ՀԱՄԲԱՐՁՄԱՆ ՏՕՆԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Յիսուս Քրիստոսի երկրային կեանքի վերջին օրերուն ի յիշատակ սահմանուած Համբարձում քրիստոնէական տօնը ժողովրդական խոր արմատներ ունի: Ըստ քրիստոնէական եկեղեցւոյ ուսմունքին՝ Քրիստոսը խաչելութենէն երեք օր վերջ յարութիւն կ՚առնէ եւ իր աշակերտներուն քառասուն օր այցելելէ ետք, կը համբառնայ երկինք: Այս տօնը իր ծագումով կ՚առընչուի նախաքրիստոնէական տօնացոյցին՝ եւ այդ ժամանակ արտայայտած է մեռնող եւ յառնող Աստուծոյ, բնութեան զարթօնքի, վերածնութեան գաղափարները։
Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին տօնը կը նշէ Զատիկէն քառասուն օր ետք՝ հինգշաբթի եւ տօնը, բնականաբար, շարժական է:
Հայերը Համբարձումը միշտ վերածած են ժողովրդական տօնակատարութեան: Սիրելի տօն եղած է միշտ: Հայկական զանազան բնակավայրերու մէջ իւրովի նշած են, բայց ընդհանուր արարողութիւնը՝ ծաղկահաւաքը, եղած է բոլոր շրջաններուն մէջ: Սովորաբար կը մասնակցին երիտասարդներ ու երիտասարդուհիներ եւ Համբարձման առթիւ կը հաւաքեն եօթ գոյն ծաղիկ, կաւէ ջրամանի մը՝ կուժի մը մէջ կը լեցնեն եօթ աղբիւրէ հաւաքուած ջուր, իրենց նշանները կը նետեն կուժին մէջ եւ Համբարձման գիշերը «աստղունք» կը դնեն, այսինքն զանոնք կը յանձնեն աստղերու խորհուրդին, ապա նշաններուն համապատասխան, կը կատարուին գուշակութիւններ։ Մեր ժողովուրդը այս տօնին, տան մրոտած երդիքին, յաճախ աստղեր նկարած է, ի նշան «աստղունք»ի գիշերուան:
Տօնակատարութիւնները քանի մը օր կը տեւեն, իսկ Համբարձման յաջորդող կիրակի օրը երիտասարդներն ու երիտասարդուհիները կը կազմակերպեն տօնախմբութիւններ՝ Համբարձման խորհուրդին ձօնուած երգեր կ՚երգեն, կը պարեն: Պարերուն մէջ կը գերակշռեն ժողովրդական վերվերիները որպէս հասակի աճին հետ կապուած հմայական պարեր: Խաղերը, մրցոյթները, ծիծաղն ու խինդը անպակաս են այս տօնէն:
Ծաղկախաղերով, բնութեան գոյներով, առուի եւ ջուրի ձայնով ճոխացող այս հրաշալի տօնով կը սահմանափակուին գարնանային տօները եւ բնութիւնը կը թեւակոխէ ամառնային հասուն շրջան:
Հին հայկական աւանդութիւններուն մէջ Համբարձման տօնին սկսած են պատրաստուիլ Համբարձման հինգշաբթիէն օրեր առաջ:
Այս հնամեայ տօնին հիմնական մասնակիցներուն՝ երիտասարդ աղջիկներուն ու կիներուն, ընկերակցած են երիտասարդ տղաք: Ամէն մէկը իր դերը ունեցած է տօնական ծիսակարգին ընթացքին եւ պատասխանատու կերպով կատարած է զայն: Այսօր, երբ միտում կայ վերադառնալու հին հայկական տօնական համակարգին եւ երբ զանազան վայրերու մէջ կը բեմադրեն հայկական Համբարձման տօնը, անպայման մասնակիցներուն դեր կը բաշխեն: Տօնի պատրաստման մէջ մեծ դեր ունին մանաւանդ հարսնցուները։ Անոնք գոյնզգոյն զգեստներ կը հագուին եւ սարեր կ՚երթան՝ ծաղկահաւաքի: Հիմնական ծաղիկները, որ այդ օրը կը փնջեն՝ անթառամն ու երիցուկն է:
Համբարձման տօնական օրերը կը սկսին երեքշաբթիէն: Այս օրը երիտասարդուհիները նախապատրաստական աշխատանքներու համար կը հաւաքուին եւ անոնց կը միանան փորձառու հարսերը: Երեքշաբթի կը պատրաստեն Վիճակի տիկնիկը՝ Արուս անունով, որ Վիճակի՝ բախտագուշակութեան խորհրդանիշն է եւ զայն կը դնեն ջուրի սափորին վրայ: Տիկնիկէն զատ, պէտք է ընտրուի նաեւ Ճանկիւլումի հարսը, որ սովորաբար ներկաներէն ամենափոքր աղջիկը կ՚ըլլայ:
Վիճակի՝ Գուշակութեան Արուսը հայոց ծիսական գեղեցիկ տիկնիկներէն մէկն է: Աղջիկները կը վերցնեն ճիպոտ մը, վերի մասը կը կապեն փայտիկ մը, որ խաչանման տեսք կ՚ունենայ, որուն վրայ կը հագցնեն կանացի զգեստներ, գլուխին վրայ կը նկարեն քիթ, բերան, աչքեր, յօնքեր։ Տիկնիկը կ՚ունենայ ճակտնոց, ոսկեշար մանեակ, կուրծքի շռայլ զարդեր: Վիճակի Արուսը կը կապեն ջուրի սափորի բերնին: Այն կոչած են նաեւ Ծաղկամայր (Ծաղկամեր). ահա ինչու Համբարձումի տօնը որոշ շրջաններու մէջ կը կոչուի Ծաղկամօր տօն: Ժողովրդական այլ անուանումներ եւս ունի տօնը՝ Ճանկիւլում, Վիճակ:
Չորեքշաբթի օրը կը հաւաքեն եօթ գոյն ծաղիկ եւ եօթ աղբիւրէ ջուր: Ծաղիկներն ու ջուրը լռելեայն կը հաւաքեն եւ եօթ աղբիւրէ՝ եօթ քար կը բերեն: Բոլորը ամփոփելով սափորին մէջ եւ դնելով աստղերուն տակ՝ կը սպասեն վիճակին: Մինչ այդ, ամբողջ գիշեր եկեղեցիի կողքը կեցած կը հսկեն կուժերը, որպէսզի չարաճճի տղաք չգան ու չտանին ատոնք։ Համբարձումը այս օրերուն նշելու ժամանակ, աղջիկներ երբեմն կուժի մէջ իրենց մատանիները, զարդերը կը նետեն:
Ահաւասիկ Համբարձման գիշերը երգուող երգ մը.
