ROCHE-Ի ՔՆՆՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՓՈՐՁԱՐԿՈՒԻ ԱՆԳԼԻՈՅ ՄԷՋ

Քորոնաժահրի համաճարակի առկայ մթնոլորտին մէջ համայն աշխարհէ ներս սպասումը կը շարունակուի պատուաստանիւթի մը համար։ BBC-ի հաղորդումներով, Անգլիոյ մէջ հաստատուեցաւ՝ զուիցերական դեղօրայքի ընկերութեան՝ Roche-ի փորձարկումներու հիման վրայ գտնուած դեղամիջոցի օգտագործման թոյլտուութիւնը։ Սա խորքին մէջ քննութիւն մըն է, որու շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ ստուգել, թէ անձ մը երբեւէ քորոնաժահրով վարակուած է կամ ոչ։ Անգլիոյ հանրային առողջապահական իշխանութիւնները համոզուած են, թէ Roche-ի կողմէ զարգացուած այս քննութիւնը շատ լաւ իրադարձութիւն մըն է։ «Անթիքոր»ի այս քննութիւնը յայտնի կը դարձնէ, թէ անձ մը դիմադրութիւն ձեռք բերա՞ծ է քորոնաժահրի դէմ կամ ոչ։ Այս բոլորը արեան քննութեան մը միջոցով կը ստուգուին։

Անգլիոյ մէջ պատկան իրաւասուները նախապէս տեղեկացուցած էին, թէ նման քննութիւնները բաւարար չափով վստահելի չեն համարուիր։

Երեքշաբթի, Մայիս 19, 2020