթադրութիւններու հետ, որոնք չեն բարձրացած իսկական գիտութեան մակարդակին:
Կրնայ ալ ըլլալ, որ գիտութիւնը հակառակի կրօնքի սխալ հասկացողութեան հետ կամ կրօնքի մը հետ՝ որ Աստուծմէ չէ…:
ԲՆԱԶԴ
Հարցում. Կրնա՞յ ըլլալ, որ մարդ ձերբազատուի բնազնդէ մը, որով ծնած է:
Պատասխան. Մարդ չ՚ոչնչացներ իր բնազնդները, այլ՝ գիտակցութիւնը ունենայ ինչպէս ուղղել զանոնք:
Սեռական բնազդը, օրինակ, ներուժի, սիրոյ եւ քնքշանքի արտայայտութիւն է: Եւ եթէ մարդը յաջողի ուղղել իր ունեցած ներուժը, սէրը ու քնքշանքը՝ լաւ կերպով, այդ ատեն չի՛ յոգնիր սեռական բնազդէն:
Որովհետեւ, այն ինչ որ կը յոգնեցէ մարդուն բնազդը չէ, այլ՝ անոր մոլորիլը:
Բարկութիւնը, օրինակ, կարելի է զայն բարիին ուղղել, առանց բարկութեան, որով շինիչ ներուժի կը վերածուի եւ ո՛չ թէ կործանումի, որմէ ազուութիւնն ու արիութիւնը կը բխին, ինչպէս նաեւ արդարութիւնը պաշտպանելը եւ անիրաւուածին յաղթութիւնը: Այս բոլորը հոգեւոր կերպով, առանց մեղքին մէջ իյնալու ու ճիշդ եւ զգոյշ կերպով արտայայտուելով: Ինչպէս Սուրբ Գիրքը կ՚ըսէ. «Բարկացէք, բայց մի՛ մեղանչէք» (Սղ 4.4):
Հետեւաբար, փնտռէ այն սխալները, որոնք պատճառ կը դառնան քեզի բնազդի մը մէջ մոլորելու եւ աշխատէ՛ բուժել զայն: Գիտցի՛ր նաեւ, որ Աստուած մեր բնութեան մէջ սխալ բան մը չէ դրած, երբ մեզ ստեղծեց: Այլ՝ մեր մէջ ներուժեր դրաւ, որպէսզի բարութեամբ օգտագործենք:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