Երկնքի աստղերը թող ցոլան, անուշիկ ցոլան,
Աղօթրան բացուի, լուսը բացուի, ճակտիս գիրը տան…
Հինգշաբթի օր բարի լոյսին հետ երեխաները կը սկսին «Ճան Կիւլում» երգելով տունէ տուն շրջիլ, գովել տան փոքրիկը, որպէս ընտանիքը շարունակող, ծաղկեփունջեր նուիրել:
Գովենք, գովենք, որու գովենք, ճան ծաղիկ, ճան, ճան:
Մեր տղային կը գովենք, ճան վիճակ, ճան, ճան:
Տղան նստէ թագաւոր, ճան ծաղիկ, ճան, ճան:
Գեղով ըսենք բախտաւոր, ճան վիճակ, ճան, ճան:
Տանտէրերը որպէս երախտագիտութիւն, կը նուիրաբերեն կաթ, հաւկիթ, գումար…
Կարմիր կովէ կաթ կ՚ուզենք,
Սեւ հաւէ հաւկիթ կ՚ուզենք…
Նուէրները առնելէ առաջ այս երգը կ՚երգեն:
Եւ առաւօտը բոլոր ընտանիքներուն մէջ, տուներէն իբրեւ նուէր հաւաքուած կաթով կաթնապուր կ՚եփեն:
ԿԱԹՆԱՊՈՒՐԻ ՕՐ
Կարգ վայրերու մէջ կաթնապուրը կ՚եփէին խումբով, թաղերով կամ դրացիներով եւ քանի մը շերեփ կը ցօղէին արտերուն վրայ՝ հունձքի առատութիւն ապահովելու համար, ինչպէս նաեւ որպէսզի արտը զերծ մնայ կարկուտէն եւ վնասակար մորեխներէն, իսկ մնացած կաթնապուրը եօթ տեղ մատաղի պէս կը բաժնէին: Բազմաթիւ ընտանիքներու մէջ Զատիկէն մինչեւ Համբարձում կաթնապուր չէին եփեր, կը սպասէին, որ Համբարձումը գայ եւ Համբարձման առաջին անգամ եփուող այդ կաթնապուրը մասնայատուկ արարողութեամբ կ՚ուտուէր: Յատկանշական է, որ այս տօնին, ինչպէս նախաքրիստոնէական շրջանէն եկած ուրիշ տօներու առթիւ, անասուն չէին զոհաբերեր եւ չէին մորթեր՝ բնութեան բեղունութեան շրջանը անխաթար պահելու մտահոգութեամբ։
Շատ գեղեցիկ նկարագրութիւններ պահպանուած են հին գրաւոր աղբիւրներուն մէջ, թէ Համբարձման հինգշաբթին ինչպէս մարդիկն ու անասունները ծաղիկներով կը զարդարէին, տունէ տուն շրջելով ծաղկեփունջեր կը նուիրէին, վիճակահանութիւն կ՚ընէին, Արուս տիկնիկով զարդարուած փարչին մէջէն նշաններ կը հանէին, կ՚երգէին: Իսկ լաւագոյն գրական նկարագրութիւնը, անշուշտ, Յովհաննէս Թումանեանի «Անուշ»ին մէջ է:
Իսկ կիրակի օրն արդէն Հայ Առաքելական Եկեղեցին կը տօնէ Երկրորդ Ծաղկազարդը, որ նոյնպէս ժողովրդական արարողութիւններու բաժին ունի: Այս տարի Հայ Առաքելական Եկեղեցին Երկրորդ Ծաղկազարդը կը նշէ մայիսի 24-ին:
Տօնին կոչումը յառաջացած է Ս. Յարութեան նախորդող Ծաղկազարդի տօնին անունէն: Վերջինս, ինչպէս բոլորին ծանօթ է՝ կը խորհրդանշէ Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ, երբ մարդիկ փառաբանութեամբ ու ցնծութեամբ Տէրը կը դիմաւորէին եւ արմաւենիի ճիւղեր կը փռէին Անոր առջեւ: Մինչ Երկրորդ Ծաղկազարդը համբարձած Քրիստոսի՝ Վերին Երուսաղէմ մտնելու յիշատակն է, երբ Զայն ցնծութեամբ կը դիմաւորեն հրեշտակները:
Համբարձման ժամանակ, երբ Տէրը կ՚անցնի հրեշտակներուն մէջէն, անոնք զարմացած կը հարցնեն, թէ ո՞վ է այս հզօր թագաւորը, իսկ Քրիստոսին ուղեկցող հրեշտակները կը բացատրեն ամէն ինչ: Հրեշտակներուն այս երկխօսութիւնը Սաղմոսաց գիրքին մէջ կը կարդանք.
