ՓԱՇԻՆԵԱՆԷՆ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ

Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ Հայաստանէ ներս կը շարունակուին առօրեան աստիճանաբար բնականոնացնելու քայլերը։ Այս առաւօտ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հերթական անգամ հանդէս եկաւ զգուշացումներով։ «Համաճարակային կանոնները չպահելու պարագային ստիպուած պիտի ըլլանք դարձեալ սահմանափակումներ կիրառել», ըսաւ ան։ Բաց աստի, վարչապետը շեշտեց, որ տագնապը, համաճարակը ամբողջ թափով կը ծաւալի եւ կոչ ուղղեց հնազանդիլ սահմանափակումներուն։ «Ես այսօր կը տեսնեմ փողոցի մէջ զիրար ձեռքով բարեւող մարդիկ, իրարու շատ մօտ զրուցող մարդիկ, սա մեծ հարց մըն է եւ մենք այս թափով կրնանք լուրջ ճգնաժամի դէմ յանդիման մնալ», աւելցուց ան։

Ըստ վերջին վիճակագրական տուեալներուն, Հայաստանի մէջ ստուգուած է եւս 180 վարակեալ։ Այսպէսով հաստատուած դէպքերու ընդհանուր թիւը բարձրացած է 3 հազար 718-ի։ Երէկուան դրութեամբ զոհերու թիւն ալ բարձրացած է մէկով եւ Հայաստանի մէջ մահացածներու ընդհանուր թիւը հասած է 48-ի։

Չորեքշաբթի, Մայիս 13, 2020