ԱՍՏՈՒԱԾ ԼՈ՛ՅՍ Է
«Վասնզի ո՞վ առաւօտին հասնելով, լոյսին ծագած պահուն կը վախնայ թէ պիտի մութ ըլլայ» (ՆԱՐԵԿ Բան ԺԷ)։ Եւ հոն ուր լոյս կայ, հոն խաւար չկա՛յ, որովհետեւ լոյսը կը փարատէ, կը ցրուէ, կը չքացնէ ամէն խաւար։ Արդարեւ, «լոյս» տառացի կը նշանակէ՝ ի՛նչ որ ամէն ինչ տեսանելի կը դարձնէ. տեսութեան առիթ կ՚ընծայէ. օր է, ցերեկ է այն՝ որ լուսաւորութեան մէջ կ՚արտայայտուի։ Պայծառութի՛ւն է՝ ցոլք է լոյսը։ Լոյսով է որ ամէն ինչ թափանցիկ կը դառնայ՝ յստակ, լուսանցիկ, եւ լոյսն է, որ «լոյս»ի անցք կու տայ եւ կը փարատէ խաւարը։ Եւ ամէն ինչ որ պայծառ է՝ լուսաւոր է, ջինջ, յստակ եւ շէնցո՛ղ։ Լոյսը կը ցրուէ նաեւ ամէն անորոշութիւն, տարակոյս, ամէն կասկած եւ երկմտութիւն։ Լոյսը, արդարեւ, ճշմարտութեան կ՚առաջնորդէ ամէն վարանոտ, տատամսոտ եւ շուար միտք։ Լոյսը կեա՛նք է, լոյսը հաստատամտութեան, հաստատ մտքի առաջնո՛րդ է, եւ այս իսկ պատճառով՝ Աստուած լո՛յս է…։
Հաւատքը աներկբայ՝ անկասկածելի, ստոյգ է եւ ապահո՛վ, աւելի «աներկբայ» քան մարդկային ամէն ճանաչում, որովհետեւ ան կը հիմնուի Անսուտ Աստուծոյ Խօսքին վրայ։ Անշուշտ, յայտնելով ճշմարտութիւնները կրնան մարդկային բանականութեան եւ փորձառութեան մո՛ւթ երեւիլ, բայց աստուածային լոյսին տուած աներկբայութիւնը աւելի մե՛ծ է քան բնական բանականութեան տուած լոյսը։ Ուստի Յովհաննէս Հենրիկոս Նիւման կ՚ըսէ, թէ՝ բիւր դժուարութիւններ չեն կրնար մէկ տարակոյսի պատճառ ըլլալ։
Հաւատքը կ՚որոնէ հասկնալ, եւ ուրեմն հաւատքը լոյսի պէտք ունի՝ լո՛յսն է, որ հաւատքը հասկնալի, ըմբռնելի պիտի դարձնէ։ Եւ «Յայտնութեան հասկացողութիւնը ա՛լ աւելի խորացնելու համար Սուրբ Հոգին Իր պարգեւներով միշտ աւելի՛ կատարեալ կը դարձնէ հաւատքը», կ՚ըսէ Եկեղեցւոյ մեծագոյն հայրերէն Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։ Արդ, այսպէս՝ ըստ Սուրբ Օգոստինոսի բանաձեւած ճշմարտութեան՝ «կը հաւատամ հասկնալու համար եւ կը հասկնամ լաւագոյնս հաւատալու համար»։ Արդարեւ «լո՛յս»ն է, որ պիտի յստակացնէ մարդուս միտքը, պայծառացնէ իմացականութիւնը մարդուս՝ հասկնալո՛ւ համար…։
Աստուած, «Որ Էն», յայտնեց Ինքզինք Իսրայէլի իբրեւ Ան որ «հարուստ է շնորհքով եւ հաւատարմութեամբ» (ԵԼՔ. ԼԴ 6)։ Այս երկու եզրը կ՚արտայայտեն խտացուած կերպով ճոխութիւնները աստուածային անունին։ Ինք ճշմարտութիւն է. որովհետեւ «Աստուած լոյս է, Անոր մէջ չկայ երբեք խաւար» (Ա ՅՈՎՀ. Ա 5)։ Ինք «Սէր» է, ինչպէս որ Յովհաննէս Առաքեալ կ՚ուսուցանէ. (Ա ՅՈՎՀ. Դ 8)։
«Ճշմարտութեան սկիզբն է Աստուծոյ Խօսքը», ինչպէս կ՚ըսէ Սաղմոսերգուն. «Ճշմարտութիւնը սկիզբն է Քու խօսքիդ, յաւիտենական են Քու արդար դատաստաններդ» (ՍԱՂՄ. ՃԺԹ 160)։
Ճշմարտութիւնը, արդարեւ, կը յայտնուի լոյսին մէջ՝ լոյսո՛վ։ Հոն ուր լոյս կայ, հոն կը յայտնուի ճշմարտութի՛ւնը…։
