ՑՈՒՆԱՄԻՆ ԱՒԵՐՆԵՐ ԿԸ ԳՈՐԾԷ

Հնդկաստանի եւ Պանկլատէշի արեւելեան հատուածին մէջ «Ամֆան» հզօր ցունամին մեծ վնասներ հասցուցած է, խլելով մարդոց կեանքեր եւ աւերելով հազարաւոր տուներ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, ցունամին ամենամեծ վնասը հասցուցած է Հնդկաստանի Արեւմտեան Պենկալիա նահանգին։

«Տուժած է նահանգի ամբողջ հարաւային հատուածը: Մենք շոքի մէջ ենք: Վնասները գնահատելը կը տեւէ երեք-չորս օր: Ցունամին վնաս հասցուցած է ելեկտրականութեան, աւերած է բազմաթիւ տուներ, կամուրջներ», ըսած է նահանգի գլխաւոր նախարար Մամատա Պեներճի: Ան նշած է, որ նուազագոյնը տասն հոգի մահացած է: Նախարարը ընդգծած է, որ աւելի շատ վնաս կրած են այս ցունամիէն, քան քորոնաժահրի համավարակէն:

Ցունամիի հետեւանքով 4 հոգի մահացած է Պանկլատէշի մէջ։ Երկրի իշխանութիւնները տարհանած են աւելի քան 2 միլիոն բնակիչ։ Զինեալ ուժերը բերուած են մարտական պատրաստութեան:

Միւս կողմէ կը նշուի, որ քորոնաժահրը բարդացուցած է ցունամիին դիմակայելու աշխատանքը:

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2020