ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ. «ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՄԻՇՏ ԵՏՔԱՅԼ ԿԱՏԱՐԱԾ Է ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ԿԱՐԳԱՒՈՐՄԱՆ ՊԱՀԵՐՈՒՆ»
Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ բախումները կը շարունակուին, պատճառ դառնալով զոհերու։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արցախի պաշտպանութեան բանակի հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան հերթապահութիւնը կատարելու ժամանակ, երէկ, ժամը 15.10-ին, մահացաւ հայկական կողմէն Յարութիւն Ղամբարեան (1995)։ Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ քննութեան ձեռնարկուած է այս դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու նպատակաւ։
Միւս կողմէ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան յայտարարեց, թէ Ատրպէյճան միշտ ետքայլ կատարած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերջնական կարգաւորման պահերուն։ Ուաշինկթընի մէջ, ԱՄՆ-ի Մամլոյ ազգային ակումբէն ներս լրագրողներու հետ տեսակցութեան ընթացքին Նալպանտեան վերահաստատեց հայկական կողմին պատրաստակամութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գծով ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երեք պետութիւններուն հետ համագործակցելու հարցին մէջ։ Ան ըսաւ, թէ Հայաստան բանակցութիւններ կը վարէ հակամարտութիւնը բացառապէս խաղաղ ճանապարհով կարգաւորելու առաջադրութեամբ։ Նալպանտեան ցաւով արձանագրեց, որ ի տարբերութիւն հայկական կողմին՝ Ատրպէյճան կը հրաժարի վստահութեան միջոցներու ձեռնարկելէ, ինչպէս նաեւ համանախագահներու կողմէ կատարուած առաջարկներէն։ «Մենք բազմիցս շատ մօտ եղած ենք վերջնական կարգաւորման, սակայն վերջին պահուն Ատրպէյճան ետքայլ կատարած է։ Անոնք մերժած են համանախագահ երկիրներուն կողմէ կատարուած բոլոր առաջարկները վերջին վեց տարուան ընթացքին, վերջինը՝ Քազանի գագաթաժողովին ժամանակ», յայտնեց Նալպանտեան։
Միեւնոյն ժամանակ ան ընդգծեց, որ Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուող գործողութիւնները. օրինակ՝ ռազմական պիւտճէի մեծացումը, կողմերը միայն աւելի կը հեռացնեն հակամարտութեան վերջնական կարգաւորումէն։
Ուաշինկթընի մէջ Նալպանտեան պատասխանեց նաեւ Թուրքիոյ կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան միջամտելու փորձերուն։ Ի պատասխան նախարարը դիտել տուաւ, որ թրքական կողմի այս ցանկութիւնը կը վնասէ թէ՛ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին եւ թէ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն։