ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԶՐՈՒՑԵՑ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՊԻՆ ՀԵՏ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ քահանայապետ Տ.Տ. Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնեց քորոնաժահրի համաճարակի ընկերատնտեսական հետեւանքները մեղմելու եւ հասարակութեան խոցելի խաւերուն օգնութիւն տրամադրելու ուղղութեամբ Վատիկանի եւ անձամբ Սրբազան Քահանայապետի կողմէ ներդրուած ջանքերուն կապակցութեամբ։ Ան ներկայացուց նաեւ համաճարակի դէմ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ ձեռնարկուած քայլերը։
Երկուստեք ընդգծուեցաւ ներկայիս աշխարհի վրայ խաղաղութեան պահպանման, սպառազինման դադրեցման եւ ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութեան մշակոյթի տարածումն ու խրախուսումը։ Այս ամբողջին մէջ Նիկոլ Փաշինեան մեծապէս կարեւորեց Սրբազան Քահանայապետին կողմէ անցեալ ամիս կատարուած համընդհանուր հրադադարի կոչը։ Վարչապետը ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի յանձնառութիւնը, նաեւ երախտագիտութիւն յայտնեց Նորին Սրբութեան՝ մշտապէս հայ ժողովուրդի եւ պատմական արդարութեան կողքին կանգնելու համար։
Իր կարգին, Սրբազան Քահանայապետը շնորհաւորեց Նիկոլ Փաշինեանը Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնի գլուխը երկրորդ տարին լրացնելու կապակցութեամբ։ Ան մեծ գոհունակութեամբ ընդգծեց Հռոմէական Կաթոլիկ եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցիներուն միջեւ ձեւաւորուած եղբայրական յարաբերութիւններն ու անսասան կապը։ Ըստ նոյն աղբիւրներուն՝ Սրբազան Քահանայապետը վերահաստատեց իր դիրքորոշումը հայկական հարցին շուրջ։
Զրուցակիցները բարձր գնահատեցին հայ կաթողիկէ համայնքի դերակատարութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս։ Անոնք ընդգծեցին նաեւ իրենց պատրաստակամութիւնը՝ երկկողմանի միջպետական յարաբերութիւններու ընդլայնման ուղղութեամբ։