ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԳԸ ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԷՋ՝ ՅԵՆԱՐԱՆ
Ի՛նչ ոգիով կը հաւաքուէին եւ ինչ էր ի վերջոյ այն ուժը, որ մերոնց մէջ դարի՜ւ-դարի՜ւ հաւաքուած էր ու կը սպասէր առիթի, որպէսզի զուլալ ձայնով դուրս գար ու ժայթքէր։
Առիթը միայն կտոր մը հաց, լաւ սեղան մը, բուրաւէտ ճաշերով «սեղան» մը բանալը չէր։ Միշտ ալ կային համեղ ուտեստները, մեծ մօրս պատրաստած սմբուկով «տոլմա»ն, որուն մէջ բրինձի փախարէն պարտադիր ձաւար պիտի ըլլար։ Կոկիկ կ՚ըլլար սեղանը, կիրակնօրեայ ճաշերը շատ տարբեր չէին ընթացիկ օրերու ճաշատեսակներէն, սակայն ամենակարեւորը մթնոլորտն էր։
Հօրքուրներս բացառիկ ձայն ունէին, իսկ երգուած երգերը մեր օճախին մէջ, յաճախ առաջին անգամ լսուած երգեր էին. ազգային, աւանդական, ոգեշնչող ու կուռ երգեր։ Մեծ հօրաքոյրս, որ Պաղտատ հարս գացած էր, ամէն պատեհ առիթի Պէյրութ կը հասնէր, մեզ տեսնելու, եղբայրներուն ու հարսերուն կարօտն առնելու եւ քիչ մըն ալ Պաղտատի վարքէն պատմելէ անդին մեզի՝ 16-17 տարեկան տղեկներուս համար ազգային երգեր երգելու։ Իրաքը իր տնտեսական տարերքին մէջ էր այդ օրերուն։ Նաւթը առատ, դրամն աւելի առատ, երկիրը համարեայ ապահով, իսկ դէպի Պէյրութ ցամաքային ճանապարհներն ալ բաց ու անվտանգ։
Տակաւին շատ լաւ կը յիշեմ, որ քանի-քանի առիթներով հօրաքոյրս դրամական նեցուկ կը կանգնէր հօրեղբայրներուս, որոնք Պէյրութէն քիչ մը հեռու եւ այն ժամանակ ու այսօր ալ հարուստներու թաղամաս համարուող Ռապիյա արուարձանին մօտ շէնք կառուցելու աշխատանքներով կը զբաղէին։
Պէյրութի մէջ սէրը շատ էր, իսկ Պաղտատի մէջ դրամը նաւթի պէս կը հոսէր ...
Ամէն պարագայի տակ, իմ հոգեկան կերտուածքիս մէջ մեծ դեր կ՚ունենար Արմենուհի հօրաքոյրս, որ երջանիկ տարիներ ապրեցաւ Պաղտատի մէջ ու Իրաքի պատերազմի առաջին տարիներուն ալ ստիպուած եղաւ հասնիլ մինչեւ Հոլանտա։ Հօրքուրս կորսնցուց իր ամուսինը, իրաքահայ՝ Գրիգոր Գրիգորեանը, բայց եւ այնպէս երբեք փախստական չդարձաւ։
Մեծ էր թիւը անոնց, որոնք գաղթականի ցուպը իրենց ձեռքին առին ու գաղթեցին, տուն ունեցան, գործ ունեցան, բայց եւ այնպէս բառին իսկական առումով մինչեւ վերջ ալ մնացին գաղթականներ։
Հօրքուրս անոնցմէ չեղաւ։
Տարբեր տեսակի դաստիարակութի՞ւնն էր արդեօք, կեանքը սիրելու տարբեր որա՞կն էր արդեօք, կամ թէ անցեալ եղած՝ իր նախնիներուն ապրած փորձառութեան կրակն ու հուրը, որ զինք դարձուցած էին բոլոր առումներով տոկուն ու ապրող «լեկենտ»ի մը։
Հիմա Սագօ Արեանի լեզուին մասին վերապահութիւններ ունեցողները, յատկապէս տքթ. Արմենակ Եղիայեանը պիտի նեղանայ այս բառէն, սակայն եթէ անկեղծ ու ազնիւ ըլլամ, արեւելահայ եղբայրներուս կողմէ օգտագործը-ւող սա «լեկենտ» բառը, երբեք այլ բառով մը փոխարինելու յարմարութիւնը չունեցայ։
Լեկենտը լեկենտ է, պիտի ըսէք՝ առասպել, բայց հօրքուրս առասպել չէր։
Առասպելը անցած-գացած ու վերյուշ դարձած մարդոց կարգավիճակի մասին է, որոնք պատմութեան շղարշով ալ պատուած են, հեռու են անհաս, իսկ հօրքուրս տակաւին ողջ է, գրեթէ հարիւր տարեկան եւ այս օրերուն ալ Հոլանտա նստած կը պայքարի քորոնա վարակին դէմ։
Ինչքան զարմանալի է կեանքը, պատմութեան թելը, Գօգօ Թիւթիւնճեանին մասին մտածելս անգամ մըն ալ զիս մղեցին, որ հօրքուրիս մասին յիշեմ… Յիշեմ նաեւ այն պահերը, երբ մենք մեր ականջները լարած իր, Արմենակ հօրեղբօրս, հողին գացած սիրելի հօրս՝ Աբրահամ Ղազարեանին ու հօրեղբօրս՝ Ղազար Ղազարեանին երգերը կ՚ունկնդրէինք։ Այդ երգերով ապրեցանք երկար տարիներ ու այդ երգերը մեզի հետ արիւն ու միս դարձան։
Երգեր՝ որոնք շապիկ չեն, շապիկի պէս չեն փոխուիր, երգեր՝ որոնք մարդուս մէջ պողպատի պէս ամուր կը մնան եւ երգեր՝ որոնք մեր ժողովուրդի բոլոր հերոսական դրուագները կը պատմեն։
Այդ երգերը հացի պէս տաք ու համով էին, այդ երգերը մեր կեանքի ակնթարթին, մեր սլացքին ու երազներուն հունտն էին։
Այս բոլորէն ետք ալ ընթերցողներուս պիտի առաջարկեմ կարդալ ներկայիս Գանատա հաստատուած (ստիպուած կեցութիւն մը՝ պատերազմին պատճառով) հալէպահայ երգիչ Գոգօ Թիւթինճեանին հետ իմ կատարած հարցազրոյցը։ Յիշեցնեմ, որ Թիւթիւնճեան երկար տարիներ ազգային երգերուն տէր ու տիրական դարձած եւ իր անունը ոսկեայ տառերով մեր երգի պարտէզմերուն մէջ փորագրած հալէպահայ երգիչ՝ Ճորճ Թիւթիւնճեանի եղբօրորդին է։ Իբր այդ, այս նիւթը, ինչ որ կերպ անմահանուն երգիչին համար գրուած խունկի կտոր մը թող ըլլայ։
*
-Մեզմէ շատեր գիտեն, որ դուք յայտնի, ազգային յեղափոխական երգերու անմահանուն մեկնաբան Ճորճ Թիւթիւնճեանի հարազատն էք: Ի՞նչ եղած է անոր ազդեցութիւնը ձեր վրայ:
-Նախքան պատասխանելս այս հարցին, կ՚ուզեմ յիշեցնել, որ իմ ազգականներս՝ Թիւթիւնճեանները կը գործէին որպէս Թիւթիւնճեան եղբայրներ, երեք եղբայր էին, մեծ հօրեղբայրս՝ Անդրանիկ թմբկահար է, հօրեղաբայրս՝ Ճորճը երգիչ էր, իսկ հայրս՝ Ժան Յակոբ Թիւթիւնճեան, օրկ կը նուագէր: Անոնք արուեստի եւ երգի հանդէպ սէրը ժառանգած էին մեծ հօրմէս։ Ըսեմ նաեւ, որ մեր գերդաստանին մէջ մեծ է թիւը արուեստի գործիչներու...։ Հետեւաբար, այո, շատ մեծ ազդեցութիւն ձգած է հօրեղբայրս իմ վրայ: Փոքր տարիքէս ես միշտ մտիկ կ՚ընէի անոր կատարումները եւ մեծապէս ազդուած եմ անոր կատարելու ձեւէն ու ոճէն։
-Այսօրուայ դրութեամբ սփիւռքի մէջ ո՞ւր է տեղը ազգային յեղափոխական երգերուն, հետաքրքրութիւն կա՞յ այդ երգերուն նկատմամբ, ի՞նչ կը մտածէք այդ մասին:
-Մինչեւ օրս սփիւռքի մէջ մեծ հետաքրքրութիւն կայ յեղափոխական երգերուն հանդէպ։ Ու շատերու կարծիքով՝ այդ երգերը հայապահպանութեան մեծ խթան են։ Այդ երգերը խառնուած են մեր ժողովուրդի արեան, քանի որ մենք հայրենիքէն դուրս ենք, հայրենիքի կարօտով ապրած ենք եւ այդ երգերը սրբազան երգեր են մեզի համար: Ուր որ ալ գտնուած եմ, ուզած եմ յեղափոխական երգեր կատարել, նաեւ նկատած եմ, որ սփիւռքի բոլոր գաղութներուն մէջ ալ ժողովուրդը ծարաւ է այս երգերուն... :
-Յաճախ կը լսենք բազմաթիւ անուններ, որոնք սփիւռքի մէջ ազգային երգեր կը մեկնաբանեն: Ձեր մտքին մէջ կա՞ն անուններ, որոնք կ՚առանձնացնէք, որոնք մաքուր արուեստ կը ներկայացնեն եւ արժանի են յիշատակութեան:
-Ես շատ ուրախ եմ, որ բազմաթիւ երգիչներ ունինք, որոնք ազգային երգեր կ՚երգեն: Անշուշտ, անոնցմէ ամէն մէկը, բարեբախտաբար, իրեն յատուկ ոճ մը ունի եւ այդ մէկը ինքնին հարստութիւն է։ Այստեղ կ՚ուզեմ յիշատակել մեր բոլորին կողմէ սիրուած Գառնիկ Սարգիսեանի, Յարութ Փամպուքճեանի եւ Ներսիկ Իսփիրեանի անունները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը, ինչպէս վերը ըսի, իր իւրայատուկ ոճը ունի։ Անշուշտ կ՚ուզեմ յատուկ կերպով յիշատակել իմ հօրեղբայր՝ Ճորճ Թիւթիւնճեանը, որ նոր դպրոց մը հանդիսացաւ այդ երգերու ոլորտին մէջ։
-Ո՞րն է ձեր կողմէ ամենէն շատ սիրուած երգը, զոր կը սիրէք յաճախ մեկնաբանել եւ ինչո՞ւ:
-Ես բոլոր երգերն ալ կը սիրեմ եւ ապրումով կ՚երգեմ, բայց ձեր հարցումին որպէս պատասխան՝ ըսեմ, որ շատ սիրած եմ Սերոբ Աղբիւրի երգը՝ «Գնդակ որոտաց»ը, որովհետեւ անոր մէջ գտած եմ խրախուսելի ուժ, որ նաեւ կ՚ամփոփէ մեզի համար շատ կարեւոր «մահ կա՛մ ազատութիւն» գաղափարը։
-Շատեր կ՚ըսեն, որ Ճորճ Թիւթիւնճեան իւրայատուկ դպրոց մը ստեղծեց ազգային երգերու ոլորտին մէջ: Ձեր կարծիքով՝ ի՞նչ էին անոր առանձնաշնորհումները, ի՞նչ էին յատկանիշները, որոնցմով ան կրցաւ իրապէս տիրական անուն դառնալ այդ ոլորտին մէջ:
-Բոլորս ալ գաղթականի զաւակներ էինք, իր օրերուն, հայ ազգը գաղթականութենէ ելած, Տէր Զօրի անապատներէն անցած ու փրկուած հերոս ժողովուրդ էր: Ճիշդ այդ օրերէն ետք, ինք եղաւ ազգային երգերու առաջին մեկնաբանը եւ անոր երգերուն շուրջ ամփոփուեցաւ մեր հերոս ժողովուրդը...
Այդ տարիներուն էր, երբ Սուրիա-Լիբանան Եգիպտոսի հետ միասնութիւն մը՝ «Ուահտէ» կազմեցին։ 1955, 56, 58 թուականներուն, այս երեք եղբայրները քաջաբար նուագեցին, երգեցին մեր երգերը, առանց ականջ տալու սպառնացող վտանգներուն, այդ մէկը շատ մեծ քաջութիւն էր։ Անոնք յաճախ հալածուեցան, պետական մարմիններու կողմէ նեղութիւններ կրեցին, ճնշումներու ենթարկուեցան եւ նոյնիսկ հարցաքննուեցան... սակայն առանց վախնալու, քաջաբար, երգեցին ու զարկ տուին մեր երգերուն: Նաեւ այս է պատճառը, որ շատ եղաւ թիւը անոնց, որոնք սիրեցին եւ գնահատեցին Թիւթիւնճեան եղբայրներու ստեղծած արուեստը։
-Դուք նաեւ մեկնաբան էք ազգային երգերու, ինչո՞ւ ընտրած էք այդ ոլորտը, ի՞նչ է պատճառը, ի՞նչ կ՚ուզէք պատգամել այդ երգերու ճամբով, ի՞նչ է իրական պատգամը:
-Ես նախքան երգելս, փոքր տարիքէս՝ 6-7 տարեկանէս, յաճախած եմ Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, որպէս դպիր, ներկայիս, անարժանաբար, սարկաւագ եմ։ Ես հաւատացած եմ հետեւեալին՝ մեր ազգային-յեղափոխական երգերը մեր շարականներու երկրորդ օղակն են... Մէկ խօսքով՝ մեր շարականներն ու ազգային երգերը իրարու հետ օղակուած են, որովհետեւ մեր ժողովուրդը զոհուած է իր պատիւին, իր ազգութեան, իր լեզուին եւ իր կրօնին համար։ Իբր այդ ալ, հաւատացած եմ, որ այս երգերը երկրորդ օղակ մըն են մեր շարականներուն: Այդ երգերն են, որ մեզ կը խրախուսեն եւ մեզ հայ կը պահեն։
Ներկայիս Գանատա եմ, անշուշտ որոշած եմ քալել իմ նախնիներու ճանապարհէն... Քանի դեռ շունչ կայ թոքերուս մէջ եւ արիւն՝ երակներուս մէջ, ես սիրայօժար կերպով ու մեծ ապրումով պիտի երգեմ մեր սրբազան երգերը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 02/08/2025
- 02/08/2025