Ամենասուրբ Երրորդութեան Խորհուրդը քրիստոնեայ հաւատքին եւ կեանքին կեդրոնական խորհո՛ւրդն է։ Ան խորհուրդն է նոյնինքն Աստուծոյ։ Ան է միւս բոլոր խորհուրդներուն հաւատքի աղբիւրը, լո՛յսը՝ որ կը լուսաւորէ զանոնք։ Ան ամենահիմնական եւ էական ուսուցումն է «հաւատքի ճշմարտութիւններուն նուիրակարգ»ին։
Փրկութեան ամբողջ պատմութիւնը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ պատմութիւնը այն ուղիին եւ միջոցներուն, որոնցմով ճշմարիտ եւ միակ Աստուածը՝ Հայր, Որդի եւ Սուրբ Հոգի, կը յայտնէ Ինքզինք, կը հաշտուի մարդոց հետ եւ Իրեն կը միացնէ այն մարդիկը, որոնք կը հեռանան խաւարէն, այսինքն՝ մեղքէն։
Հետեւելով առաքելական աւանդութեան, 325 թուականի Նիկիոյ առաջին Տիեզերական Ժողովով, Եկեղեցին դաւանեցաւ, թէ «յՈրդին Աստուծոյ, ծնեալն յԱստուծոյ Հօրէ՝ Միածին, այսինքն յԷութենէ Հօր։ Աստուած յԱստուծոյ, լոյս ի լուսոյ, Աստուած ճշմարիտ յԱստուծոյ ճշմարտէ, ծնունդ եւ ոչ արարած։ Նոյն ինքն ի բնութենէ Հօր» է, այսինքն Անոր հետ մէկ Աստուած է։ 381 թուականի Տիեզերական երկրորդ Ժողովը իր բանաձեւին մէջ պահպանեց Նիկիոյ Հաւատքին այս արտայայտութիւնը։
«Օ՜ Երրորդութիւն՝ Լոյս երանելի, օ՜ Միութիւն՝ առաջնահերթ». Աստուած յաւիտենական երանութիւն է, կեանք անմահական, լո՛յս անշիջանելի։ Աստուած կ՚ուզէ ազատակամօրէն հաղորդել իր երանաւէտ կեանքին փառքը՝ լո՛յսը։ Ահաւասիկ, ա՛յս է «ծրագիրը հաճութեան» (ԵՓՍ. Ա 9)։ Այս ծրագիրը շնորհք մըն է «տրուած բոլոր ժամանակներէ առաջ» (Բ ՏԻՄ. Ա 9)։ Ան կը ծաւալի ամբողջ արարչագործութեան վրայ, իսկ անկումէն ետք՝ փրկութեան ամբողջ պատմութեան վրայ եւ Հոգիին առաքելութիւններուն մէջ, զորս կը շարունակէ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը։
Արարչագործութիւնը հի՛մն է «Աստուծոյ փրկչական բոլոր ծրագիրներուն», «սկիզբը փրկութեան պատմութեան», որ իր բարձրակէտին կը հասնի Քրիստոսով։ Հակադարձաբար, Քրիստոսի խորհուրդը վճռական լո՛յսն է արարչագործութեան խորհուրդին. ան կը յայտնէ այն նպատակը՝ որուն հեռանկարով. «Աստուած սկիզբէն ըս-տեղծեց երկինքը եւ երկիրը» (ԾՆՆԴ. Ա 1)։ Սկիզբէն իսկ, Աստուած իր տեսութեան մէջ ունէր փառքը նոր արարչագործութեան ի Քրիստոս. «Ընդհանրապէս եւ ընդհակառակը կը յուսանք բանի մը՝ որ արդէն չենք տեսներ եւ որուն կը սպասենք համբերութեամբ» (ՀՌՈՄ. Ը 18-23)։
Եւ տեսնելու համար պէտք է որ լո՛յս ըլլայ։
«Եւ Յիսուս բարձրաձայն ըսաւ.- Նոյնպէս, ով որ զիս կը տեսնէ՝ զիս ղրկողն ալ տեսած կ՚ըլլայ։ Ես որպէս լոյս եկայ աշխարհ, որպէսզի ով որ ինծի հաւատայ՝ խաւարի մէջ չմնայ» (ՅՈՎՀ. ԺԲ 44-46)։ Բայց մարդիկ ընդհանրապէս կը նախընտրեն խաւարը, բայց ինչո՞ւ, հասկնալ կարելի չէ. երբ կա՛յ լոյսը, ապա ուրեմն ինչո՞ւ խաւարը, երբ կա՛յ սէրը, ապա ուրեմն ինչո՞ւ ատելութիւնը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 13, 2020, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024