«Ո՞վ է այս փառքի արքան,- կարողութեամբ հզօր Տէրն է ան, պատերազմի զօրեղ Տէրը: Վեր քաշեցէք, իշխաններ, դուռերը ձեր, թող բացուին յաւիտենական դուռերը, եւ փառքի արքան թող ներս մտնէ»:
Այս մասին յիշատակութիւն կայ նաեւ Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացիի մեկնութիւններուն մէջ՝ Ս. Լուսաւորիչին հետ կապուած: Աւանդութեան համաձայն, հրեշտակ մը ամէն օր կ՚այցելէր վիրապին մէջ բանտարկուած Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին: Օր մը, սակայն, չի գար: Ս. Գրիգորը, հարցնելով պատճառը, կը գիտնայ, որ Համբարձման ժամանակ Յիսուս Քրիստոս անցած է հրեշտակներուն ինը կարգերուն մէջէն. ամէն տարի հրեշտակները երկնքի մէջ կը տօնախմբեն Տիրոջ Համբարձումը: Լուսաւորիչին այցելող հրեշտակը չորրորդ կարգէն էր եւ Համբարձման չորրորդ օրը այդ հրեշտակներուն տօնախմբութեան կարգն էր:
Երկրորդ Ծաղկազարդին օրը նոյնութեամբ կը կրկնուին Ծաղկազարդին ընթերցուած շարականները, որ Յիսուսի՝ Երուսաղէմ մուտքը արտայայտող բերկրալից եւ ցնծագին բնոյթ ունին:
ԱԹՈՌԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ՏՕՆ
Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին Քրիստոսի Համբարձման տօնին օրը կը յիշատակէ նաեւ 1441 թուականին Հայոց Կաթողիկոսական Աթոռը Սիսէն տեղափոխելու եւ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերահաստատելու պատմական դէպքը։ Այս մէկը արդէն պատմական իրողութիւն մըն է, որ ամէն տարի կը նշուի Համբարձման օրը, որ նաեւ ծանօթ է «Հայրապետական աթոռի հայրենադարձութիւն» բնորոշումով: Հայրապետական Աթոռին շուրջ հազարամեայ տարագրութենէն ետք վերստին իր աստուածընտիր սուրբ վայրին մէջ հաստատուելուն իրողութիւնը Հայաստանեայց Եկեղեցին յայտարարած է տօն։ Ամէն տարի՝ Համբարձման տօնի Ս. Պատարագէն ետք, եկեղեցիներէն ներս կը կատարուի Հայրապետական մաղթանքի արարողութիւն եւ աղօթք կը բարձրացուի առ Աստուած, որ անսասան պահէ Իր իսկ հիմնած Մայր Աթոռը:
ՀԱՄԲԱՐՁՄԱՆ ԵՐԳԵՐ
Հէ՜յ, իմ Նազան, իմ Նազան
Հէ՜յ, իմ Նազան, իմ Նազան,
Չէ՜, իմ Նազան, իմ Նազան:
Լուսնի լուսնակը ես եմ,
Հէ՜յ, իմ Նազան, իմ Նազան,
Ծովի ձըկնակը ես եմ,
Չէ՜, իմ Նազան, իմ Նազան.
Գիշերով փախչող աղջիկ,
Հէ՜յ, իմ Նազան, իմ Նազան,
Հետիդ ընկերը ես եմ,
Չէ՜, իմ Նազան, իմ Նազան:
Հէ՜յ, իմ Նազան, իմ Նազան,
Չէ՜, իմ Նազան, իմ Նազան:
Արտի միջակը խոտ է,
Հէ՜յ, իմ Նազան, իմ Նազան,
Ծաղիկը խընկահոտ է,|
Չէ՜, իմ Նազան, իմ Նազան.
Էրթանք ծաղիկ քաղելու,
Հէ՜յ, իմ Նազան, իմ Նազան,
Քանի Համբարձում մօտ է,
Չէ՜, իմ Նազան, իմ Նազան:
Հէ՜յ, իմ Նազան, իմ Նազան,
Չէ՜, իմ Նազան, իմ Նազան:
***
Սարի գլխին ամպը ցոլաց,
Համբարձման անուշ գիշեր է,
Վարդի թփին ցօղը մնաց,
Իմ եարի նխշուն թշերը:
Համբարձման անուշ գիշեր է,
Իմ եարի նըխշուն թշերը,
Իմ եարի նըխշուն թշերը,
Համբարձման անուշ գիշեր է:
Երգդ երգէ հոտաղ տղայ,
Համբարձման անուշ գիշեր է,
Պար եմ բռնէ, հետս խաղայ:
Իմ եարի նխշուն թշերը:
Մեր սարերի սիրուն ծաղիկ,
Համբարձման անուշ գիշեր է,
Սիրտս մտար հատիկ-հատիկ:
Իմ եարի նխշուն թշերը:
Վանքի ձորը ծաղիկ շատ կայ,
Համբարձման անուշ գիշեր է,
Հորոտ, մորոտ, նարգիզ, լալա:
Իմ եարի նխշուն թշերը:
***
Մանի ասեմ ու շարեմ,
Ճան ծաղիկ, ճան, ճան,
Լցնեմ տոպրակն ու կարեմ,
Ճան, վիճակ, ճան, ճան:
Առնեմ գիւղէգիւղ ընկնեմ,
Ճան, ծաղիկ ճան, ճան,
Սրտիս սիրածին ճարեմ,
Ճան, վիճակ ճան, ճան:
Իմ եարն է շատ խորոտիկ,
Ճան, ծաղիկ ճան, ճան,
Մէջքինը՝ ոսկէ գօտիկ,
Ճան, վիճակ ճան, ճան:
Աստուած սիրէք, ախպըրտիք,
Ճան, ծաղիկ ճան, ճան,
Տարէք ինձ եարիս մօտիկ,
Ճան, վիճակ ճան, ճան:
Նշի ծառին նուշ կըլնի,
Ճան, ծաղիկ ճան, ճան,
Վարդի հոտն անուշ կըլնի,
Ճան, վիճակ ճան, ճան:
Երանի էն աղջըկան,
Ճան, ծաղիկ ճան, ճան,
Սիրած եարին թուշ կըլնի,
Ճան, վիճակ ճան, ճան:
Ծաղիկ ասեմ ու շարեմ,
Ճան ծաղիկ ճան, ճան,
Լցնեմ տոպրակն ու կարեմ,
Ճան, վիճակ ճան, ճան:
Ծաղիկ ունեմ նարընջի,
Ճան, ծաղիկ, ճան, ճան,
Տըղա, վեր արի փընջի,
Ճան, վիճակ, ճան, ճան:
Ես աղջիկ եմ, ալ կ՚ուզեմ,
Ճան, ծաղիկ, ճան, ճան,
Ոսկին ծալէծալ կ՚ուզեմ,
Ճան, վիճակ, ճան, ճան:
Ծաղիկ ունեմ՝ ալա յա,
Ճան, ծաղիկ, ճան, ճան,
Ալա չի, ալվալա յա,
Ճան, վիճակ, ճան, ճան:
Արեւը կամար-կամար,
Ճան, ծաղիկ, ճան, ճան,
Կապել ես ոսկէ քամար,
Ճան, վիճակ, ճան, ճան:
Սարէն կըգայ ձիաւոր,
Ճան, ծաղիկ, ճան, ճան,
Մեր տունը չարդախաւոր,
Ճան, վիճակ, ճան, ճան:
Հըրէս եկաւ իմ աղպար,
Ճան, ծաղիկ, ճան, ճան,
Երեք օրուայ թագաւոր,
Ճան, վիճակ, ճան, ճան:
***
Վիճակ, վիճակ
Վիճակի չիչաք
Վարդ մանուշակ
Ոսկի կոճակ։
***
-Աղջի անունդ Շուշան,
Արի երթանք Սուրբ Նշան.
Թէ որ ինծիկ խօսք կըտաս,
Ոսկէ մատնիք քեզ նշան։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024