ԿԱՐԷՆ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՔԱՌՕՐԵԱՅ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՄԱՍԻՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՏՈՒԱՒ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՅԱՏՈՒԿ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻՆ

Հայաստանի նախկին վարչապետ Կարէն Կարապետեան երէկ այցելեց Ազգային ժողով։ Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի խորհրդարանէն ներս կը գործէ յատուկ Քննիչ յանձնաժողով մը, որ կ՚ուսումնասիրէ 2016 թուականի ապրիլին Արցախի մէջ պատահած քառօրեայ պատերազմի հանգամանքները։ Այս ծիրին մէջ Հայաստանի նախկին իշխանութեան յառաջատար դէմքերը կ՚այցելեն խորհրդարան։ Մօտաւոր անցեալին նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեան մասնակցած էր Քննիչ յանձնաժողովի նիստին՝ հանրային կարծիքի վառ հետաքրքրութեան պայմաններուն ներքեւ։ Կարէն Կարապետեանի պարագային ալ երէկ պատահեցաւ նոյնը։ Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչները անմիջական ուշադրութեամբ հետեւեցան Կարէն Կարապետեանի խորհրդարան այցելութեան։ Քննիչ յանձնախումբի դռնփակ նիստի մասնակցելէ վերջ ան հակիրճ զրոյց մը ունեցաւ մամլոյ սպասաւորներուն հետ։ Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի վերաբերեալ իր փոխանցած վկայութիւններուն շուրջ Կարէն Կարապետեան մանրամասնութիւններ չհաղորդեց մամլոյ սպասաւորներուն։

Բաց աստի, ան հակիրճ պատասխանեց այլ նիւթերու վերաբերեալ հարցումներու։ Այսպէս, ան մտադրութիւն չունի քաղաքականութեան վերադառնալու։ Ան անդրադարձաւ նաեւ 22 ապրիլ 2018 թուականին՝ վարչապետի հանգամանքով, Հայաստանի մէջ այդ ժամանակ տեղի ունեցած թաւշեայ յեղափոխութեան առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանի հետ տեսակցութեան։ Ըստ Կարէն Կարապետեանի, այդ տեսակցութեան խօսակցութիւնները ունեցած են խորհրդապահական բնոյթ եւ համապատասխան համաձայնութիւն եղած է զրուցակիցներու միջեւ։ «Պարոն Փաշինեանի հետ պայմանաւորուածութիւնը մեր ներքին պայմանաւորուածութիւնն է։ Նիկոլ Փաշինեան այդ պայմանաւորուածութիւնը չէ խախտած», ըսաւ Կարէն Կարապետեան։

Բաց աստի, Հայաստանի նախկին վարչապետը խօսեցաւ նաեւ իր տուած միջնորդութեան շուրջ՝ երկրի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցի փոփոխութեան եւ անոր բանտէ դուրս գալուն համար։ Կարէն Կարապետեան համոզուած է, որ Ռոպերթ Քոչարեանի դատավարութիւնը քաղաքականացուած է։

Միւս կողմէ, խորհրդարանի Քննիչ յանձնախումբը հրաւէր ուղղեց նաեւ Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանին՝ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի մասին վկայութիւններ փոխանցելու համար։

Խորհրդարանական յանձնաժողովի կողմէ վկայութիւններ փոխանցելու հրաւիրուած է նաեւ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի շրջանի՝ Հայաստանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ Եուրի Խաչատուրով, որ ցայսօր չէ ընդառաջած այդ հրաւէրին։

Երեքշաբթի, Մայիս 12, 2020