ՄԻՆՉԵՒ 13 ՄԱՅԻՍ
Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի դէմ բացուած դատը երէկ շարունակուեցաւ Երեւանի Ընդհանուր իրաւասութեան ատեանէն ներս։ Ինչպէս ծանօթ է, Ռոպերթ Քոչարեան երկար ատենէ կը դատուի 1 մարտ 2008 թուականին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած արիւնալի դէպքերուն առումով։ Սա աղմկայարոյց դատավարութիւն մըն է, որ վերջին շրջանին դարձած է ա՛լ աւելի խնդրայարոյց։ Արդարեւ, Ռոպերթ Քոչարեան ունի փխրուն առողջութիւն մը եւ պարբերաբար կը փոխադրուի հիւանդանոց, նաեւ կը վիրահատուի։ Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ այդ փխրուն առողջութեան խնդիրները ա՛լ աւելի մեծ վտանգներ կը սպառնան։ Այս պայմաններուն ներքեւ Քոչարեանի փաստաբանները միջոցէ մը ի վեր կը պահանջեն, որ փոխուի անոր խափանման միջոցը եւ ան դուրս գայ կալանքէ։ Այս պահանջը քննարկելու համար երկար ժամանակ դատավարութեան թուական չէր ճշդուած։ Ընթացքին հնչեց նաեւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի յորդորը, որպէսզի մարդասիրական մօտեցումով Ռոպերթ Քոչարեան չպահուի բանտի մէջ։ Վեհափառ Հայրապետի կոչն ալ, իր հերթին, ստեղծեց մեծ աղմուկ։ Այս իրավիճակին մէջ ի վերջոյ ճշդուեցաւ դատական նիստի թուականը եւ երէկ տեղի ունեցաւ Ռոպերթ Քոչարեանի հերթական դատավարութիւնը։ Իր պաշտպանները դատաւոր Աննա Դանիբէկեանին ներկայացուցին խափանման միջոցը փոխելու պահանջը եւ համապատասխան հիմնաւորումները։ Մեղադրող կողմը ընդդիմացաւ այդ բոլորին դէմ։ Ի վերջոյ դատակազմը ժամանակ պահանջեց մինչեւ 13 մայիս, որպէսզի արձակէ իր վճիռը Ռոպերթ Քոչարեանի առողջական պատճառներով բանտէն ազատուելուն շուրջ։
Հարկ է նշել, որ երէկուան դատավարութեան ընթացքին Ռոպերթ Քոչարեանի կողքին դիրք գրաւեցին եւ իրենց ստորագրութիւններով անոր երաշխիք տուին Հայաստանի եւ Արցախի կարգ մը նախկին վարչապետներ. օրինակ՝ Վազգէն Մանուկեան, Խոսրով Յարութիւնեան, Կարէն Կարապետեան, Անուշաւան Դանիէլեան եւ այլք։ Նախկին վարչապետները ստորագրութիւնով երաշխիք տալու առընթեր դատավարութեան դահլիճին մէջ հանդէս եկան նաեւ ելոյթներով՝ ի պաշտպանութիւն Քոչարեանի։