ԱՆՈՅՇ ՊՕՂՈՍԵԱՆԻՆ ԿՐԹԱԹՈՇԱԿ
Հայազգի քլարինեթահար Անոյշ Պօղոսեան արժանացած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահական կրթաթոշակի։ Այսպէս, ամերիկաբնակ քլարինեթահար Անոյշ Պօղոսեան արժանացած է ԱՄՆ-ի նախագահական կրթաթոշակի «U.S. Presidential Scholars» արուեստի բնագաւառին մէջ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ «U.S. Presidential Scholars in the Arts» կրթաթոշակը 17-ամեայ Անոյշ Պօղոսեանին տրուած է՝ հաշուի առնելով անոր ակադեմական գիտելիքները, յառաջդիմութիւնը, արուեստական տաղանդը, նուագելու հմտութիւնները եւ բազմաթիւ այլ որակներ:
«U.S. Presidential Scholars»ը կը շնորհուի աւագ դպրոցի այն աշակերտներուն, որոնք գերազանց յառաջդիմութիւն ունին:
1964 թուականէն սկսեալ կրթաթոշակին կ՚արժանանան զանազան ոլորտներու մէջ ինքզինքնին լաւագոյնս դրսեւորած երիտասարդները: Սկիզբին այն շնորհուած է միայն գիտական բնագաւառի ներկայացուցիչներուն, իսկ 1979 թուականին ընդլայնուած է ու յանձնուած՝ արուեստի ոլորտին մէջ ձեռքբերումներ ունեցած շնորհալի երիտասարդներուն:
Պատահական չէ, որ Անոյշ Պօղոսեան տաղանդաւոր երաժիշտ է: Անոր ծնողները, քոյրն ու եղբայրը նոյնպէս երաժիշտներ են: Անոնց հետ Անոյշ հանդէս կու գայ զանազան բեմերու վրայ։ Անոյշը նախ ջութակ կը նուագէր, բայց յետոյ ընտրած է քլարինեթը:
Անոյշ Պօղոսեան այն շնորհալի երաժիշտներէն է, որ հնարաւորութիւն ունեցած է աշխատիլ աշխարհահռչակ քլարինեթահար Մայքըլ Զուքովսքիի, Ռիչըրտ Մորալեսի, Պորիս Ալլահվերտեանի եւ այլոց հետ: Հիւրաելոյթներով հանդէս եկած է ինչպէս ԱՄՆ-ի, այնպէս ալ՝ Եւրոպայի մէջ: