ԼԱՒ ՄԱՐԴԻԿ Ո՞ՒՐ Կ՚ԱՊՐԻՆ
Ո՛չ ոք քաղաքացի է, քանզի ամէնքս կը բնակինք մեծ գիւղի մը մէջ։
Մոսկուան, Պոլիսը, Հռոմը, Փարիզն ու Լոս Անճելըսը… մե՞ծ, ո՛չ, խոշոր գիւղեր են։ Անոնց բնակիչներն ալ ոչ թէ քաղաքացի, այլ գիւղացիք են։
Եթէ պահ մը հայեացք մը նետենք անցեալին՝ կը նշմարինք, որ մինչեւ քաղաքներու հիմնումը կային գիւղեր։ Է՜հ, քաղաքացին ո՞ւր էր, երբ արդէն գիւղացին կար։
Դարեր շարունակ քաղաքացին ինքզինք վեր կը դասէ գիւղացիէն։ Անյայտ պատճառներով գիւղացի ըլլալը քիչ մը անյարմար է ու վիրաւորական։ Աւա՜ղ, մեր օրերուն վիճակը չէ փոխուած։ Թէպէտ կը պնդեն, թէ Եւրոպայի մէջ պատկերը ճիշդ հակառակն է։ Եւրոպացի գիւղացիներուն «քիթը վեր» է։ Եւրոպացի գիւղացին աւելի՛ հարուստ է, աւելի լաւ պայմաններու մէջ կ՚ապրի, քան քաղաքացին։
Մարդիկ հող կը մշակեն, բերք կը ստանան, անասնապահութեամբ կը զբաղին. ամենակարեւորը, կը շնչեն մաքուր օդ ու անդադար սերտ շփումի մէջ կը գտնուին բնութեան հետ։
Վերջերս մտքիս մէջ բանավէճ մը ծագեցաւ. ովքե՞ր լաւ մարդիկ են, լաւ մարդիկ ո՞ւր կը բնակին. գիւղացի՞ն է լաւ, թէ՞ քաղաքացին։ Ահաւասիկ մտածելու առիթ մը։
Ըստ իս, լաւ է այն մարդը, որու մէջ կ՚ապրի Աստուած, Յիսուս Քրիստոս, որուն խորթ են չարութիւնն ու նախանձը։ Իսկ շատ բարի ու լաւ է այն աստուածային էակը, որ կ՚ապրի յոյսով ու հաւատով, բացի ինքզինքէն կը նկատէ շուրջն ու շուրջինները։
Ուրեմն… քաղաքաբնակ երիտասարդուհի մը քաղաքամերձ գիւղէ մը կը ստանայ աշխատանքի առաջարկ։ Կը մեկնի։ Երբ կը հասնի այնտեղ, կ՚անդրադառնայ, որ մնալու տեղ չունի։ Աշխատանքի ուրախութենէն մոռցած էր հոգալու կացարանի հարցը։ Անոնք, որոնք զինք դիմաւորեցին, անոնցմէ ամէն մէկը առաջարկեց, որպէսզի մինչեւ որ տուն մը վարձէ, մնայ իրենց բնակարանը։ Իսկ գիւղերու մէջ տուն վարձելը դիւրին չէ։
Երիտասարդուհին գրեթէ ամիս մը մնաց իր գործընկերուհիին տունը։ Իր ստացած համալսարանական կրթութեան աւելցաւ եւս մէկը՝ ամենակարեւորը։ Այստեղ ան սորվեցաւ ու գերազանցութեամբ աւարտեց կեանքի դպրոցը։ Իրենց քաղաքէն ընդամէնը քանի մը քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող գիւղին մէջ, ան մօտէն ծանօթացաւ մարդկային ջերմ ու բարի փոխյարաբերութիւններուն։ Գիւղի բնակիչները մեծաւ մասամբ համեստ մարդիկ էին, պարզ ու անկեղծ։ Հիացած էր շփումէն դրացիներու, որոնք պատրաստ էին 24 ժամ իրերօգնութեան։
Վերջապէս, երբ կրցաւ վարձով տուն մը գտնել, հրաժեշտի պահուն ընտանիքի անդամներէն ներողութիւն խնդրեց պատճառած անյարմարութիւններու համար, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ու փորձեց նիւթապէս վարձահատոյց ըլլալ։ Տանտիրուհին սրդողեցաւ.
-Մեծ աղջիկ ես, չես ամչնար երկու օրուայ համար կ՚ուզես մեզ փոխհատուցել։ Մենք ի՞նչ ըրինք… բան մըն ալ չըրինք։
-Ամիս մը ես մնացի ձեր տունը, դուք ինծի մայրութիւն ըրիք, յարգեցիք ու պատուեցիք։ Ձեր հանապազօրեայ հացը ինծի հետ կիսեցիք, ձեր մահճակալը ինծի զիջելով՝ քնացաք չոր տախտակի վրայ։
-Մայրերը ուրիշ կերպ չեն կրնար վարուիլ։ Դուն ըսիր՝ մայրութիւն ըրիք, այո ըրի եւ նորէն կ՚ընեմ։ Լաւ յիշէ՛, մայրերը գնահատելու համար պէտք չէ դրամ առաջարկել։ Սրտաբուխ խօսքն ու դրուատիքը հազար կ՚արժէ։ Երթաս բարով աղջիկս, այլեւս մեր տան հասցէն գիտես, ո՛ր ժամուն ուզես մեր դուռը բաց է։
-Շնորհակալ եմ տիկին։ Գիտէք ակամայ յիշեցի Սահեանի տողերը.
Որ ժամին ձեր սիրտը կ՚ուզի,
Իմ դուռը բաց է:
Մի նայէք, որ պատուհանիս
Լոյսը հանգած է:
Քուն ու արթուն մի հարցրէք,
Ներս եկէք, տուն է:
Մինչեւ անգամ յոյսն էլ քնի,
Հոգսը արթուն է:
Ինծի միշտ կը թուէր, թէ Սահեանը այս տողերը պարզապէս յօրինած է, քով քովի շարելով համապատասխան բառերը։ Սակայն ձեզ ճանչնալէ վերջ ուրախացայ, որ սխալած եմ։
Դուք, ձեր դրացիները, այստեղի մարդիկ՝ ուրիշ են։ Ձեր մէջ կ՚ապրի մարդը, մարդկային պարզ յարաբերութիւնները, ինչ որ այլեւս մեզի՝ քաղաքաբնակներուս համար խորթացած է։ Մենք հետզհետէ կը նմանինք մեքենամարդերուն։ Շնորհակալ եմ, որ դուք մեզի չէք նմանիր։
Երեւանցիներն ալ կը գանգատին մայրաքաղաքիս մէջ հաստատուած շրջանաբնակներէ։ Կ՚ըսեն, թէ հին երեւանցին իսկական մարդ էր, քաղաքավար ու զարգացած, դուրսիները կու գան ու կը մրոտեն մեր բարի անունը։
Իսկ ես, իմ հերթին, կը զարմանամ, թէ ինչպէս համեստ գիւղացին երբ քաղաք հասնի, կը կերպարանափոխուի։ Քաղաքէն գիւղ երկարող ճանապարհին ի՞նչ տեղի կ՚ունենայ, որ մարդ կը մոռնայ իւր կերպարը։ Թերեւս, պատճառը կրնայ ըլլալ բնութենէն հեռանալը։
Լաւ մարդիկ ամէնուր են, քիչ թէ շատ։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան