ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ԱԿՆԱՐԿՆԵՐ
Երբ արտակարգ դրութիւնը մեղմացաւ եւ հանրակառքերուն արտօնուեցաւ երթեւեկել, անշուշտ դիմակն ու ձեռնոցը, ինչպէս նաեւ ախտահանիչը եղան ժողովուրդին անբաժան ուղեկիցները.
ՀԱՆՐԱԿԱՌՔԻՆ ՄԷՋ
-Մա՛մ, տես կարուսելները... չե՞ն աշխատում,- կը հարցնէ փոքրիկը կարօտալի նայուածքներով դիտելով խաղալիքները, երբ հանրակառքը կ՚անցնի տեսակաւոր խաղալիքներով լի այգիի մը կողքէն:
-Հա՛, բալէ՛ս, դեռ չեն աշխատում. մի քիչ էլ համբերի, կարող ա շուտով բացուեն խաղավայրերը ու խոստանում եմ՝ հենց բացուեն, քեզ բերելու եմ,- կը պատասխանէ մայրը մխիթարական շեշտով:
ԴԻՄԱԿՆԵՐԸ
Ամէնուր դիմակաւորներ կը վխտան: Դիմակ, այո՛, քանի բերանակապի չի նմանիր, այլ բերանն ու քիթը ծածկած, դէմքէն միայն աչքերը կ՚երեւին, մանաւանդ եթէ մազերը ճակատը ծածկած էգ մըն է կրողը: Ամէնուր են անոնք՝ դիմակաւորները: Չխօսող ու չլսող կապիկները կը յիշեցնեն, այս պարագաին օրէնքի ենթակայութեամբ մեքենայացած մարդն է, իսկ եթէ չենթարկուի հազիւ ստացած աշխատավարձին հարիւրապատիկով պիտի տուգանուի, հոգ չէ թէ օրուան հացէն կտրելով կը դիմակաւորուի: Բայց հարցը ո՞ւր է, հիմա գողն ու չգողը ինչպէ՞ս պիտի զանազանուին...:
***
Պապիկ մը դրամատան դրան առջեւ կարգին կը սպասէր, երբ.
-Առանց դիմակի ու ձեռնոցի քեզ ներս չեն ընդունի, պապի՛կ,- դիմակաւոր յաճախորդ մը զգուշացուց իրեն:
Դիմակ ու ձեռնոց չունէր պապիկը. դրամատունէն դրամ պիտի ստանար, որ օրուան հացը հոգար, ուրկէ՞ փող ունենար դիմակ ու ձեռնոց գնելու, մանաւանդ որ դիմակին որակը իջած, մակարդակը բարձրացած է եւ օրական մի քանի հատ պէտք է ունենայ, այսինքն հասոյթ մը միայն դիմակներուն ու ձեռնոցներուն...: Ճարահատ գրպանէն կոպեկները հանելով հաշուեց, ու՝
-Հացիս փողն է, աղջիկ ճան, գնամ դիմակ ու ձեռնոց առնեմ: Պա թէ պանքում փողս փոխանցուած չլինի՞, ի՞նչ եմ անելու...,- ըսաւ իր ետեւը կեցող դիմակաւոր երիտասարդուհիին:
ԹԱՂԻՆ ՇՈՒՆԸ
Թաղեցիները պատշգամներէն կը քրքջային ի տես թաղի շան վարուելակերպին եւ քիչ առաջ հաջոցի շարանին վերջ տալուն: Շունը անդադար կը հաջէր սովորաբար զինք կերակրողը այսօր դիմակով տեսնելուն համար եւ թոյլ չէր տար, որ ան մօտենայ ու կերակրէ զինք մինչեւ որ կերակրողը դիմակը հանեց:
Շունը կ՚որոնէր դիմակաւորուելուն իմաստը, բայց չէր գիտեր որ այս նորութեան ընտելանալու է...:
ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԷՆ ԵՏՔ
-Տե՛ս ժաւելէն ի՞նչ կ՚ըլլան ձեռքերս,- կ՚ըսէ Ալին Սրբուկին ցոյց տալով ձեռքերուն կոշտացած մաշկը:
-Իմ ձեռքերս ալ նոյնն են, քլորեքսը մաշեցուց մորթը...,- կը շարունակէ գանգատիլ Սրբուկ ու ցոյց տալ իր ձեռքերը Ալինին, ապա,- հապա չտեսնես ամուսինիս դէմքը, դիմակին տեղը կաս-կարմիր է,- կը հաղորդէ թաքսիի վարորդ ամուսինին վիճակը:
Համաճարակներէն ետք մարդոց մօտ սովորաբար ահագնացող ընկճախտին ու ճարպակալումին մասին լսած էինք, հատ մը եւս աւելցնելու ենք, մաշկաբաններուն աչքը լոյս...:
ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑԸ
-Մեր մօտ դուրս ելլելու ժամեր որոշուած են, այդ ժամերուն միայն մարդիկ գնում կրնան ընել, իսկ անկէ անդին լրիւ կ՚ամայանան փողոցները,- կ՚ըսէ սուրիաբնակ մը:
-Ի՜նչ տարօրինակ են,- կը պատասխանէ երեւանաբնակ զրուցակիցը,- պատերազմի օրերուն օրական ռումբերէն ու հրթիռներէն հարիւրաւոր զոհեր կ՚իյնային, ոչ ոք կ՚արգիլէր ժողովուրդը դուրս ելլել. հիմա, վիրուսի մը պատճառով, տուները կը փակեն ժողովուրդը: Է՛, չե՞ս ըսեր՝ երանի՛ այդ օրերուն վիրուսը մէջտեղ ելլէր ու այդքան մարդ չզոհուէր,- կը շարունակէ պատերազմի օրերը յիշելով:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 02/08/2025
- 02/08/2025