ՆՈՒԷՐ՝ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒՆ

Աշխարհահռչակ թաւջութակահար Նարեկ Հախնազարեան առցանց հարթակի վրայ համայն երեխաներուն նուիրեց Չայքովսքիի երկերէն մին։ Աշխարհի բոլոր մանուկներուն ձօնուած էր իր կողմէ մեկնաբանուած Չայքովսքիի ստեղծագործութիւնը եւ այդ մէկը հրապարակուեցաւ Հախնազարեանի Դիմագիրքի պաշտօնական էջին վրայ։ Ան այս քայլը առաւ Երեխաներու պաշտպանութեան միջազգային օրուան առթիւ։

«Հայաստանի, Ռուսաստանի, Եւրոպայի, ԱՄՆ-ի, Ափրիկէի, Աւստրալիոյ, մէկ խօսքով՝ ամբողջ աշխարհի երեխաներ կը շնորհաւորեմ ձեր տօնը։ Կը փափաքիմ, որ ըլլաք առողջ, իմաստուն եւ ապրիք խաղաղ երկինքի տակ։ Համոզուած եմ, թէ այս պարագային կրնաք ինքնուրոյն հասնիլ ձեր բոլոր նպատակներուն», նշեց այս առթիւ Հախնազարեան եւ յիշեցուց, որ այս տարի Չայքովսքիի յոբելեանն է, ուստի կը կատարէ անոր ստեղծագործութիւններէն մին։

Հինգշաբթի, Յունիս 4, 2020