ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ TWITTER-Ի ՎՐԱՅ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ ԿԱՏԱՐԵՑ ԱՄՆ-Ի ՎԻՃԱԿԻՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Twitter-ի վրայ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ։ Հարկ է նշել, որ ԱՄՆ-ի մէջ քանի մը օր առաջ պատահեցաւ զգայացունց դէպք մը։ Սեւամորթ քաղաքացի մը ոստիկանի մը կողմէ եղաւ խեղդամահ։ Ամբողջ երկրէն ներս հակազդեցութեան համատարած ալիք մը ստեղծուեցաւ։ Հազարաւորներ բողոքի ցոյցերու ժամանակ ձայն բարձրացուցին այս տմարդի դէպքին դէմ։ Ցոյցերու ժամանակ պատահեցան նաեւ բռնութիւններ, հրկիզումներ եւ այլ ծայրայեղութիւններ, որոնք սանձել կը փորձէ նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչախումբը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս բոլորին կապակցութեամբ Twitter-ի իր էջին վրայ գրած է հետեւեալը.
«ԱՄՆ կ՚այրի, կը ճաթռտին անոր հիմքերը։ Սա կը նշանակէ, որ երկրի մը անվտանգութեան համար հաւասար իրաւունքները եւ իրաւունքը շատ աւելի կարեւոր նշանակութիւն ունին՝ քան բոլոր հիւլէական զէնքերն ու բանակները, վիթխարի տնտեսութիւնները եւ սիւփեր փորձագիտութիւնները»։